ՖԻՏԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնք այս շրջանին կը պայմանաւորեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ընթացքը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ արդէն բարձր մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու առաջնորդ Ահմէտ Շարայի հետ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ներկայ եղան արտաքին գործոց փոխ-նախարար Նուհ Եըլմազ, Դամասկոսի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Պուրհան Քէօրօղլու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Էսատ Հասան Սէյպա։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024