ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթին, որ այցելեց Անգարա։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակումերը։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին է եւ այդ երկրի կայունութիւնը կը նկատուի տարածաշրջանի կայունութիւնը։
«Սուրիոյ մէջ այլեւս նոր շրջան մը սկսած է։ Մենք համակարծիք ենք, թէ միասնաբար պէտք է վարուինք՝ որպէս Սուրիոյ երկու կարեւոր հարեւանը», ըսաւ Էրտողան։ Բաց աստի, նախագահը ընդգծեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միաւորական դրուածքի պահպանման ուղղութեամբ Թուրքիա երբեք պիտի չզիջի։ Թուրքիա ամէն նպաստ պիտի բերէ Սուրիոյ ժողովուրդին համար։ Իր խօսքով՝ այժմ նուրբ շրջան մըն է եւ անհրաժեշտ է միասնականութեան մէջ վարուիլ փոխադարձ համաձայութեամբ։ Այս գործընթացին յաջողութեամբ պսակուելուն համար անհրաժեշտ է միջազգային հաւաքականութեան ամուր զօրակցութիւնը։
Բաց աստի, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Սուրիոյ իրադրութիւնը քննարկեց նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Ան ողջունեց Սուրիայէ ներս Ֆրանսայի դեսպանութեան վերաբացման որոշումը։ Ըստ Էլիզէի պալատի աղբիւրներուն՝ Մաքրոն նշեց, որ մանաւանդ Եւրոպայի ցամաքամասի ռազմավարական անկախութեան խնդրին շուրջ Փարիզ պատրաստակամ է Անգարայի հետ դրական օրակարգ մը ձեւաւորելու։
Միւս կողմէ, Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Եգիպտոս՝ ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի։ Ան կը մասնակցի Պաղեստինի եւ Լիբանանի վերաբերեալ յատուկ նիստի մը։ Հաքան Ֆիտան, որ արդէն մեկնած է Գահիրէ, տեսակցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետիր Ապտիւլաթիի հետ։
Նախօրէին Հաքան Ֆիտան խօսած էր նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալընի՝ դեկտեմբերի 12-ին Դամասկոս կատարած այցելութեան շուրջ։ Նախարարը նշեց, որ Քալընի այցելութեան նախորդած են խորհրդակցութիւններ թէ՛ տարածաշրջանի եւ թէ Արեւմուտքի երկիրներուն հետ։ Ան այս ամբողջին մէջ մատնանշած է, որ Իսրայէլ չէ նախընտրած Պեշար Էսատի գահընկէց ըլլալը։ Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն հետ Իպրահիմ Քալըն խօսած է, որ թէ՛ տարածաշրջանի եւ թէ աշխարհի միւս երկիրներուն հետ ինչպէ՞ս հաղորդակցութեան մէջ պիտի անցնին։ Ան ընդգծած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները այս նոր շրջանին պէտք չէ օգտուին Դամասկոսէն։ Մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններու նկատմամբ Թուրքիա կ՚ակնկալէ դրական վերաբերմունք։ Անգարայի սպասումն է նաեւ ներառական կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։ Ֆիտանի խօսքով՝ թրքական կողմը օրակարգի վրայ բերած է այս նիւթերը, նաեւ վերահասու դարձած՝ Դամասկոսի մօտեցումներուն։