ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի 8-րդ նախարարական հանդիպումը, որու մասնակիցները այցելեցին նաեւ Մատենադարան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովին նախագահեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Յունաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Փերուէն, Իտալիայէն, Չինաստանէն եւ Պոլիվիայէն մասնակիցներ ներկայ գտնուեցան հաւաքին։

Արարատ Միրզոյեան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման կամ իւրացման կտրուկ աճը պայմանաւորուած է՝ պատմութիւնը որպէս գործիք օգտագործելու հանգամանքով ու կեղծ խօսոյթներով։ «Մշակութային բազմազանութիւնը դնելով երկխօսութեան կեդրոնին՝ մենք ո՛չ միայն կ՚ընդունինք հնագոյն քաղաքակրթութիւններու խորազդեցութիւնը ժամանակակից համաշխարհային մշակութային պատկերի ձեւաւորման վրայ, այլեւ կը բացայայտենք, թէ ինչպէս անոնց ժառանգութիւնը կրնայ մեզ ուղղել դէպի խաղաղութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ ըմբռնում, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով այլ մշակոյթներն ու բազմազանութիւնը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Բաց աստի, նախարարը աւելցուց. «Աշխարհ կը բախուի անվտանգութեան շարունակական սպառնալիքներու, հակամարտութիւններու վերսկսման, ինչ որ կը զուգորդուի մարդկային ահռելի տառապանքով, ինքնութեան վրայ հիմնուած ատելութեամբ ու մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման կամ իւրացման կտրուկ աճով»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024