ԷՍԱՏԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱՆ (2)
Էսատի Սուրիան, հաւանաբար, բոլոր սուրիացիներուն համար բռնակալ դառնալէ առաջ տեղ մըն ալ համոզումի վերածումով տիպային ու ներկայացուցչական էր այնպէս, ինչպէս բոլոր արաբական երկիրներու ղեկավարութեան շուքերուն ներքեւի երկիրները: Քաղաքացիական հասարակութեան ու հաստատութիւններու բացակայութեամբ՝ արաբական երկիրները յանգեցան ձախողութեան ու նման արդիւնքի։ Ղեկավարի միահեծան կերպարը միաձուլուեցաւ սուրիականութեան հետ իր ամէն ինչով եւ այդ մէկը եղաւ նոյնիսկ կենսակերպային թրծուածք: Ընկերաբանութիւնը ունի իր քաղաքական ենթապատկանելիութիւնը եւ հաստատուն քաղաքական, տնտեսական, օրէնսդրական մշակութաբական հէնքի վրայ չհիմնուած պետութիւնները՝ յարաբերաբար կախեալ կ՚ըլլան բռնատէրի մը անձնաւորութենէն: Պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ անձ-պետութեան վրայ ստեղծը-ւած թագաւորութիւններու, որոնք ապա վերածուած են ձեւաւորուած պետական միաւորներու։ Բայց եւ այնպէս, 21-րդ դարու բաց ու գերմրցունակ աշխարհին մէջ, երբ կը մէկտեղուին բռնատիրականն ու կրօնական ենթահողերը, բնականաբար, զարգացում ու անվրէպ յարատեւութիւն չեն ապահովեր որեւէ պետութեան:
Սուրիան առաջին իսկ օրէն ունէր դաւանական ու էթնիք խնդիրներ, ուստի, ղեկավարման միակ այսպէս ըսած՝ յաջող վարչաձեւը եղած էր բռնատիրականն ու միապետականը: Հաֆըզ Էսատն ու յաջորդը՝ իր որդին Պեշար Էսատը, կեանքի ամէն մանրամասնութեան մէջ մտած էին, անոնք հարազատ էին ստիպողաբար կամ ակամայ։ Ամէն տան մէջ կային անոնց նկարները, իսկ հանրային վայրերէ ներս սիրելի համարուած բարի հսկիչներ էին։ Սուրիոյ ժողովուրդի ցածորակ զարգացման ու հաւաքական գիտակցութեան մակարդակներուն պատճառով՝ Էսատները փրկիչ էին, ինչպէս արաբական միւս երկիրներու համար իրենց ղեկավարները:
Արաբ մեծ քաղաքագէտ Հասանէյն Հայքալ ունի իւրայատուկ միտք մը, ուր կ՚ըսէ, թէ արաբական երկիրները կը ղեկավարուին կա՛մ թանքերով (այսինքն՝ բռնակալութեամբ) կամ ալ մզկիթներով (այսինքն՝ մահմետական կրօնով): Սուրիոյ պարագան տարբեր չէր: Թէեւ ինկաւ յիսուն տարուան քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, մշակութային եւ բոլոր բնագաւառները ողողած էսատականութիւնը, բայց, Սուրիոյ ժողովուրդին՝ մա՛նաւանդ փոքրամասութիւններուն՝ գլխաւորութեամբ սուրիահայութեան մօտ (քանի փոքրամասութիւնները քաղաքա-ընկերաբանական ու ընկերային իմաստով գրեթէ ազատ չեն ապրիր, աւելի փխրուն ու այսպէս ըսած՝ երկչոտ ու վիպապաշտ կ՚ըլլան, նաեւ իրենց հաւաքական բնազդային ընկալումները տարբեր) մնաց տեսակ մը անորոշ, անհասկնալի (տեղ մըն ալ կեղծ) ու յանկարծակի ուրախութեամբ ներկայացաւ Էսատի տապալումը ու նաեւ մնաց լիովին չվերծանուած: Սուրիա չունէր հաստատութենական հիմքեր, որպէսզի փարատէր անցումներն ու հեզասահութիւն տար որեւէ քաղաքական փոփոխութեան:
Սուրիոյ նման երկիրներու համար, ժամանակաշրջան մը պիտի ստեղծուին բարդոյթներ՝ ուրանալ, դրժել ու պարսաւել հոգեպէս, ընկերաբանօրէն եւ նոյնիսկ մշակութային առումով։ Այո՛, վստահաբար, ազատատենչ-ներուն ու գիտակիցներուն մօտ միշտ կար այն կողմնորոշումը, որ Էսատը բռնակալ մըն է, յանցագործ, սխալական ու անարդիւնաւէտ։ Միեւնոյն ժամանակ, երբ կեանքի թաւալումը իր անձնական ու հաւաքական իւրացուած կամ ինքնեկ դերերով կը վերածուի ապրուածութեան, ինքնին համակարգին (այս պարագային վարչակարգին) մաս ու մասնակիցի վերածելով միլիոնաւոր մարդիկը, անոնց հետ ապրելով տարիներ ու զգայնութիւններ, անհատական, հաւաքական հումքեր ալ յառաջացան։ Մեկնած այն միտքէն, որ եթէ ես կամ ու կ՚ապրիմ, ուրեմն, ժամանակս սպառած չէ, իսկ քանի կամ ու կ՚ապրիմ, ուրեմն, արդարացուած է ամէն ինչ, կամ ես-մենք կրնանք ձեւով մը արդարացնել ամէն ինչ (եթէ ոչ ներկայիս, գոնէ ապագային): Ապագան եկաւ հայերուն համար ու տապալեցաւ Էսատը, բայց հոն մնացին ուրիշ բաներ. մնաց Սուրիան հայրենիքի վերածելու հայկական կեղծ կամ անկեղծ գործունէութիւններու համադրումը էսատականութեան պատճառահետեւանքութեամբ մը, մնաց հայկականութեան ծաղկումին ու թօշման շրջագծութիւնը, մնաց Արեւելքի հայկական ըմբոշխնումը եւ անոր դառնութիւնը քաղցրութեան վերածելու պատմական առաքելութիւնը, մնաց հայկական կայացումներու սփիւռքեան հիւսքը (երազային հալէպներով), մնաց արաբականութեան համ տալն ու երկիր կառուցելը՝ համամարդկային կամ ազգայնական մղումներով:
Ես ինքզինքիս նայելով՝ կը տեսնեմ Հալէպի բերդը ու Տիգրան Մեծի չիմացուած պատմութիւնը՝ սիրելի, ազնիւ ու մարդասէր արաբներուն կողմէ... Սուրիա շատ երկար ճամբայ անցաւ ու տակաւին ունի անցնելիք, իսկ այս բաց ու համաշխարհայնացած մոլորակին մէջ անոր անուն մը, մակնիշ մը գտնելը միայն աշխարհագրութիւն ու խճանկար կը պարզէ եւ դժուար է տարբեր անունով մը կոչել զայն: Էսատի Սուրիան էր անուանումը անոր եւ ուրիշը չկար երկար ժամանակ, իսկ մեղքի զգացումը՝ մա՛նաւանդ անոնց համար, որոնք հոն ապրեցան անընդմէջ յիսուն տարի, կարելի չէ դիւրաւ յաղթահարել։ Երբ անցեալդ յանկարծ, բայց, արդարօրէն դառն կը դառնայ, անոր ըմբոշխնումն ալ տեսակ մը կը մեղսագործուի։
Այո՛, Էսատի Սուրիան երկա՜ր պիտի խանգարէ մեր անցեալը, պիտի ապաւինինք վերամբարձութեան մը եւ մեր համայնքային քաղցր համակեցութիւնը հետաքրքրականօրէն պիտի խանդավառենք, ոգեւորենք:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Երեւան