ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՎԱԽԸ

Երէկուան մեր գրութեամբ խօսեցանք վախի դրական ազդեցութիւններուն մասին, սակայն ինչպէս գիտենք, վախ բառը ինքնին բացասական զգացում մը կու տայ մարդուն. վախի դրական ազդեցութիւնները կ՚օգնեն մարդու կազմաւորման անոր մէջ աւելի ինքնավստահ մարդ մը ստեղծել կը փորձեն, սակայն, բացասականները դրականէն ամբողջութեամբ տարբեր կը կործանեն մարդը. առաջին բացասական ազդեցութիւնը, որ վախը կրնայ փոխանցել լարուածութիւնն ու անհանգիստ հոգեկան վիճակն է. հոգեվիճակ, որ մարդուն մօտ կ՚աւելցնէ յոգնածութիւնը, կը խանգարէ քունը եւ մարդը կը պահէ միշտ մտահոգ վիճակի մէջ: Այդ հոգեկան վիճակը ինքնաբերաբար մարդուն մօտ կը ստեղծէ հիւանդի հոգեբանութիւն մը եւ մարդուն խաղաղն ու անդորրը կը խանգարէ: Նման հոգեվիճակ մը ժամանակի ընթացքին մարդէն կը խլէ ուրախութեան զգացումը ու պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ ինքզինք միշտ դժբախտ ու տխուր զգայ: Վախը մարդէն կը խլէ բաւարարուածութեան զգացումը եւ մարդ միշտ պակաս մը կը զգայ եւ չի՛ կրնար ինքզինք երջանիկ զգալ:

Այս բոլորը կը պատահին այն պատճառով, որ մարդ չի՛ կրնար առողջ ձեւով մտածել, երբ վախի ազդեցութեան տակ է։ Նման հոգեվիճակի մէջ մարդուն համար որոշում կայացնելը կը դժուարանայ եւ մարդը չի կրնար յստակ ձեւով զանազանել կարեւորը անկարեւորէն. մարդուն միտքը դուրս գալով խաղաղ միջավայրէ, կը սկսի հաւանական պատահարներու շուրջ մտածել եւ տեղի չունեցող դէպք մը միտքին մէջ ստեղծելով անոր մտահոգութեան տակ մտնել:

Վախի բացասական ազդեցութիւններէն մէկը այն է, որ մարդ կ՚ուզէ իրականութենէն կտրուիլ ու հեռանալ. կ՚ուզէ հեռու ըլլալ մարդոցմէ եւ հնարաւոր եղածին չափ կ'ուզէ խուսափիլ իրականութենէն: Յաճախ կը տեսնենք, որ վախի ազդեցութեան տակ գտնուող մարդիկ խիստ վերաբերմունք կ՚ունենան իրենց սիրելիներուն եւ իրենց շուրջ գտնուողներուն հանդէպ: Վախի մէկ անպաշտօն հոմանիշն է մինակութիւնը. վախը անձնական զգացում է եւ մարդ իր հոգիին ու միտքին մէջ այդ մէկը առանձին կ՚ապրի եւ այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ իր վախերուն կողքին մինակութիւն զգայ նաեւ իր անձնական կեանքին մէջ, որու հետեւանքով կը վիրաւորուի նաեւ վստահելու կարողութիւնը եւ կը սկսի ամէն բան որպէս վտանգ տեսնել ու վախնալ:

Վախի բացասական կէտերէն մէկը մարդը իր նպատակներէն հեռու պահելն է. վախի ազդեցութեան տակ մարդուն մէջ կը մեռնին նաեւ անոր ունակութիւնները եւ զինք հեռու կը պահեն կեանքէն. յաջողութիւնը հնարաւորութիւնները լաւապէս ճանչնալու մէջ կը կայանայ, սակայն, վախը այդ հնարաւորութիւններուն մէջ դրականը տեսնելու փոխարէն միշտ բացասականը առաջնահերթ ընելով պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ աւելի ապահով ըլլալու եւ զգալու համար հեռու մնայ ամէն տեսակի գործունէութենէ եւ պատրաստակամութենէ:

Վերջապէս այս բոլորը մարդուն մօտ կը ստեղծեն խանդավառութեան պակաս եւ կեանքը կը սկսի թուիլ անիմաստ: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ, որ մարդ կ՚ունենայ ժամանակաւոր եւ մնայուն վախեր. անոնց ազդեցութիւնը կ՚ըլլայ տարբեր, սակայն, մնայունները կրնան խոր ազդեցութիւն գործել մարդուն վրայ, մինչեւ կ՚ազդեն անոր կեանքի որոշումներուն վրայ:

Օրինակը տանք այսպէս. անձ մը մէկ անգամ շունէ կը վախնայ. այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան ամբողջ կեանք մը շուներու հանդէպ վախ ունենայ եւ երբեք չկարենայ մօտենալ անոնց՝ որքան ալ ընկերային կամ բարի ըլլալ թուին. այս մէկը օրինակներէն ամենէն պարզն է: Օրինակը տանք հետեւեալ ձեւով. անձ մը կը սիրահարի եւ այդ սիրահարութիւնը իր կեանքին վրայ խոր վէրքեր կը թողու. դաւաճանութիւն, յուսախաբութիւն ու յուսալքութիւն։ Նման անձ մը դժուար դարձեալ «սիրահարելու» մասին խորհի եւ կամ ուզէ սիրահարիլ. այս բոլորը վախին հետեւանքներն են. նման վախեր մարդուն մօտ կը ստեղծեն կրկնողութեան համոզումը. մարդ կը համոզուի, որ այդ բոլորը որ իրեն վախ կը պատճառեն, կրնան միշտ ու միշտ կրկնուիլ եւ հետեւաբար կ՚ուզէ զգօն վիճակ մը ունենալ այդ բոլորին դէմ դնելու համար:

Տակաւին աւելի առաջ երթալով կ՚ըսենք, որ կան վախեր, որոնք մինչեւ իսկ մարդու ուղեղի առողջութիւնը կը կործանեն։ Աշխարհը այսօր լեցուն է հիւանդներով, որոնք վախի պատճառով ունեցած են այս կամ այն ախտը եւ կամ հոգեկան անառողջ վիճակը. շատերու մօտ այդ մէկը կրնայ աւելի թեթեւ ըլլալ. օրինակի համար, կը տեսնենք, թէ մէկը իր խօսակցութեան ժամանակ յստակ խօսելու փոխարէն կը թոթովէ եւ պատճառը կրնայ անակնկալ վախ մը ըլլալ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով կը հաւատանք, որ մեր կրթական ծրագիրն մէկ մասը պէտք է դառնայ նաեւ վախի գիտակցութիւնը. մարդկային կեանքի մէջ կան բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք մէկուն համար պարզ ու անվտանգ, սակայն ուրիշին համար վտանգաւոր կը թուի. այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր կը նկատենք վերլուծելու ունակութիւնը։ Դպրոցներուն մէջ պէտք է մարդկային ամէն ապրում ու երեւոյթ վերլուծութեան առարկայ դառնայ եւ այսօրուան պատանին լաւագոյնս հասկնայ իւրաքանչիւր ապրում՝ որ կրնայ ունենալ ապագային:

•շար. 3 եւ վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս վերջ տալ վախին:

Պատասխան. Վախը վերացնելու լաւագոյն ձեւը այդ վախը հասկնալն է: Վախը յաճախ յառաջ կու գայ անորոշութենէն: Յաղթահարելու համար վախէն հեռու մնալու փոխարէն պէտք է դիմագրաւել եւ ուղղակիօրէն մօտենալ վախին, այդ վախը մաս առ մաս կառավարելի դարձնելով: Այս մէկը կը զարգացնէ ինքնագիտակցութիւնը եւ մարդուն մէջ կը ստեղծէ քաջութիւն՝ մօտենալու եւ լուծելու մեր եւ մեր վախին միջեւ եղած խնդիրը: Պէտք է առանձնացնել վախը իրականութենէն եւ մօտենալ անոր, որովհետեւ վախի մը կրկնութիւնը կրնայ կամաց-կամաց նուազեցնել անոր վախի ազդեցութիւնը եւ հետեւաբար մօտենալով լուծումի կարելի է հասնիլ եւ ո՛չ հեռու մնալով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2024