ՁԵՒԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Մերօրեայ աշխարհին մէջ կան այնպիսի հիմնական իրադարձութիւններ, որոնք ներկայիս մտած են կարեւորագոյն հանգրուան։ Այդ խնդիրներէն երկուքը երեւելի են ու անմիջական կապ ունին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Այսպէս, առաջին հարցը՝ Պաղեստին-Իսրայէլ պատերազմն է, իսկ երկրորդը՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, որ կը բոլորէ ճակատագրական ժամանակներ։ Այս առումով ուշագրաւ է, որ վերոնշեալ երկու իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ իրենց ըսելիքն ու ազդեցութիւնը ունին շարք մը երկիրներ, որոնք իրենց լուծման հեռանկարները կերպով մը սառեցուցած էին ու կը սպասէին ամերիկեան ընտրութիւններու արդիւնքներուն։
Ի հարկէ, երբ կը խօսուի ԱՄՆ-ի՝ մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան եւ տեսակէտներուն մասին, ապա պէտք է անպայման հաշուի առնել կարեւոր հանգամանք մը, գրեթէ կարեւորագոյն հանգամանքը, որ այդ երկիրը չի գործեր միայն դէմքերով, ներկայացուցիչներով կամ պաշտօնատարներով, այլ կ՚աշխատի, կը գործէ եւ իր ծրագիրներուն մարմին կու տայ միմիայն համակարգային մօտեցումներով։ Այլ խօսքով՝ պէտք է շեշտել, որ այսօր տագնապներու մէջ տապլտող կողմեր ու երկիրներ պարտաւոր են հաշուի նստիլ այս փաստին հետ ու հետեւաբար ենթադրել ու հասկնալ, որ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը անպայմանօրէն կապուած չէ կա՛մ պայմանաւորուած չէ միայն նախագահի անձով։ Կան մշտական շահեր, որոնք եթէ երէկ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրերուն կերտուած էին, ապա այդ յարաբերութիւնները շարունակուեցան նախագահ Պայտընի օրօք ու չի բացառուիր, որ այդ շահակցական յարաբերութիւններու սլաքները շարունակեն իրենց պտոյտը նաեւ յառաջիկային՝ ընտրեալ-նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրով։
Իբր այդ, ուշագրաւ երեւոյթ կարելի է համարել Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը, որ ունի բաւական ամուր հիմքեր եւ զօդուած է տնտեսական-անվտանգային շահերու մեծ խորապատկերի մը մէջ։
Ի վերջոյ, ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան Ուաշինկթըն-Պաքու յարաբերութիւնները. արդեօք ներկայ սեղմուած վիճակը, նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին նետուած զսպաշապիկը պիտի շարունակէ՞ իր ներկայ հունով, կա՛մ թէ յառաջիկայ փուլին կարելի՞ է սպասել տարբեր զարգացումներու եւ ձեւափոխութիւններու։
Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը կը վերարժեւորուի վարկածներու լոյսին տակ։ Այս կապակցութեամբ ռուս վերլուծաբան Փ. Մակեդոնցեւ ստորագրած է «Ատրպէյճան կը յուսայ, որ Տանըլտ Թրամփ յաղթանակ տանի» խորագրեալ յօդուածը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ ստորեւ։
Վերլուծաբանը անդրադարձած է ԱՄՆ-ի նախընտրական քարոզարշաւին, որուն հետեւած էին աշխարհի բոլոր երկիրները, որոնց շարքին նաեւ Ատրպէյճան։ Ան մէջբերած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Շուշիի մէջ ունեցած ելոյթը, որու ընթացքին ըսած է. «1992 թուականին ԱՄՆ պատժամիջոցներ սահմանած էր Ատրպէյճանի դէմ։ Մենք նախայարձակումի թիրախ էինք, բայց ԱՄՆ-ի Հայկական լոպիի եւ Ծերակոյտի հայամէտ անդամներուն պատճառով մեզ ենթարկեցին պատժամիջոցներու։ Այսինքն՝ այս բացարձակ անհեթեթ իրավիճակ է. երկիրը կը պայքարի մարդասիրական ճգնաժամի, մէկ միլիոն մարդու տեղահանման, գրաւեալ տարածքներու ամբողջական ոչնչացման հետ եւ, միեւնոյն ժամանակ, կ՚ենթարկուի պատժամիջոցներու։ Այդ ժամանակ մենք միջազգային լրատուամիջոցներու հասանելիութիւն չունէինք։ Մենք միայն վերականգնեցինք մեր անկախութիւնը։ Այդ պատճառով մենք ստիպուած էինք շատ մեծ աշխատանք կատարել։ Սկիզբը մեզի կը թուէր, թէ մենք չենք կրնար մեր պատգամը ճիշդ հասցնել։ Մենք մեզ մեղադրեցինք եւ փորձեցինք զօրաշարժի ենթարկել մեր միջոցները՝ բացատրելու, լուսաբանելու, հաղորդակցման տարբեր ուղիներ օգտագործելու համար։ Բայց եւ այնպէս, յետոյ մենք հասկցանք՝ շատ ու շատ մարդիկ պարզապէս չէին ուզեր հասկնալ ճշմարտութիւնը կա՛մ կ՚ուզէին իրավիճակը ամբողջութեամբ ներկայացնել բոլորովին այլ լուսարձակի տակ։ Այդ իսկ պատճառով, Ատրպէյճանի պէս երկրի մը համար, որ ընդամէնը երեսուն տարիէ ի վեր անկախ է, այդ յաղթահարելու լաւագոյն միջոցը ձեզի նման մարդոց այստեղ՝ Պաքու, այլ շրջաններ, Ղարաբաղ հրաւիրելն էր, որպէսզի անոնք տեսնեն, թէ ո՛վ ենք մենք, ի՛նչ ծրագիրներ ունինք, ի՛նչ ակնկալիքներ ունինք, ինչպիսի՛ երկիր կ՚ուզենք կառուցել եւ արդեօք յաջողա՞ծ ենք, կամ ոչ։ Եւ այդ մէկը նպատակին հասնելու լաւագոյն միջոցն է։ Այսօր ականատես ենք, որ նոյնիսկ ԱՄՆ-ի նախագահը կը հանդիպի արգելքներու, ինչպէս որ մենք հանդիպեցանք տարիներ շարունակ։ Նախագահ Թրամփ «Washington Post»ը եւ «New York Times»ը անուանած է կեղծ լուրերու աղբիւրներ։ Եւ ես լիովին համաձայն եմ անոր հետ՝ ո՛չ միայն այդ, այլ յայտարարութիւններու հետ։ Այնպէս որ, հիմա զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ հետապնդումներու, անոնց յարձակումներու եւ հասարակական կարծիքը շուարեցնելու առարկան ԱՄՆ-ի նախագահն է»։
Վերլուծաբանին համաձայն, պէտք չէ չափազանցել Պաքուի քննադատական ոճը Քամալա Հարիսի նկատմամբ։ Չնայած ամերիկահայերու ենթակայութիւնը՝ Պայտընի օրով տեղի ունեցաւ Պաքուի նկատմամբ 907-րդ յօդուածի ամէնամեայ չեղարկման նախագահական ընթացակարգը, իսկ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Մարք Լիպպին այցելեց Շուշի։ Այնուամենայնիւ, Ալիեւ միշտ ցանկաց, որպէսզի Թրամփ կրկին դառնայ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ միաժամանակ շարունակելով աշխատիլ համապատասխան շրջանակներու հետ։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ենթադրութիւններու համար նկատի կ՚առնուին նաեւ շարք մը դաւանական գործօններ։ Այսպէս, կրօնական կառոյցներու հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբը հաստատած է տեղեկութիւն մը, որ Ատրպէյճանի մէջ արձանագրուած է Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցւոյ (մորմոններ) համայնքը։ Իսկ Եութահ նահանգին մէջ տեղակայուած մորմոններու ամենահին «Desert News» թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը՝ նուիրուած Ատրպէյճանէ ներս կրօնական հանդուրժողականութեան։
Ինչո՞վ այդքան կարեւոր են մորմոնները ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի համար։ Եութահ նահանգը, ուր մորմոնները կ՚ապրին, Հանրապետական կուսակցութեան կալուածն է։ Իսկ իրենք՝ մորմոն քաղաքական գործիչները ամենեւին լուսանցքային չեն։ Օրինակ՝ ԱՄՆ-ի նախագահի նախկին թեկնածու Միթ Ռոմնի, որ 2012-ին պարտուած էր Պարաք Օպամայի դիմաց, մորմոն է։ Մորմոն է նաեւ 2021-ին Պայտընի օրով Թուրքիոյ մէջ նշանակուած դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք։
Մորմոններու հետ կապուած է «Սթիրլինկ» հիմնադրամը, որ Ատրպէյճանի օգնութիւն կը ցուցաբերէ տարածքներու ականազերծման հարցով։ Այսպէս, «Սթիրլինկ» հիմնադրամի առաջին գործադիր տնօրէն Էտուըրտ Ռոուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ականազերծման գործակալութեան (ANAMA) վարչութեան նախագահ Վուկար Սուլէյմանովի հետ հանդիպման ժամանակ հաստատած է, որ ան մտադրութիւն ունի շարունակելու նիւթական օգնութիւն տրամադրել։ Իսկ Ռոուն եւ հիմնադրամի նախագահ Մայլզ Հանսէն ու մորմոններու կրօնական առաջնորդներ՝ Տէյվիտ Պետնարի եւ Ճէք Կերարտիի հետ միասին, հիւրընկալուեցան Ալիեւի կողմէ։
«Այլ խօսքով, միջցեղային եւ միջկրօնական յարաբերութիւնները միայն ծածկոց են մորմոններուն եւ «Սթիրլինկ» հիմնադրամին համար, որոնց Ատրպէյճանը կը հետաքրքրէ միայն որպէս նաւթի եւ կազի պաշարներ ունեցող երկիր մը։ Զարմանալի չէ՝ այդ նոյն շրջանակները օգնութիւն ցուցաբերած էին Ատրպէյճանին Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ», Մակեդոնցեւ կ՚եզրափակէ իր յօդուածը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան