Փորձաքար

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր ու շատ տե­ղին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Շուրջ եր­կու ա­մի­սէ ի վեր, ան­հա­մե­մա­տօ­րէն, մթնո­լոր­տը շի­կա­ցած է Թուր­քիոյ մէջ։ Օր չ՚անց­նիր ա­ռանց մտա­հո­գու­թեան, ի­րե­րա­յա­ջորդ կը պա­տա­հին ա­րիւ­նա­լի, տմար­դի դէպ­քեր, ո­րոնց զոհ կ՚եր­թան զինուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ։ Ամ­բողջ եր­կի­րը կը սգայ այս կո­րուստ­նե­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պինդ ու հաս­տա­տա­կամ մնա­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քին դէմ, որ կը վտան­գէ Թուր­քիոյ կա­յու­նու­թիւ­նը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Պատ­րիար­քա­րա­նին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն խոր ի­մաստ։ Ա­թո­ռը ճի՛շդ ժամ­կէ­տով, ճի՛շդ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցած է ինչ­պէս պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րուն, այն­պէս ալ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Գում­գա­բուէն բարձ­րա­ցած ձայ­նը, միան­շա­նակ, կը ցո­լաց­նէ մեր հա­մայն­քին ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Մեղք, որ ցայ­սօր փոք­րա­մաս­նու­թիւն ըլ­լա­լով հան­դերձ, մեր հա­մայն­քին մե­ծա­գոյն բա­ժին վի­ճա­կած է նման բար­դու­թիւն­նե­րէն։ Այս հա­մայն­քի դի­մադ­րու­թեան մե­ծա­գոյն ու­ժը այն է, որ ա­նոր ան­դամ­նե­րը միշտ հա­ւա­տա­րիմ կը մնան ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։

Ա­մէն ան­գամ, որ ցա­սու­մի ա­լիք մը բարձ­րա­նայ երկ­րին մէջ՝ կարգ մը շրջա­նակ­ներ չեն վա­րա­նիր շին­ծու ձե­ւով հա­յոց ա­նու­նը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել ու զա­նոնք ներ­կա­յաց­նել՝ որ­պէս առ­կայ հար­ցե­րուն հիմ­քը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ամ­բողջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին վեր­ջին օ­րե­րուն կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի չապ­րուին խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­ներ, գրգռու­թիւն­ներ եւ պա­ռակ­տում­ներ չյա­ռա­ջա­նան ժո­ղո­վուր­դին մօտ։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կարգ մը շրջա­նակ­ներ ինք­զինք­նին չեն կրնար զսպել ու կ՚եր­գեն նոյն յան­կեր­գը։ Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ա­նոնց այդ տխուր մտայ­նու­թիւ­նով ու խտրա­կան, նա­խա­պա­շա­րեալ մօ­տե­ցում­նե­րով ո­րե­ւէ խնդիր չէ լու­ծուած այս երկ­րին մէջ։ Տա­կա­ւին բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ թարմ են ին­նի­սու­նա­կան­նե­րուն ապ­րը-ւած­նե­րը, մեր հա­մայն­քի հաս­ցէին յա­ռաջ քշուած ան­հիմն պնդում­ներն ու զրպար­տու­թիւն­նե­րը։ Ի՞նչ ե­ղաւ ար­դիւն­քը։ Թէեւ անց­նող տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ո­չինչ փաս­տուե­ցաւ, ո­չինչ ար­դա­րա­ցաւ, սա­կայն այ­սօր ո­մանք կ՚եր­գեն նոյն յան­կար­գը։ Սա ակն­յայտ ա­պա­ցոյց մըն է՝ ապ­րուած­նե­րը շիլ աչ­քե­րով դի­տե­լու, զա­նոնք թիւր պատ­կե­րաց­նե­լու եւ որ­պէս հե­տե­ւանք նա­խա­պա­շա­րեալ չա­րա­շա­հում­նե­րով երկ­րին վնաս հասց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կարճ խօս­քով, երկ­րէն ներս յա­ռա­ջա­ցած ար­դար պոռթ­կու­մին փո­խա­րէն շին­ծու թի­րախ­ներ փնտռե­լու փոր­ձե­րը դա­տա­պարտուած են ձա­խող­ման։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նին պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ հնչե­ցուած դրա­կան կո­չե­րը։ Այս դժուար ի­րա­վի­ճա­կէն նուա­զա­գոյն վնա­սով դուրս գա­լու հիմ­նա­կան ճա­նա­պարհն է՝ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ եղ­բայ­րու­թեան գի­տակ­ցու­թեան եւ ան­կեղծ զօ­րակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մը։

Այ­սօր բո­լո­րը կ՚ը­սեն, որ ներ­կա­յիս ապրուած­նե­րով հան­դերձ՝ Թուր­քիան շատ տար­բեր է ինն­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րէն։ Ճիշդ է. եր­կի­րը կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում­ներ ու­նե­ցած է ըն­թաց­քին։ Ա­նան­տե­սե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն կու­տա­կուած է՝ ի­րա­րու հա­կա­դիր չըն­կա­լե­լու հա­մար երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րումն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապնդու­մը։ Ե­թէ Թուր­քիան տար­բեր է ինն­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րէն, ա­պա այս հան­գա­ման­քին գործ­նա­կան փոր­ձա­քա­րե­րէն մին կա­րե­լի է հա­մա­րել՝ առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ հայ հա­մայն­քին հան­դէպ վե­րա­բեր­մուն­քը։

Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ փո­խան­ցուած վեր­ջին պատ­գամ­նե­րը ա­հա կու գան բիւ­րե­ղա­նալ այս հա­մա­տես­քին մէջ։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015