ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ԹԵՐԼԵՄԵԶԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՆԸ ՄԷՋ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ՝ ՆԵՐԿԱՅ

Յայտնի է, որ հայ երաժշտագիտութեան երախտաւորը, հայ երգի անմահ մարտիկը՝ Կոմիտաս, շրջան մը բնակած եւ գործած է Պոլիս: Ընդհանրապէս, Կոմիտասի գիտակցական եւ ստեղծագործական կեանքի վերջին հինգ տարիները հիմնականօրէն կապուած են պոլսական իրականութեան հետ։

Պոլսոյ տարիները նշանակալի շրջան եղած է թէ՛ Կոմիտասի, թէ՛ պոլսահայութեան համար: Թէեւ Կոմիտասի Պոլսոյ շրջանին անդրադարձներ շատ եղած են, բայց եւ այնպէս, միշտ ի յայտ կու գան նոր մանրամասնութիւններ:

Հայագէտ, արեւելագէտ, գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Յակոբ Սիրունի (Ճոլոլեան) 1965-1969 թուականներուն «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, շարունակաբար, կը ստորագրէ «Կոմիտասին հետ» խորագրով յօդուածաշարքը, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Պոլսոյ շրջանին:

Սիրունի, որ ծնած էր Ատափազար, 1901 թուականին ընտանիքին հետ Պոլիս կը տեղափոխուի, կը յաճախէ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանը, կը շարունակէ ուսումը ու շրջանաւարտ կ՚ըլլայ յաջորդաբար Կեդրոնական վարժարանէն՝ 1909 թուականին եւ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն՝ 1913 թուականին։ Ան նշանակալից գործունէութիւն ծաւալած էր Պոլսոյ մէջ եւ քաջածանօթ էր հայկական կեանքի մանրամասնութիւններուն: Միաժամանակ մօտ էր Կոմիտասին եւ Կոմիտասի Պոլսոյ շրջանը չէ անտեսած իր աշխատութիւններուն մէջ:

Սիրունի կը գրէ, որ այդ շրջանին, երբ Կոմիտաս Պոլիս կը գտնուէր՝ հայ մտաւորականութիւնը Պոլսոյ մէջ կ՚ապրէր տարտղնած, նաեւ խորթ էին իրարու հայ մտաւորականները: Կուսակցական կիրքերու ամենէն բռնկած տարիներն էին ու հոգեպէս իրարմէ ուծացած կ՚ապրէին գրողներն ու արուեստագէտները:

Եւ ահաւասիկ, այդ ժամանակ Կոմիտաս Պոլիս էր, Բանկալթիի հայ գերեզմանոցին ճիշդ դէմը գտնուող անոր բնակարանը հայ մտաւորականութեան համար հոգեկան ապաստան մը կը դառնայ առաջին օրէն: Կոմիտաս ձեւով մը եղբայրացուց հայ մտաւորականութիւնը եւ Սիրունի կը պատմէ, որ հոն իրարու սկսան հանդիպիլ հայ մտաւորականութեան տարբեր հատուածները՝ այլեւս իրարմէ առանց խրտչելու, ինչ որ այդ օրերու բարքերուն մէջ հրաշք մըն էր: Քաջալերուած այն սրտաբաց վերաբերմունքէն, զորս Կոմիտաս ցոյց կու տար բոլորին հանդէպ՝ շատերը այցի կու գային անոր, օրուան որեւէ ժամուն: Ու հոն զիրար կը գտնէին մարդիկ, որոնք դուրսը իրարու կը զլանային իրենց բարեւը:

Իսկ ժամանակի մամուլին մէջ կը կարդանք, որ, ճիշդ է՝ Կոմիտասը իր շուքով լեցուցած էր պոլսահայ միջավայրը, բայց անոր հմայքը մէկ անգամէն կը կրկնապատկուի, երբ Պոլիս կու գայ հայ երգարուեստի մէկ այլ վարպետ՝ Արմենակ Շահմուրատեանը:

Մշոյ աշխարհին մէջ ծնած, բնաշխարհով արբեցած Շահմուրատեան եղած էր Փարիզ, ստացած երաժշտական հիմնաւոր կրթութիւն, հանդէս եկած Փարիզի Օփերային մէջ, հմայած օտարները: Եւ անոնք երկուքով՝ Կոմիտաս եւ Շահմուրատեան, Պոլսոյ մէջ երգի ուրոյն միջավայր մը կը ստեղծեն՝ գեղջական հայաշխարհը մօտեցնելով պոլսական իրականութեան:

Կոմիտասի բնակարանը այցելող այդ մտաւորականութեան մէջ Սիրունի կ՚առանձնացնէ քանի մը հոգի, որոնց շարքին՝ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը, նկարագրելով զայն որպէս արուեստագէտի ուրոյն տիպար մը՝ ողջախոհ իր մտածումներուն ու իր արուեստին մէջ:

Եւ կը տեղեկանանք, որ այդ ժամանակ Կոմիտաս ինք Պոլսոյ մէջ շատ քիչ ընտանիքներու միայն կ՚այցելէր։ Այդ հազուագիւտներէն մէկը Թերլեմեզեաններն էին։ Անշուշտ, այդ ընտանքին հետ կապը ընտանիքի յայտնի անդամը՝ Փանոս Թերլեմեզեանը ստեղծած էր ու ընտանիքի բոլոր անդամները կը վայելէին ներկայութիւնը Կոմիտասի, իսկ Կոմիտաս նոյնիսկ Փանոսի բացակայութեան ալ մտերմիկ կերպով այդ օճախ կը մտնէր, ինչպէս կը նկարագրէ Սիրունի՝ իր հետ տանելով նաեւ զուարթութիւն, աղմուկ ու կատակ։

Փանոս Թերլեմեզեանի եղբօր աղջիկներէն մէկը այդ օրերուն մանուկ էր՝ Արշալոյս Թերլեմեզեան, որ յետոյ դարձաւ Սարգիսեան: Ան ալ իր յուշերուն մէջ կը վկայաբերէ Կոմիտասի այցելութեան օրերը՝ իրենց մեծ ընտանիք, նաեւ այդ այցերը կարօտով եւ ուրախութեամբ կը յիշէ:

«Յառաջ» թերթին մէջ տպելով այդ տարիներու մասին իր յուշագրութիւնը, Արշալոյս Սարգիսեան կը պատմէ Կաղանդի մը մասին, որ իրենց յարկին տակ տօնուած է: Ան կը գրէ.

«Մանկութեանս Կաղանդի գիշերները իրենց մոգական խաղալիքներով եւ դեռ շատ մը Կաղանդի գիշերներ իրենց անմոռանալի զգացողութիւններով այնքան խոր յիշատակ չեն ձգած մէջս, որքան այն Կաղանդի գիշերը, զոր տօնեցինք Պոլիս, մեր տան մէջ, Կոմիտաս Վարդապետի, Շահմուրատեանի եւ հօրեղբօրս՝ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանի հետ: Անցեալի մշուշի մէջէն, այնքան յստակ, այնքան գրաւիչ պատկեր մը կը նկարուի աչքերուս դէմ, ամէն անգամ որ կը խորհիմ այդ օրուայ մասին։

«Փանոսը՝ Վարագայ լերան այծեամներու պէս կը ցատկռտէ, Շահմուրատեանը սենեակի դրան ապակիներուն վրայ ձեռքով կը թմբկահարէ պարերգեր՝ Մուշի զուռնային եւ նաղարային նմանութեամբ, եւ վարդապետը ծալապատիկ նստած, աչքերը փակ՝ կ՚ընկերակցի՝ երեւակայական վին մը նուագելով իբր աշուղ հնադարեան»:

Արշալոյս, որ պատանուհի մըն էր, մեծապէս տպաւորուած է այդ երեկոյէն եւ կը շարունակէ իր նկարագրութիւնը.

«Եւ ահա վինէն վերջ դաշնակը, որ կ՚ալեկոծի վարդապետին հրաշագործ մատներուն տակ ու իր ձայնը, այդ անուշ, աննման ձայնը մեր հոգիներուն կը փաթթուի անպատմելի յուզումի ալիքներով.

-Ծիրանի ծա՜ռ, բար մի տա...»։

Կաղանդի այդ գիշերէն զատ Արշալոյս Սարգիսեան Կոմիտասի՝ իրենց տուն կատարած ուրիշ այցեր ալ կը յիշէ.

«Այն երանելի, անհոգ օրերուն, շաբաթ երեկոները մասնաւոր հրապոյր մը ունէին ինձ համար։ Հազիւ դպրոցէն վերադարձած, կարգ ու կանոնի սիրահար բնաւորութեանս հակառակ, պայուսակս կը նետէի անկիւն մը եւ խոհանոցը կ՚առնէի շունչս. «Ըսէ՛, Կոլէ, ի՞նչ ունիս այս իրիկուն, համով բաներ եփա՞ծ ես, վարդապետին սիրածները չի մոռցար հարկաւ»։

Կոլէն՝ խոհարարուհին, Վանի գիւղերէն, նմոյշ մը հերոսութեան ու կառուցուածքի, կամ հպարտoրէն կը բանար իւրաքանչիւր կաթսայի կափարիչը՝ իր հրաշակերտները ցոյց տալով, կամ քիթին տակէն խստօրէն կը մռլտար. «Կայ, ինչ որ Աստուած տուեր է»։ Միշտ այդ էին իր պատասխանները, օրուան իր լաւ կամ գէշ տրամադրութեան համաձայն։ «Բայց այդքան շուտ յուսահատողներէն չէի. խոհանոցէն չէի հեռանար, մինչեւ վստահ չըլլայի, թէ թանապուրը եւ շոգիով եփած միսը մաս կը կազմեն կերակուրներու ցանկին: Չէ՞ որ մեր սիրելի վարդապետը այդ երեկոյ, ինչպէս միշտ, անոնց ի տես, երեխայի մը խանդավառ բացագանչութիւններով սեղան պիտի նստէր։ Ա՜խ, այդ երջանիկ օրերը»։

Սիրունի կը յիշէ, որ Կոմիտաս մտերիմ յարկ մը եւս ունէր, որ Աստուածատուր Հարենցինն էր։ «Առեւտրական մըն էր Հարենցը, բաւական ունեւոր եւ մօտիկ ազգական համբաւաւոր Ունճեաններուն: Բայց քաղքենի բարքերէն շատ բան չէր ժառանգած ան: Առաջին շրջանաւարտներէն Կեդրոնականի ու իրեն դասակից ունեցած էր Արշակ Չօպանեանն ու Երուանդ Մանուէլեանը: Հարենց, իր քաղքենիի կեանքին մէջ իսկ՝ ջերմ բարեկամ մը մնացած էր միշտ գրականութեան եւ արուեստներու: Աոաջին իսկ պահէն ան կապուած էր Կոմիտասին եւ մաս կը կազմէր երաժշտանոցի յանձնախումբին՝ միակը՝ թերեւս անոր կազմին մէջ, որ սրտանց խանդավառուած էր ձեռնարկով: Կոմիտաս Հարենցներու յարկին տակ պարզ հիւրէ մը աւելին էր, արուեստի պահեր կ՚ապրէր հոն: Կ՚երգէր ու կը նուագէր, հոն կ՚երթար փորձել իր նոր յօրինած երգերը, որոնց դաշնակով կ՚ընկերակցէր համակրելի արուեստագէտուհին, որ տիկին Արուսեակ Հարենցն էր։ Հարենց ընտանիքը մտերիմ յարկ մը պիտի մնար միշտ իրեն ու հոն իր յուզումները պիտի ամոքէր աքսորէ դարձին, ինչպէս պիտի տեսնենք հոգեկան մեծ տագնապէն քիչ առաջ: Թորգոմեաններու տունը եւս ասպնջական յարկ մըն էր Կոմիտասին համար, ինչպէս եղեր էր եւ պիտի ըլլար գրչի եւ արուեստի բոլոր մարդոց համար, որոնք Պոլիս կ՚այցելէին որեւէ ատեն: Բժիշկ Թորգոմեան գուրգուրանքով կ՚ընդունէր զանոնք բոլորը, ու պատահական չէ, որ իր ընտանեկան շրջապատէն էին երաժշտանոցի յանձնախումբի երեք անդամները՝ Սիսակ Աշճեան, Մարտիկ Էքսերճեան եւ ինք՝ բժիշկը, թէեւ աոաջինը շատ շուտ աչքերը փակեց, Էքսերճեան անուանական մասնակցութիւն բերաւ միայն եւ տքթ. Թորգոմեանն էր, որ շարունակեց Կոմիտասի կողքին մնալ միշտ, իբրեւ բարեկամ եւ բժիշկ, եւ ան էր, որ հոգ տարաւ վարդապետին անոր հոգեկան տագնապի օրերուն, թէեւ վարդապետը՝ իր հիւանդութեան նոպաներուն մէջ՝ պիտի խրտչէր բոլոր անոնցմէ, որոնք երբեմն իր շուրջն էին եղեր եւ անոնց կարգին նաեւ՝ բժիշկ Թորգոմեանէն ալ։ Կոմիտաս մօտ էր նաեւ Չիթունիներուն: Ան թանկագին աշխատակից մը գտած էր յանձին Չիթունիի, որ 1913-ի աշնան Պոլիս փոխադրուած էր ընտանիքով, մէկ կողմէ առեւտրական գործով զբաղելու եւ միւս կողմէ՝ շարունակելու իր բանասիրական աշխատանքները եւ հոգածու ըլլալու անոնց հրատարակութեան», կը գրէ Սիրունի, յիշելով, որ Կոմիտաս Պոլսոյ մէջ ունէր հայրենակիցներ ալ, որոնցմէ առաջինը կը յիշէ կուտինացի Կարապետ Զիվէրի նահապետական ընտանիքը, որ կը բնակէր Օրթագիւղ: Կարապետ Զիվէր եղած է Պոլսոյ երբեմնի դատական նախարարութեան գործակալ։

«Այս ընտանիքէն էր, որ երկու եպիսկոպոսներ պիտի գային հայ եկեղեցւոյ՝ Յովսէփ Եպիսկոպոս Կարապետեանը եւ Գրիգոր Գուսան Եպիսկոպոսը, առանց հաշուելու անոնց միւս եղբայրները, որոնք նոյնպէս մտաւորականներ եղան զանազան ասպարէզներու վրայ: Կոմիտաս յաճախ կ՚ըլլար անոնց մօտ՝ Պոլսոյ իր գործունէութեան տարիներուն, ինչպէս պիտի ըլլար մանաւանդ այն դժնդակ շրջանին, երբ աքսորէն դարձին, հոգեկան տագնապը կը հասուննար իր մէջ:

«Եթէ իր ծանօթ ընտանիքներէն այս մէկ քանին յիշեցինք, անոր համար էր, որ անոնք յաճախ կապ ունեցան նաեւ իր գործունէութեան հետ: Այլապես ասոնցմով չէր փակուեր Կոմիտասի մտերմական շրջանակը: Անմատչելի էր ան եւ միեւնոյն ատեն մատչելի էր բոլորին: Խրոխտ էր ու համեստ, լուրջ եւ կատակախօս միեւնոյն ժամանակ: Բոլորը կը սիրէին զինքը, բայց նաեւ կ՚ակնածէին։ Թշնամի չունէր եւ չէր կրնար ալ ունենալ. զինք չհասկցողներ միայն կային, որովհետեւ անոնց համար դեռ շատ կանուխ էր եկած։ Բոլոր իր ծանօթ ընտանիքներու կողքին, որոնց կը յաճախէր առիթէ առիթ, եւ յաճախ առանց առիթի, Կոմիտասի համար նուիրական բան մը ունէր սակայն Օրմանեանի բնակարանը։ Շունչը՝ զոր երբեմն Էջմիածնի մէջ թողած էր Ըթըր փողոցի մենակեացը՝ Կոմիտաս իր ներսը կը պահէր սրբազան մասունքի մը պէս ու երբեմն-երբեմն կ՚երթար քաղցրացնել ճգնութիւնը Պոլսոյ նախկին պատրիարքին, որ այդ օրերուն լուռ կը տքնէր իր խուցին մէջ՝ ամբաստանութեան բեռը իր ուսին։ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի անպարտ հռչակուած օրը ցնծութեան օր մը եղաւ Կոմիտասի համար ալ», կը կարդանք Սիրունիի յօդուածին մէջ:

Հակառակ իր ծանր օրերուն, Կոմիտաս միշտ պահած էր իր զուարթախօսութիւնն ու կատակասիրութիւնը: Ան կատակ շատ կը սիրէր: Ժամանակակիցները իրենց յուշերուն մէջ կը պատմեն, որ իր ուսանողութեան, նոյնպէս՝ իր վարդապետութեան տարիներուն ան Էջմիածինը ողողած էր իր ծիծաղով ու իր կատակախօսութիւններով։

Գալով Փանոս Թերլեմեզեանի եղբօր դստեր յուշերուն, կը տեսնենք, որ Արշալոյս Սարգիսեան Կոմիտասի՝ Թերլեմեզեաններու տուած այցերը պատմելու ժամանակ կը յիշէ նաեւ անոր կատակները:

«Վարդապետը եւ Փանոսը զիրար կը գերազանցէին կատակներով ու չարաճճիութեամբ. իրարու պնակէ կերակուր գողնալ, ամէն մէկ կերակուրի վրայ երգ յօրինել եւ դեռ ինչե՜ր։ Ամբողջ տօն մըն էր, հրաշալի խնջոյք մըն էր այդ ճաշի պահը. ուտելէ աւելի՝ երգ էր, ծիծաղ էր։ Ճաշէն յետոյ, բազմոցին անկիւնը որոշ տեղն էր վարդապետին, ես ալ քովը՝ թեւին տակ, փոքրիկ աղջկան լուռ, կախարդուած հիացումով։ Կը յիշեմ՝ քոյրս կը բերէ սուրճը եւ հազիւ թէ ափսէն ձեռքը վարդապետին մօտեցած՝ ահա վարդապետը կ՚իյնայ խորունկ սուտ քունի մէջ։ Կը սկսէր խռկալ, զառանցել, երեւակայական ճանճեր քշել, բայց ինչ որ ընէինք՝ չէր արթննար։ Եւ ասիկա կը տեւէր, առանց չափազանցելու՝ յաճախ հինգ վայրկեան եւ աւելի։ Սուրճը կը պաղէր, քոյրս կը յոգնէր եւ վերջապէս այն պահուն, որ ամենքս ալ յուսահատած կ՚ըլլայինք՝ ընդոստ կ՚արթննար վարդապետը, որոտագին քրքիջ մը ձգելով: Ակամայ կը վախնայի ամէն անգամ, այդ յանկարծակի պոռթկումէն եւ ամէն անգամ կը զգայի խարտեաշ մազերուս վրայ գգուանքը վարդապետին ջղուտ մատներուն»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024