ԱԿՆԱՐԿ - 97 - ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ)
Վերջերս ստացայ բազմաշխատ հայագէտին՝ պրն. Յակոբ Չոլաքեանին հրատարակած մէկ նոր գիրքը՝ «Լեզուական հնհնուքներ»: Գիրքը կը բաղկանայ քառասունհինգ գրութիւններէ, որոնք բոլորն ալ՝ ինչպէս գիրքին վերանգիրը կը յուշէ, կը խօսին մեր լեզուին՝ յատկապէս արեւմտահայերէնին առընչուող խնդիրներու եւ երեւոյթներու մասին:
Այդ գրութիւններէն մէկուն մէջ, որ կը կրէ «Բարեկենդանը» անունը, հետեւեալը կը կարդանք. «Բարեկենդանը կը մօտենայ: Մանկապարտէզներուն մէջ Բարեկենդան պիտի գայ: Ծնողներէն կը խնդրուի, որ այսինչ օրը մանուկները ծպտուած բերեն դպրոց: Երեկոյ մը տղուն հետ կ՚իջնենք շուկայ, մտմտալով թէ ի՛նչ ծպտում յարմար պիտի ըլլայ անոր համար: Կը փորձենք մտնել մանկական իրեր ու խաղալիքներ վաճառող բոլոր խանութները: Հայ մայրեր, հայրեր, մեծ քոյրեր բերնէ բերան կը վխտան խանութներուն մէջ: Մանուկներ անշուշտ: Եւ խանութներուն մէջ դեզերով պահանջուած ապրանք: Խնդրե՛մ, էստի՜ համեցէք, Սուփըրման, Սփայտըրման, Պաթման, Նինճաներ…
Կը մտածեմ, որ քաղաքիս այս կողմերու վաճառականները Յովհաննէս Թումանեանի պատմած Բարեկենդանէն ի՜նչ պակաս են, որ այսպէս մեր հոգը տանելով՝ մեր Բարեկենդանն ալ կը տանին: Օ՜, սա ամենակարող նորաձեւութիւնը: Միթէ նոյնը չէ այն՝ որ մեր Սուրբ Սարգիսէն մինչեւ Տառընտազ (Տեառնընդառաջ) Վալանթայն կը բուրէ ներկայիս:
Ու կը մտածեմ, որ մենք, համօրէն, ճիգ չենք խնայեր մեր մանուկները՝ Ճորճիկը, Նժդեհը, Սահակը, հրապուրելու մեր գրականութեան, բանահիւսութեան եւ պատմութեան հերոսներով, բայց շուկայի համը աւելի թովիչ կը դառնայ: Իսկ մեր օգնութեան տկինանցները միթէ՞ չեն տեսներ այս շուկայական Բարեկենդանը, որ այդ հերոսները տարազաւորելով հրամցնեն մանկապարտէզներուն եւ անոր շահոյթով նպաստ մըն ալ տնտեսեն իրենց ծրագիրներուն:
Ու դեռ բան մը աւելի:
Եւ այդ «աւելին»՝ բովանդակութիւնն է, որուն մենք կու տանք «հայեցի դաստիարակութիւն» անունը:
…Ու պզտիկը խանութէ խանութ կը քաշքշենք, իբր աւելի լաւ բան մը առնելու համար, երբ տղան ոտքը կը զարնէ գետին ու կ՚ըսէ.
-Ես Սփայտըրմա՛նը կ՚ուզեմ:
Վե՛րջ» («Լեզուական հնհնուքներ», Երեւան, էջ 18-19):
Այս տողերը կարդալէ ետք ակամայ յիշեցի անցնող տարիներու Հայաստանի կրթութեան նախարարին մէկ արտայայտութիւնը, երբ լրագրողները կը փորձէին հասկնալ, թէ ի՛նչ տրամաբանութեամբ հինգերորդ դասարանի թուաբանութեան դասագիրքի հերոսներուն անունները եղած են՝ «Ադին, Բուդին, Գուդին, Դուբին եւ Եգին…»: Նախարարը՝ Ժաննա Անդրէասեանը այսպէս արձագանգած է. նախ արեւելահայերէնով (դասական ուղղագրութեամբ) կու տամ, յետոյ՝ արեւմտահայերէնով. «Մօտեցումը, որ դասագիրքը պէտք է դառնայ երեխայի համար հնարաւորինս պարզ ու մատչելի եւ մաթեմատիկան մեր ամենապրոբլեմատիկ առարկաներից է: Եթէ նայէք մեր միասնական քննութիւնների արդիւնքները, ամենացածր արդիւնքները գրանցւում են մաթեմատիկայից: Մեր երեխաները մաթեմատիկան լաւ չեն սովորում եւ պէտք է գտնել ձեւերը, որ սիրեն ու հասկանան: Մաթեմատիկայի սովորեցնելու մօտեցումները պիտի փոխուեն: Ինչ վերաբերում է անուանումներին՝ ես որեւէ արտառոց բան չեմ տեսնում, որ մեր երեխաները ինչ-որ մի անունով կոչեն ընտանիքի անդամներին եւ իրենց միջոցով սովորեն առարկան…»: «Մօտեցումը, որ դասագիրքը երեխային համար կարելի եղածին չափ պարզ ու մատչելի պէտք է ըլլայ, եւ թուաբանութիւնը մեր ամենէն խնդրայարոյց առարկաներէն է: Եթէ նայիք մեր միասնական քննութիւններու արդիւնքներուն, ամենէն ցած արդիւնքները թուաբանութեան մէջ կ՚արձանագրուին: Մեր երեխաները թուաբանութիւնը լաւ չեն սորվիր եւ պէտք է ձեւեր գտնել, որպէսզի սիրեն ու հասկնան: Թուաբանութիւն սորվեցնելու մօտեցումները պէտք է փոխուին: Ինչ կը վերաբերի անուններուն՝ ես որեւէ արտառոց բան չեմ տեսներ, որ մեր երեխաները որեւէ մէկ անունով կոչեն ընտանիքի անդամները եւ իրենց միջոցով սորվին առարկան…»:
Պրն. Չոլաքեան կը խօսէր հայեցի դաստիարակութեան մասին, իսկ վերը մէջբերուած հատուածին մէջ ո՛չ միայն հայեցի դաստիարակութեան մասնիկ անգամ չկայ, այլ՝ կրթութեան նախարարի մակարդակով օտարաբանութեան քաջալերանք: Նախարարը իր երկու երեք նախադասութիւններուն մէջ չորս անգամ թուաբանութիւն բառը կը գործածէ, բանականաբար ո՛չ հայերէն, ինչպէս նաեւ խնդրայարոց բառը, դարձեալ ո՛չ հայերէն:
Պրն. Չոլաքեանի գրութիւնը եւ կրթութեան նախարարին այս արձագանգը մտածել կու տան մեզի, թէ ո՞ւր փնտռել հայեցի դաստիարակութեան ճիշդ արմատները: Ծնողները առանձինն չե՛ն կրնար այդ գործը կեանքի կոչել, առաւել եւս իրականացնել: Անդին, պրն. Յակոբին տղան մանկապարտէզէն, այլ խօսքով դպրոցէն բերած էր Սուփըրմանը, Սփայտըրմանը, Պաթմանն ու Նինճանները…, այսինքն՝ ծնողները ինչքան ալ փորձեն Թումանեանական եւ այլ գրողներու բազմաթիւ հերոսներով դաստիարակել ու լեցնել իրենց զաւակներուն ներաշխարհը, դպրոցն է, սակայն, որ այդ փորձին յաջողութեան գրաւականը պիտի ըլլայ: Իսկ դպրոցը «Ադին, Բուդին, Գուդին, Դուբին եւ Եգին…»ներով ո՛չ միայն չի՛ նպաստեր այդ առաքելութեան, ընդհակառակը, զայն արմատապէս կը կտրէ:
Նախարարը կ՚ըսէ, թէ ինք արտառոց բան չի՛ տեսներ այդ անուններուն մէջ… Հարցումը, աւելի ճիշդ ենթադարութիւնը, որ կը ծագի մեր միտքին մէջ, հետեւեալն է. թերեւս տիկին նախարարը իր մանկութեան Թումանեան, Աղայեան եւ ուրիշ գրողներու ստեղծագործութիւնները չէ՛ կարդացած, այլ կարդացած է ադինաբուդագուդիադուբիեաեգին-ական գրականութիւն, որով նման անուանումներու պարագային արտառոց բան չէ՛ նկատեր: Վաղը կամ միւս օր, թերեւս նոյն յաջողութեամբ արտառոց բան չնկատէ նաեւ դարանաբազադապարկատասատ-ական, կամ ահմետահասանաճալաալիանասըրխալիլ-ական անուանումներուն մէջ…:
Հայեցի դաստիարակութեան համար հսկայ աշխատանքներ կամ ծրագիրներ պէտք չեն, այլ՝ պարզապէս գիտակցութիւն մեր ունեցած հարստութեան, գիտակցութիւն մեր գրականութեան, բանահիւսութեան եւ պատմութեան: Այդ գիտակցութիւնը երբ ըլլայ, ապա հայեցի դաստիարակութիւնը իր ճամբան կը ճեղքէ եւ ճիշդ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ, յնելով ընտանիքին ու դպրոցին վրայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 դեկտեմբեր, 2024, Վաղարշապատ