ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՈԳԵՒՈՐ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուած էր տօնական մթնոլորտ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները հովանաւորուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Եշիլգիւղի ընտանիքը երէկ համախմբուած էր՝ տարեկան սիրոյ սեղանի առթիւ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երեմեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աբրահամեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Տեմիրի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր այս փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլուն ալ պատուոյ սեղանին շուրջ էր։ Բազմաթիւ բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին սիրոյ սեղանին, որու ընթացքին տօնական տրամադրութիւնը զգալի էր՝ մանաւանդ մօտալուտ Ամանորին ընդառաջ։
Յայտագրին գործադրութիւնը սկսաւ Գարին Աքալի ողջոյնի խօսքով։ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Արա Էրօլ Չընար մանրամասն ելոյթ մը ունեցաւ՝ առաջնահերթօրէն անդրադառնալով եկեղեցապատկան ծանօթ երեք կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի կամ արժեւորման ճանապարհին գործադրուած ջանքերուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ այդ երեք կալուածներն են՝ եկեղեցւոյ մօտակայքի երբեմնի բացօթեայ շուկայի տարածքը, այժմու «Տիւրիւմճիւ պապա» ճաշարանի կալուածը եւ այն հողամասը, որ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ կը գտնուի եւ ուր ներկայիս կան գիշերաբոյսներ։ Ատենապետ Չընար շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուին, որ երկար տարիներ ջանք ու եռանդ չէր խնայած եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Եշիլգիւղի վարժարանի սաները հանդէս եկան ելոյթներով՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։ Ուսուցչուհի Երազ Չաղլայեանի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին նաեւ պարեր։ Նկատի ունենալով, որ հաւաքոյթը Ամանորի նախօրեակին կը զուգադիպէր՝ աշակերտներու գործադրած յայտագրին մէջ Նոր տարուայ վերաբերեալ երանգներ ալ կային։
Քանի մը յատկանշական երեւոյթ խնդրոյ առարկայ դարձաւ սիրոյ սեղանի ընթացքին։ Այսպէս, մեր երէց սերունդի երախտաշատ բարերարներէն Հայկ Ասլանեանի ծննդեան օրուան զուգադիպած հաւաքոյթի ընթացքին անոր ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ ջերմ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ։ Հայկ Ասլանեան խորապէս զգացուեցաւ եւ շնորհաւորութիւն յայտնեց իրեն մատուցուած անակնկալին համար։ Բաց աստի, նախկին թաղեցի, այժմ արտասահմանաբնակ բարերար Կարօ Պալըքճըօղլուն ալ մեծարուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ դպրական քառասուն շապիկ նուիրած էր եկեղեցւոյ։
Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլուն ալ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ ուրախութիւն յայտնելով մթնոլորտին հաղորդ դարձած ըլլալու համար։ Ան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքապետարանի կողմէ կրթութեան ի նպաստ կատարուած խրախուսանքին։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց փակման խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքին մէջ շեշտեց, որ թէեւ քննադատութեան կ՚ենթարկուի աշխարհի երէցներու կողմէ ղեկավարուիլը, սակայն, իւրաքանչիւր քայլափոխին կը վերահաստատուի այն ճշմարտութիւնը, թէ փորձառութիւնը որքան կարեւոր ազդակ մըն է։ Իր խօսքով՝ սա ի զօրու է նաեւ մեր համայնքի պարագային՝ քանի ղեկավարները յառաջացած տարիքի զուգահեռ՝ կ՚ընդլայնեն նաեւ իրենց շրջանակը եւ նոր հնարաւորութիւններ կը ստանան աւելի արդիւնաւէտ եւ ազդու աշխատանք տանելու համար։ Այս կէտին վրայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անվերապահ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի մասին։ Ըստ Նորին Ամենապատուութեան, Էօզֆուրունճու թէեւ ընտրուելէ երկու տարի վերջ հերթը փոխանցած է իր ընկերներուն, սակայն, անոր փորձառութիւնը տակաւին անփոխարինելի կը մնայ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի տարած աշխատանքի յաջողութեամբ պսակուելուն տեսակէտէ։
Միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքէն վերջ ներկաները արձակուեցան՝ Ամանորի ընդառաջ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ եւ զօրակցութիւն յայտնելով Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին։
Երէկուան մատաղօրհնութենէն առաջ թաղային խորհուրդը՝ որպէս տարեկան պիւտճէի բաց յայտարարած էր 10 միլիոն 666 հազար թրքական լիրա։ Սիրոյ սեղանի աւարտին տեղեկացուեցաւ, որ հանգանակուած է 6 միլիոն թրքական լիրա։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024