ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ԴԷՊՔԵՐ
Հալէպն ու հալէպահայերը. նոր խաչմերուկի մը առջեւ…
Բարդ վիճակի մէջ են հալէպահայերը։ Բոլոր մակարդակներու վրայ հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը Պեշար Էսատի ու անկէ առաջ ալ հօրը՝ Հաֆըզ Էսատի սերտ գործակիցն էր։ Եւ իրօք մեծ թիւով ապացոյցներու պէտք չկայ հասկնալու համար այդ առերեւոյթ «օրկանիք» յարաբերութեան իրական հիմքը, խորքը։ Սուրիոյ նախկին իշխանութիւնները շատ լաւ կը տիրապետէին փոքրամասնութիւնները ափի մէջ պահելու հին-նոր խաղին, որ յատուկ չէր միայն այդ երկրին, այլեւ այդ իշխելաոճը աճած ու մարմին առած է Արեւելքի մէջ՝ իրենց ուժը հաստատած զանազան կայսրութիւններու պարագային։
Անշուշտ, մեր մտքերուն մէջ բազմաբովանդակ կերպով ամրացուած կը շարունակէ մնալ իշխելաոճը Օսմանեան կայսրութեան, ուր երկար դարերով հայութիւնը՝ որպէս փոքրամասնութիւն վայելած է որոշ իրաւունքներ ու կարգ մը պարագաներով ալ որոշ առանձնայատկութիւններ։ Երկու տարի առաջ, երբ Պոլսոյ հայութեան մասին աշխատութիւն մը կ՚ընէի, բազմաբովանդակ զրոյց մը ունեցած էի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին հետ։ Առանց տատամսելու ան կը յայտնէր, որ հայութիւնը երկար, շատ երկար համակեցութեան փորձ մը ունեցած է նախ իսլամներու, ապա Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարած սուլթաններու հետ։ Ան կը նշէր, որ հայութիւնը 1600 տարիէ ի վեր ապրած է ու կ՚ապրի իսլամներու հետ, իսկ Օսմանեան կայսրութեան առումով հայութիւնը ունի 1000 տարուան «կենսագրութիւն» մը։
Կարեւոր է, անշուշտ, որ հայութեան ստուար մասին համար սա նշանակութիւն չունի։ Մենք՝ հայերս ունինք սեսակ մը հիւանդութիւն, որ շատ հեռու չէ հաւկուրութենէ։ Կը մոռնանք ամբողջ անցեալ մը եւ կեդրոնացած ենք վերջին հարիւր տարուան դէպքերուն վրայ։ Շատեր պիտի ըսեն՝ այդ բոլորը կը մոռնանք ու մեր կեդրոնացումը վերջին մէկ դարուն վրայ է, որովհետեւ դուրս ենք, հեռու ենք մեր բնաշխարհէն, մեր միջավայրէն ու մեր օրրանէն։ Կայ այդ ցաւը, անշուշտ, բայց, տխուր է նաեւ, որ մենք մեզ հեռու կը պահենք այդ մշակոյթէն եւ օրրանէն։ Ինչպէս ուրիշներ, մենք ալ կը սոսկանք առերեսումէ, կը սարսափինք քննութեան ենթարկելէ մեր ապրածը, մեր սխալները դնելէ սեղանին վրայ ու միասին, բաց կերպով քննարկելէ այս բոլորը։
Աւելի ծանր է, որ պատմական շրջադարձերու, մեծ դէպքերու, պատերազմներու եւ տարաժամերու պարագային անցեալի ամբողջ ողբերգութիւնը, մեր ապրած ցաւը դարձեալ կը ցանկանք ագուցել ու կապել այսօրուան դէպքերուն։ Այո՛, աշխարհ «պտոյտի չէ ելած», ամէն ինչ մեր ուզածին կամ սրտին համեմատ չէ, ամէն ինչ մեր սրտով չէ, բայց, մենք կը կրկնենք հին սխալները եւ կը փափաքինք հագուիլ զոհի պատմուճանը։
Նախ, սա պատմուճանը դնենք պահարանի մը մէջ, վրան գոցենք եօթ կղպանքներով ու յետոյ մտածենք, թէ ի վերջոյ մենք մեր օրրանը, մեր բնական աւազանը կը սիրե՞նք կամ ոչ։
Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր Հալէպի մէջ, մեծ հարցումներու, հարցադրումներու դուռ մը կը բանայ մեր առջեւ։ Արդարեւ, տասն եւ աւելի տարիներու պատերազմի ընթացքին մենք չենք կարողացած ճի՛շդ կողմորոշուիլ, ճի՛շդ ընկալել ու ճի՛շդ հասկնալ ընթացքները։
Գրաւը դրած ենք Պեշար Էսատի ու անոր փտտած վարչակազմին վրայ ու մոռցած, մէկ կողմ նետած՝ այն վառ փաստը, թէ այդ իշխանաւորը (այսօր արդէն նոր անունով՝ բռնատէր) մեծ տառապանքներու, կոտտանքներու եւ տանջանքներու ենթարկած է իր իսկ ժողովուրդը… Ու այս պարագան մենք նեղ ու կլոր ակնոցներով դիտելով՝ համարած ենք բնական ընթացք մը ու յաճախ ալ մէջտեղ նետած արաբական այն բիրտ ասացուածքը, ըստ որու՝ ձիթապտուղը պէտք է միշտ ճզմուի։ Ի հարկէ, մէկդի դրած ենք, որ արաբ ժողովուրդը նախ եւ առաջ ձիթապտուղ չէ, բացառիկ ձիթաիւղ արտադրող է, բայց, ձիթապտուղ չէ։ Սա ըրած ենք յագուրդ տալով այն մօտեցումին, ըստ որու՝ հայր ու որդի Էսատները շատ ճիշդ ըրած են ոճիրներ գործելով սիւննի մեծամասնութեան դէմ՝ զայն լռեցնելու նպատակով։ Հալածանք, բռնադատում եւ սպանութիւն… Մենք, ինչպէս Սուրիոյ միւս համայնքները, մոռցած ենք ու անտեսած՝ հաւատալով, թէ պատմութեան այդ սեւ էջը վաղուց փակուած է։ Որեւէ առիթով հաշուի չենք առած, թէ Սուրիոյ դէպքերը պիտի չմոռցուին եւ արեւոտ օր մը դարձեալ երեւան պիտի գայ ամէն ինչ։
Այժմու դէպքերը, անշուշտ, արժանի են աւելի լայն քննարկումի, սակայն, էականը այսօր «հայկական Հալէպ» դրուածքը պահելն է։ Ամէն կերպ պէտք է օգնել հալէպահայերուն, բռնել անոնց ձեռքը, օգնութիւն ուղարկել, խօսիլ անոնց մասին, դիւանագիտական աշխատանք տանիլ, որպէսզի երաշխաւորուի անոնց անվտանգութիւնը ու ամենակարեւորը՝ վախը, որ այսօր շրջան կ՚ընէ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ՝ Սուլէյմանիյէէն մինչեւ «Նոր գիւղ» ընդհանրապէս վերանայ։
Ի վերջոյ, պիտի գա՞յ այն օրը, երբ մենք իրապէս սիրենք մեր օճախը, մեր օրրանն ու մեր մշակոյթը կամ դարձեալ հեռուները երթալով, դէպի հեռուները ճամբորդելով՝ պիտի շարունակե՞նք ապիկար գրութիւններով լեցնել մեր ածուին առօրեան՝ սփռելով վախ ու ըսելով, որ Հալէպն ու Պէյրութը արդէն վերջացան…
Դարակազմիկ դէպքեր են պատահածները ու մենք իսկապէս կանգնած ենք բաւական նոր, բաւական մեծ հարցումերով առլցուն խաչմերուկի մը վրայ, ուր ամենէն աւելի ու ամենէն շատ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքն է։ Կը մնա՞նք արդեօք այդ ճակատագրին տէրը կամ հերթական անգամ կը լքենք ու կը հեռանանք…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան