ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու շրջանին այցելեցին Պէյօղլուի կարգ մը սրբավայրերը։ Այսպէս, իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, տղաքը նախ ծանօթացան Սեն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցիին, ուր տեսան համապատասխան դաւանանքի աւանդութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած մսուրը։ Աւելի վերջ տղաքը առաջնորդուեցան Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր ընդունուեցան Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի կողմէ։
Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան մասին։ Աւելի վերջ ան աշակերտներուն մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ մօտալուտ Սուրբ Ծննդեան տօնի իմաստին ու խորհուրդին շուրջ։ Եկեղեցւոյ շրջափակի՝ երանաշնորհ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի շիրիմին մասին ալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան աշակարտներուն՝ մանաւանդ, որ ան դարձած է համայնքի կարեւոր ուխտավայրերէն մին։
Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մօտալուտ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ օրհնութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն։