ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒՂԻՂ ԵԹԵՐՈՎ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով մը՝ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այս գրառումը, միեւնոյն ժամանակ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս հրահրեց հերթական բանավէճը։ Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները 1994 թուականէն սկսեալ եղած են Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմը վերադարձնելու համար։ «Բանակցային գործընթացը ուրիշ որեւէ բովանդակութիւն չէ ունեցած։ Ուրիշ բովանդակութեան մասին խօսոյթները Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներդրուած են բացառապէս ներքին քաղաքական խնդիրներ լուծելու համար։ Այս համատեսքին մէջ ես գործած եմ մեծ սխալ մը։ 2018-ին բանակցային բովանդակութեան ծանօթանալով վերը նշուածը չեմ խոստացած ինքս ինձ եւ հետեւաբար այդ ամէնը չեմ պարզաբանած ժողովուրդին», գրած է Նիկոլ Փաշինեան։

Կը հաղորդուի, որ վարչապետի այս գրառման բուռն ձեւով արձագանգեցին Հայաստանի նախկին երեք ղեկավարները՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որոնց գլխաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացը յառաջ տարուած էր։

Նախկին նախագահներու արձագանգներու լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան զանոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նիւթին շուրջ ուղիղ եթերով բանավէճի հրաւիրեց։ Օրուան տեւողութեան վարչապետ Փաշինեան արձագանգներու լոյսին տակ կրկնեց նախկին երեք ղեկավարներուն ուղղեալ այդ առաջարկը։

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ընկերային ցանցերուն վրայ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին կապակցութեամբ գրեց հետեւեալը. «Մեր պետութեան ու հասարակութեան համար չափազանց օգտակար կ՚ըլլայ, որ Նիկոլ Փաշինեանը նախ եւ առաջ բանավիճի Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Արդիւնքին, վստահ եմ՝ բանավէճի կողմն ալ արդարացիօրէն կը հիմնաւորէ դիմացինի ստախօս ըլլալը»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024