ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Էնվէր Կարկաշի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին շուրջ։ Ռուբէն Ռուբինեան զրուցակցին ներկայացուց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։

Կողմերը կարեւորեցին բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութեան խորացումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024