ՄԱՀ՝ ՍԻՒԶԱՆ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքը կը սգայ կորուստը Սիւզան Հատտէճեանի, որ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի մէջ կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Սիւզան Հատտէճեան մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն էր, կողակիցը՝ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի։ Ան տասնամեակներ շարունակ հաճելի ներկայութիւն եղած էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Սիւզան Հատտէճեանի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք Հատտէճեան ընտանիքին, նաեւ «Մարմարա» օրաթերթի ամբողջ անձնակազմին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024