ԾԱՌԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ

Ծա­ռը կը ճանչ­ցուի իր պտու­ղէն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի առ­հա­սա­րակ։ Ար­դա­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ար­ժէ­քը պէտք է փնտռել զայն կազ­մող ու կազ­մա­ւո­րող ան­հատ-ան­դամ­նե­րուն մէջ։ Հա­կա­ռակ կեա­նքի ա­մէն տե­սակ պայ­ման­նե­րուն, ա­նոնց ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թեան, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը բարձր սկզբունք­նե­րու երբ կը հե­տե­ւի, այդ սկզբունք­նե­րը կեան­քի կը վե­րա­ծէ, այդ կը նշա­նա­կէ՝ թէ հաս­տատ ու ան­շեղ նկա­րագ­րի տէր, բա­րո­յա­պէս զօ­րա­ւոր ան­հատ­նե­րէ բաղ­կա­ցած է։ Եւ այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը կամ ա­ւե­լի յա­տուկ ա­ռու­մով՝ ժո­ղո­վուր­դը եւ ազ­գը կը մնայ ե­զա­կան եւ ինք­նու­րոյն ամ­բողջ պատ­մու­թեան մէջ, եւ կը խոս­տա­նայ ար­դիւ­նա­ւոր ա­պա­գայ մը իր ան­դամ­նե­րուն…։

Երբ նիւ­թը ծա­ռի եւ իր պտու­ղին մա­սին է, կ՚ու­զեմ հե­տաքրք­րա­կան դէպք մը յի­շեց­նել իմ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուս։ Ա­ղեք­սանդր Տիւ­մա եւ իր զա­ւա­կը՝ Ա­ղեք­սանդր Տիւ­մա Ֆիզ ծա­նօթ գրա­գէտ­ներ են բո­լո­րիս։

Կը պատ­մուի, թէ Ա­ղեք­սանդր Տիւ­մա Որ­դիի (Ֆիզ) մէկ նոր գոր­ծին շնոր­հա­հան­դէ­սին՝ կին մը կը մօ­տե­նայ հայր Տիւ­մա­յի եւ կը շնոր­հա­ւո­րէ զինք։

Հայր Տիւ­մա հա­մես­տու­թեամբ եւ մեծ փափկան­կա­տու­թեամբ կը յի­շեց­նէ այդ հա­մա­կիր կնոջ, թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ գոր­ծը ի­րը չէ, այլ՝ իր որդ­ւոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է եւ ա­ւե­լի յար­մար կ՚ըլ­լայ զինք շնոր­հա­ւո­րել։

Կի­նը կը պա­տաս­խա­նէ. «Ես ձեզ կը շնոր­հա­ւո­րեմ ո՛չ թէ այս գոր­ծին հա­մար, այլ ա­նոր հա­մար որ այդ գոր­ծը կա­տա­րող որ­դի մը հաս­ցու­ցած էք…»։

­Ծա­ռի եւ պտու­ղի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րող դէպք մըն է այս պատ­մա­կան դէպ­քը՝ ուր լա­ւա­գոյն կեր­պով թարգ­ման կը հան­դի­սա­նայ այս բնա­կան ի­րո­ղու­թեան։ Ար­դա­րեւ ե­թէ ար­մա­տը զօ­րա­ւոր է՝ ծառն ալ զօ­րա­ւոր կ՚ըլ­լայ եւ երբ ծա­ռը ինք զօ­րա­ւոր է ար­դիւ­նա­բեր կ՚ըլ­լայ եւ լաւ պտուղ­ներ կ՚ար­տադ­րէ։ Բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է ի­րա­կան այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Ու­րեմն պէ՛տք է ար­մա­տը լաւ պա­հել, լաւ ծառ եւ լաւ պտուղ ու­նե­նա­լու հա­մար…։

Վե­րո­յի­շեալ պատ­մա­կան դէպ­քին՝ ի­րա­պէ՛ս կ՚ար­ժէ շնոր­հա­ւո­րել Ա­ղեք­սանդր Տիւ­մա հայ­րը, «Ա­ղեք­սանդր Տիւ­մա Որ­դի» մը հաս­ցու­ցած ըլ­լա­լուն հա­մար։

Բայց հոս, թէեւ չի յի­շուիր, սա­կայն պէտք չէ՛ ան­տե­սել մօր դե­րը, որ հօր հա­ւա­սար, եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղա­ցած է որ­դի՛ մը հասց­նե­լու դժուար գոր­ծին մէջ։ Այս­պի­սի վկա­յու­թիւն­նե­րու մէջ, ին­չո՞ւ չեմ գի­տեր, ընդ­հան­րա­պէս չի յի­շուիր մայր եզ­րը, կ՚ան­տե­սուի եւ միայն հայր եզ­րին նա­խա­պա­տուու­թիւն կը տրուի։ Մինչ­դեռ «հ­»այր եւ «մ­»այր զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նեն եւ «մարդ»ը կը հասց­նեն…։

Երբ «ար­մատ» ը­սինք, որ­պէս կա­րե­ւոր ազ­դակ, պէտք է նկա­տի ու­նե­նանք, որ այդ «ար­մատ»ն ալ կը կազ­մա­ւո­րուի լաւ հուն­տի մը՝ պա­րարտ, բեր­րի հո­ղի մը մէջ սեր­մա­նուե­լով։ Ուս­տի ե­թէ հուն­տը լաւ չէ, ե­թէ նոյ­նիսկ հո­ղը բեր­րի ըլ­լայ՝ ար­մա­տը զօ­րա­ւոր չ՚ըլ­լար, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ե­թէ հուն­տը լաւ ըլ­լայ բայց հո­ղը բեր­րի չըլ­լայ, դար­ձեալ ար­մա­տը զօ­րա­ւոր չ՚ըլ­լար։ Ու­րեմն զօ­րա­ւոր ար­մա­տի մը հա­մար հուն­տին եւ հո­ղին լա­ւա­գոյն հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով միա­ցու­մը պայ­մա՛ն է։

Որ­դի մը հօր եւ մօր զա­ւա՛կն է, ինչ­պէս պտուղ մը՝ լաւ հուն­տի եւ բեր­րի հո­ղի հաս­ցու­ցած ծա­ռին ար­գա­սի­քը…։

Մարդ, ար­դա­րեւ ճա­կա­տագ­րուած է կա­տա­րե­լու­թեան։

Մար­դուն ապ­րե­լու տեն­չը եւ յա­նուն իր ապ­րե­լու տեն­չին՝ իր մեռ­նե­լու մութ կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի յոյ­սը կը զա­տէ զինք միւս բո­լոր ապ­րող էակ­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ այն, որ գի­տէ նպա­տա­կի մը հա­մար մեռ­նիլ, գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի զո­հե­լու եւ զո­հուե­լու բարձր ու նուի­րա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան, ա­հա­ւա­սիկ ան կը կազ­մէ բարձ­րո­րակ ըն­կե­րու­թիւն մը՝ որ կը գո­յա­տե­ւէ մարդ­կու­թեան ամ­բողջ շրջան­նե­րուն, հաս­տա­տա­կամ եւ յաղ­թու­թեամբ։

Այ­լա­պէս տկար նկա­րագ­րով ան­հատ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը դա­տա­պար­տուած է ի վեր­ջոյ պար­տուե­լու՝ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին զա­նա­զան հո­վե­րու եւ հո­սանք­նե­րու պատ­ճա­ռած հա­րուած­նե­րէն։

Եւ այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը՝ որ ի­րենց պարտադ­րուած կեան­քի խա­չե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ չեն մեռ­նիր, պար­զա­պէս մե­ռած ըլ­լա­լու հա­մար՝ կը գո­յա­տե­ւեն ա­նոնք, ո­րոնց կը սպա­սէ լու­սա­ւոր եւ ար­դիւ­նա­ւոր ա­պա­գա՛յ մը։

Մեր օ­րե­րուն ալ, ըն­կե­րու­թեան մը գո­յա­տեւ­ման միակ մի­ջոցն է՝ իր ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ միու­թեան գե­րա­գոյն կա­պը. իր ան­ցեա­լը, ներ­կան եւ ա­պա­գան իր ոս­կի ծի­րին մէջ առ­նող կա­րե­լիու­թիւ­նը, իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րը, բարձր սկզբունք­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը։ Ան­հատ­նե­րու մի­ջեւ ա­մէն բա­ժան­ման ազ­դակ՝ հա­ւա­քա­կան հո­գին բաժ­նող դա­նակ մըն է ար­դա­րեւ։ Ա­սի­կա ծառ մը սխալ հասց­նե­լու, զայն մշա­կե­լու հար­ցին թե­րա­նա­լու նմա­նու­թիւ­նը կը պար­զէ. ծա­ռը լա՛ւ պէտք է մշա­կել, որ­պէս­զի լա՛ւ պտուղ կա­րե­լի ըլ­լայ ստա­նալ, ար­դիւ­նա­ւոր եւ օգ­տա­կար ար­դիւնք առ­նե­լու հա­մար։ Ան­շուշտ ան­կա­րե­լի է մե­կու­սա­ցած մնալ ժա­մա­նա­կի եւ մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թե­նէն։ Ժա­մա­նա­կը եւ մի­ջա­վայ­րը շա՜տ բան կը փո­խեն, սա­կայն ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը պէտք չէ՛ շե­ղեց­նէ ան­հա­տը իր հո­գե­ւոր պար­տա­կա­նու­թեան դե­րէն։ Ուս­տի երբ ուժ մը, կա­րո­ղու­թիւն մը, զօ­րու­թիւն մը կը շե­ղի իր նպա­տա­կէն, իր ուղ­ղու­թե­նէն եւ հետզ­հե­տէ կ՚օ­տա­րա­նայ իր ինք­նու­թեան, իր սե­փա­կան նկա­րագ­րին, չի՛ կրնար ծա­ռա­յել ո՛չ ինք­զին­քին եւ ոչ ալ իր շուրջ դար­ձող աշ­խար­հին, եւ այդ ու­ժին՝ կա­րո­ղու­թեան կազ­մած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ իր ինք­նու­թիւ­նը։ Այս ի­մաս­տով, հա­ւա­քա­կան եւ ան­հա­տա­կան կեան­քի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կա­րե­լի է նմանց­նել՝ ծա­ռի եւ պտու­ղին հա­մե­մա­տու­թեան։

Ար­դա­րեւ գի­տա­կից ըն­կե­րու­թեան մը ա­ռաջ­նա­կարգ ջան­քը ըլ­լա­լու է ծա­ռա­յել զինք կազ­մող ան­հատ­նե­րու, ան­դամ­նե­րուն հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան եւ, ան­շուշտ, աշ­խար­հա­յին կեան­քին աճ­ման, զար­գաց­ման։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հոս մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ «Զկայ­սերն՝ կայ­սեր, եւ զԱս­տու­ծոյն՝ Աս­տու­ծոյ» սկզբուն­քը։ Հա­ւա­տա­րիմ պէտք է մնայ ծա­ռը իր պտուղ հասց­նե­լու պար­տա­կա­նու­թեան եւ պտուղն ալ նոյն­պէս պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնայ ծա­ռին՝ ո­րուն պատ­ճա­ռով է որ գո­յա­ցած եւ ար­դիւ­նա­ւո­րուած է։

Ար­դա­րեւ, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը պէտք ու­նի զինք կազ­մող ան­հատ­նե­րու, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ան­հատ­ներն ալ պէտք ու­նի՛ն հա­ւա­քա­կա­նու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015