ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Կը խորհիմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ»: Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Եթէ կը մոռնաք դուք ձեզ եւ կը մտածէք, որ տեսանելիութիւնն ու ներառականութիւնը գոյութիւն կը նշանակեն եւ կը շարունակէք ձեր կեանքը, ապա դուք ի՞նչ էք՝ եթէ ոչ պատկեր մը միայն։

Երբեմն կը մտածէի, որ շատ բարդ գաղափարներ ունիմ եւ չեմ կրնար արտայայտուիլ մարդոց առջեւ։ Անդրադարձայ, թէ երբ կը փորձէի խօսիլ մարդոց հետ՝ անընդհատ ցոյց տալով իմ ներկայութիւնը։ Ասոր փոխարէն սկսայ միայն արտայայտել խօսելու արժանի բառերը։ Հասկցայ, որ որքան առանձին էի ինքս ինձ հետ, երբեմն կը նուազեցնէի ինքզինքս ուրիշներուն ապացուցելու ջանքերս։ Միւս կողմէ, երբ կը զրուցէի ուրիշներու հետ եւ կը ներքաշուէի անոնց ներաշխարհի մէջ, տեսայ, որ իւրաքանչիւրը ենթակայական խորութիւն եւ ազդեցութիւն ունի։ Սա կը նշանակէր, որ ո՛չ ոք իրականութեան մէջ մակերեսային է, ոչ ոք կը տարբերի իրարմէ՝ ես նոյնպէս:

Ի հարկէ, իւրաքանչիւր մարդ կը փափաքի, որ խնամուին, սիրուին եւ ընդունուին։ Որպէս մարդկային բնոյթ՝ բոլորս կ՚ուզենք այս բաները: Մի գուցէ այս յոյզերու ներդորումով մենք կը զգանք սէր։

Մենք բազում դերեր կը ստանձնենք, որովհետեւ կ՚ուզենք, որ մեզ սիրեն եւ ընդունին։ Մեր ամենագեղեցիկ հագուստները կը հագուինք եւ ընկերային ցանցերու մէջ կ՚արձակենք լուսանկարներ, որպէսզի մարդիկ «հաւնին» մեզ: Նոյնիսկ երբ ներկայացնենք մեր գաղափարները, զանոնք կը ձեւաւորենք ըստ մարդոց, որպէսզի «մարդոցմէ ստանանք հաւանութիւն եւ մեզ ընդունին»։

Որպէսզի մեր ուղեղը տոփամին արտադրէ, պէտք է ուրախ իրադարձութիւն մը ապրինք։ Որոշ մարդիկ կ՚ուրախանան սիրուելու եւ հաւանութիւն ստանալու ցանկութեան իրականացմամբ։ Բայց միջոց մը յետոյ այդ «ուրախութիւնը» կը դառնայ կախուածութիւն։ Երբ մէկը մեծ յաջողութիւններու հասած է համակարգչային խաղի մը մէջ, որ ձեզ չի հետաքրքրեր, ան կրնայ փորձել ստիպել ձեզ ընդունիլ եւ հաւնիլ այդ խաղը։ Այս յաջողութիւնը, որ ձեզի համար ոչինչ է, իրականութեան մէջ տոփամինի հսկայ օճախ մըն է անոր համար։ Ան թէեւ կրնայ այլ տեղ մը լաւ դիրք ունենալ, սակայն, կը փորձէ ձեզ ինքզինք հաստատել ու ապացուցել այս դիրքով, միշտ կը խօսի խաղի մէջ իր յաջողութիւններու մասին։ Եթէ հաւանութիւն տաք իրեն, ան կրնայ աշխարհի ամենաուրախ անձը դառնալ։

Ի հարկէ, մարդիկ պէտք է պարծենան յաջողութեամբ։ Բայց իմ կարծիքով, այս յաջողութեամբ պարծենալը միայն անգամ մը կ՚ըլլայ։ Նման մարդիկ հազարաւոր անգամ կը փորձեն նոյն յաջողութիւնը «վաճառել» դիմացինին։ Սա կը հասնի ձանձրալի կէտի մը։ Բնականաբար, կը սկսիս հեռանալ այդ մարդոցմէ։

Ամենավատը այն մարդիկ են, որոնք կը փորձեն իրենց նիւթական ունեցուածքով ընդունելութիւն ձեռք բերել: Հազարաւոր դրամ կը ծախսեն իրի մը համար ու կը պարծենան այդ մէկով։ Դրամ ծախսելով կը փորձեն տոփամին արտադրել։ Որքան շատ կը ծախսեն, այնքան աւելի շատ տոփամին կ՚արտադրեն: Եւ արդիւնքին կը յառաջանայ առուտուրի կախուածութիւն։

Անոնք, իրօք, հասկցած են, որ իրենց շրջապատին այլեւս ոչ ոք կայ, ուստի փորձած են յայտնուիլ յաճախ ընկերային ցանցերու մէջ։ Անոնք կ՚երթան վայրեր եւ իրենց էջերուն վրայ կը տեղադրեն լուսանկարներ՝ մարդոցմէ հաւանութիւնը ստանալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու համար։ Այնքան, որ անոնք կը փորձեն կրկնօրինակել իսկապէս երջանիկ մարդիկ եւ իրենց կեանքը կը ջանան յարմարեցնել ըստ այդմ։ Լուսանկարուելու ժամանակ, հաւանաբար, անոնցմէ շատեր հարիւրաւոր ձեւ կը փորձեն՝ աւելի երջանիկ երեւելու նպատակով։ Բայց, քուլիսներու ետին անոնք հիմնականին մէջ կը հետեւին հաւանումներուն, մեկնաբանութիւններուն եւ որքան շատ դրական արձագանգ ստանան, իրենց մարմնին մէջ տոփամինի մակարդակը այնքան կը շատնայ։ Եզրակացութի՞ւն։ Ընկերային ցանցերու կախուածութիւն։ Եթէ հաւանումները չեն աւելնար, անոնք նոյնիսկ կը դիմեն կեղծ հետեւորդ գնելու համակարգերուն։

Այն ինչ որ կ՚ընենք, պէտք է ընենք նախ մենք մեզի համար։ Գնահատանքը մեզ ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնէ, երբ յաջող ենք, ոչ մէկու հաւանութեան կարիքը կը զգանք։ Սիրուած ըլլալը, ուշադրութիւնը, գնահատանքը եւ հաւանութիւն ստանալը մեզ միայն կարճ ժամանակով կը մխիթարեն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024