ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔ

Ազգային Մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ նախընթաց օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան։ Այս առթիւ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիա Զանգեզուրի միջանցքի նախագծի շուտափոյթ իրականացման յոյս ունի։ Սա կարեւոր տարանձիկ կէտ մը պիտի դառնայ համաշխարհային առեւտուրին համար։ «Մենք կը շարունակենք համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին՝ այդ նախագծի շրջանակներէն ներս», ըսաւ Նուման Քուրթուլմուշ եւ աւելցուց, որ միջանցքի բացումը կը բխի ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, այլեւ՝ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն։ Քուրթուլմուշի խօսքով՝ Զանգեզուրի միջանցքը կը դառնայ համագործակցութեան եւ անվտանգութեան միջանցք ո՛չ միայն տարածաշրջանի, այլեւ՝ արտատարածաշրջանային այլ պետութիւններու համար։ «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բոլոր ջանքերը կը գործադրեն տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար», եզրափակեց ան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2024