ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Գրեթէ ամէն մարդ ներողամտութիւնը կ՚ընդունի որպէս առաքինութիւն, վեհանձնութիւն եւ ազնուութիւն, բայց գործնականի մէջ շատեր զայն կը նկատէ նուաստ, վեհերոտ եւ անվեհանձն մարդու գործ եւ ներողամտութիւնը կը սեպէ ստորնութիւն կամ պզտիկութիւն։ Արդարեւ, ներելը, ըստ էութեան դժուար գործ է, մանաւանդ ինքնամոլ, անձնասէր, ինքն իրմով հպարտ մարդոց համար՝ որ կը կարծեն միշտ իրաւացի ըլլալ եւ անսխա՛լ։
Արդարեւ, ներողամտութիւնը կը բխի սէրէն եւ մարդասիրական ազնիւ արտայայտութիւն մըն է։ Ներելը այնքան դժուար պիտի չըլլար, եթէ մարդ կարենար մօտենալ իր նմաններու հասկացողական համակրանքով։ Եւ եթէ մարդ պահ մը խորհի իր բազմազան յանցագործութիւնները եւ սխալանքները՝ ո՛չ մէկը կը մեղադրէ, ո՛չ մէկը կը դատապարտէ եւ ներողամտութեան ոգիով կը մօտենայ ուրիշներուն՝ իր նմաններուն։
Անսխալ մարդ չկա՛յ, ոչ մէկ կասկած այս մասին, բայց կարեւորը իր սխալներուն անդրադառնալ եւ սրբագրելն է. անկումը վնասակար է այն ատեն, երբ մարդ վեր կանգնելու չի ջանար։
Յիսուս ներողամտութիւնը կը տանի մինչեւ վերջին հանգրուան՝ համբերութեամբ եւ եղբայրսիրութեան ոգիով եւ կ՚ըսէ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զայն։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի եւ ըսէ.- Կ՚ապաշխարեմ, պէտք է ներես անոր». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։
Ուստի, ներողամտութիւնը եղբայրասիրութիւն է. պէտք է յանցաւորը օգտագործել՝ օգտաբեր ըլլալու եւ կեանքի կոչել։ Արդարեւ, պատիժը հատուցում մը, փոխադարձ արարք մը չէ, այլ՝ ազդարարող եւ զղջումի հրաւիրող, անդրադարձում ստեղծող միջոց մը, միջոցառում մը։
Այսուհանդերձ, ներումը դեղահատի մը զգուշութեամբ եւ հաւասարակշռուած կերպով պէտք է կիրարկուի, ապա թէ ոչ վնասակար կ՚ըլլայ փոխանակ օգտակար ըլլալու։ Ներելու նպատակը պէտք չէ շեղի իր նպատակէն։ Եւ ինչպէս կը պատուիրէ Յիսուս, յանցաւորը նախ պէտք է յանդիմանել. (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3)։
Եւ մենք պահ մը դառնանք մեր ներքին մարդուն՝ ուր դիտենք մեր ներաշխարհը եւ անկեղծութեամբ խոստովանինք, թէ այսօր ո՜րքան պակասը եւ բացակայութիւնը կը զգանք ներողամտութեան ոգիին եւ եղբայրասիրութեան ազնիւ զգացումին։ Սիրոյ արտայայտութիւնը, մեծ մասամբ, անտարբերութեան վնասակար զգացումին տակ ճնշուած կը տկարանայ։ Մարդիկ, այսօր սիրոյ եւ կարեկցական զգացումներու նկատմամբ զգուշութեամբ կը վարուին՝ գութ, ողորմութիւն եւ խղճահարութիւն հետաքրքրականօրէն հեռու է ընդհանրապէս, անձնահաճ եւ ինքնահաւան նկարագիրը ծաւալուն է մարդոց մէջ։ Եւ այս պատճառով մարդկութիւնը կը տառապի, ցաւ կը քաշէ սիրոյ նուազումով։ Հոն՝ ուր սէրը կը պակսի, հոն մարդկութիւնը հալումաշ կ՚ըլլայ…
Ներողը՝ ներողամտութեամբ մօտեցողը տկար համարել՝ մարդկութեան հանդէպ զանցառութիւն, եւ աւելին՝ յանցագործութիւն է։
Անիմաստ, աննպատակ եւ պարապ խօսքերով ոտնակոխ կ՚ընենք ամէն ազնուութիւն, արժէք եւ վեհութիւն. չնչին գործերով եւ դատարկ խօսքերով կը զբաղինք եւ կը մոռնանք՝ զանց կ՚ընենք ամէն կենսական եւ էական արժէք։ Մանրամասնութիւններու մէջ կը կորսնցնենք կարեւորը եւ անհրաժեշտը՝ հիմնականը։ Անտառը կազմողը ծառերն են, բայց կարելի չէ ըսել, թէ ծառերը կը տեսնենք, ուրեմն կարեւոր չէ անտառը տեսնել։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Բայց ձեզի կ՚ըսեմ թէ՝ ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան». (ՄԱՏԹ. ԺԲ 36)։
Եւ երբ սէր կ՚ըսենք. ընտանիքը արդէն սիրոյ աղբերակ մըն է՝ սուրբ վայր մը եւ առտնին եկեղեցի մը։ Ընտանիքը ունի բազմաթիւ անդամներ եւ անոնց գլուխը հայր մը։ Եւ այդ «առտնին եկեղեցի»ն ալ ունի Հայր մը՝ սիրով լեցուն, հայրախնամ, ողորմած եւ գթասիրտ հայր մը՝ որ պատրաստ է ներելու այն բոլոր յանցանքները, որոնք զղջումի առարկայ կ՚ըլլան։ Ուստի, Ան ճշմարիտ հայր մըն է՝ որ գիտէ ներել, տիպար ըլլալու է այն բոլոր հայրերուն, որոնք չեն գիտեր ներել եւ հայրութիւնը կը շփոթեն խստասրտութեան, բարկացկոտութեան եւ աններողամտութեան հետ։
Մինչդեռ ճշմարիտ հայրը անձնուէր է՝ ներողամիտ եւ սիրալիր։ Բայց եսասիրութիւնը եւ անձնամոլութիւնը երբեք չի համաձայնիր «հա՛յր» ըմբռնումին եւ հայրութեան նկարագին։
Ներողամտութիւնը իրականացնել իրապէս շատ դժուար է, երբ զայն տկարութիւն նկատուի եւ ընդհանրապէս այդպէս կը համարուի դժբախտաբար։ Արդարեւ, ներուելու համար պէտք է գիտնալ ներել, ինչպէս՝ սիրուելու համար պէտք է սիրել եւ գուրգուրանք վայելելու համար պէտք է գուրգուրալ։
Հոգեւոր աչքերով դիտենք աշխարհը՝ որպէսզի հասնինք ճշմարտութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 22, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/11/2025
- 01/11/2025