ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՍԾՏՀԿ-Ի ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) տարածաշրջանը խաղաղութեան կարիք ունի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Միրզոյեան ելոյթ մը ունեցաւ ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 49-րդ հաւաքին ժամանակ։ Հայկական նախագահութեան շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարներու խորհուրդի նիստը, որ 49-րդն էր իր նմաններու շարքին եւ այս տարի կազմակերպուեցաւ առցանց ձեւաչափով։

Ժողովական նախարարներուն խօսք ուղղելով՝ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Ան համոզուած է, թէ այս նախագիծը տարածաշրջանային համագործակցութիւնը բազմաթիւ ուղղութիւններով խթանելու ներուժ ունի։

«Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ որպէս խաղաղութեան հիմք, մեծապէս կը կարեւորէ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը եւ փոխկապակուածութեան հաւանական ընդլայնումը, տարածաշրջանային համագործակցութիւնը բազմաթիւ ուղղութիւններով խթանելու ներուժ ունի։ Սա կրնայ արդիւնաւէտօրէն կապել Արաբական ծոցը, Սեւ եւ Կասպից ծովերը՝ այսպէսով զգալիօրէն նպաստելով համաշխարհային փոխադրութեան շղթաներու մեր տարածաշրջանի համարկումը եւ հսկայական օգուտ կրնայ ապահովել մեր տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024