ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։ Անոնք հաստատեցին, որ այդ համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ եւ հաստատութենական հիմքերու վրայ դրուած է, ուստի պիտի զարգացուի հետեւողականութեամբ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոմիութիւնը յարաբերութիւնները զարգացնէ Հայաստանի հետ։ Իր խօսքով՝ Փարիզ հաւատարիմ կը մնայ Երեւանին եւ ան իրաւունք ունի աջակցութիւն ստանալու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024