ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը կարիքն ունի միութեան եւ զօրակցութեան։ Երէկ, նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Եգիպտոսի հիւրընկալմամբ Գահիրէի մէջ կազմակերպուած Զարգացող ութ երկրի կազմակերպութեան (D-8) 11-րդ գագաթաժողովին։ Ան դիմաւորուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Պաղեստինի եւ Լիբանանի կացութեան վերաբերեալ մասնաւոր նիստ մըն ալ նախատեսուած էր այս գագաթաժողովի ծրագրին վրայ։ Իր ելոյթին մէջ նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա կը ջանայ նպաստել Սուրիոյ մէջ կայունութեան ապահովման։ «Ամէն առթիւ կը շեշտենք՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու միութեան վերահաստատման նկատմամբ մեր ցուցաբերած կարեւորութիւնը։ Մեր ամենաանկեղծ սպասումն է՝ կառուցել այնպիսի Սուրիա մը, ուր բոլոր կրօնական, դաւանական կամ ազգային խումբերը համակեցութեան մէջ պիտի ապրին՝ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած ձեւով», ըսաւ ան։
Գահիրէի մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ տարածաշրջանէ եւ աշխարհէ ներս կարեւոր դէպքեր կը պատահին։ «Սուրիոյ վերջին շրջանի իրադարձութիւններուն ալ շատ մօտէն կը հետեւիմ՝ Սուրիոյ ժողովուրդի շահերու առաջնահերթութեան հետամուտ։ Սուրիոյ ժողովուրդը կարիքն ունի միութեան, զօրակցութեան, համաձայնութեան եւ իր պատերազմէ յոգնած երկրի վերականգնման», ըսաւ Էրտողան։
Գահիրէի ելոյթին ժամանակ Էրտողան նշեց, որ աշխարհի վրայ կ՚աճին հակամարտութիւնները, տագնապներն ու պատերազմները եւ դժբախտաբար, այս բոլորին դիմաց չեն կրնար իրենց պատասխանատուութիւններուն հաւատարիմ մնալ այն կառոյցները, որոնք հետամուտ են համաշխարհային անվտանգութեան ու կայունութեան։ Այժմու փուլին կը ցնցուի ո՛չ միայն քաղաքական համակարգը, այլեւ՝ տնտեսական կարգը, որու հիմքերը դրուած են Բ. աշխարհամարտէն վերջ։