ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԻՐ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՏՕՆԱԽՄԲԵԼ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ

Թուրքիոյ քրիստոնեաները արդէն սկսած են տօնախմբել Սուրբ Ծնունդը, նաեւ ապրիլ Նոր տարուայ հրճուանքը։ Սա միայն թրքահայ համայնքով սահմանափակուած չէ՝ քանի բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւնները նոյն բարձր տրամադրութեան մէջ են։ Պէյօղլուի Զողրաֆիոն յունաց լիսէի աշակերտները վերջին օրերուն Թաքսիմի Այա Թրիատա եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան տօնախմբութեան մը։ Տղաքը միասնաբար եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաճելի ժամանց ունեցան՝ մինչ կատարեցին նաեւ իրենց ուխտի աղօթքը։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ RUMVADER-ի ատենապետ Եորկօ Փափալիարիսի կողմէ։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին յունաց պատրիարքի կողքին էին Էմմանիւէլ Մետրապոլիտն ու Թուրիքոյ յոյն համայնքի յառաջատար գործիչներէն Լաքի Վինկաս։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024