Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱԳՈՅՆԸ
Երեւանի «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկը նախընթաց օր ուշադրութեան արժանացաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, պանդոկին խոհարարները պատրաստեցին վիեննական հսկայ շթրուտէլ մը։ Յայտարարուեցաւ, թէ այս մէկը Կովկասի մէջ պատրաստուած ամենաերկար շթրուտէլն էր։ Պանդոկին առջեւը գտնուող բացօթեայ սրճարանի ամբողջ շրջակայքին զետեղուած էր այս աւստրիական դասական խնձորով համեղ քաղցրաւենիքը։ Պանդոկի խոհարարները եւ մատուցողները այս հսկայ շթրուտէլը շերտ առ շերտ հրամցուցին անցորդներուն, որոնք փոքրիկ հերթ մը կազմեցին համտեսելու համար շթրուտէլը։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015