ՇԱՏ ՏՈԿՄԱԹԻՔ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ առաջարկներուն։ Անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին Ատրպէյճանէն յաճախակիօրէն հնչած յայտարարութիւններուն՝ Մհեր Գրիգորեան ըսաւ. «Բազմիցս կրկնած ենք, որ կան կարմիր գիծեր, որոնց հատուիլը ուղղակի անհնար է։ Ես նոյնիսկ չեմ ուզեր քննարկել ու մեկնաբանել այդ մէկը։ Նման բան պիտի չըլլայ։ Մենք շարունակաբար կը կրկնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը փափաքի ու պատրաստ է ապաշրջափակման շատ պարզ, բայց շատ տոկմաթիք կանոններու՝ ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ»։
Բաց աստի, փոխ-վարչապետը նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը կ՚ընթանայ ու մօտակայ ժամանակներուն համապատասխան յանձնաժողովներու հանդիպում տեղի կրնայ ունենալ։