ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Որո՞նք են Սուրիոյ հայութեան պահապանները… Բոլոր վերլուծութիւններէն անդին, աշխարհատարած հայութեան համար Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Պանիասի, Գամիշլիի, բայց մանաւանդ՝ Հալէպի հայ բնակիչներու անվտանգութեան խնդիրը ամենակարեւոր օրակարգն է։ Անվտանգութիւնը, որուն պատճառով ալ հազարաւոր հայեր լքեցին իրենց բնօրրանը՝ Սուրիան, երկիրը պատէ-պատ զարկաւ։ Էսատի ձախողած վարչակարգը, որ ամէն առիթով փորձեց սուտեր շարադրել, որ իր ձեռքերուն մէջ կը պահէր Սուրիոյ կարեւորագոյն քաղաքները, ունէր կարեւոր առիթներ երկիրը դարձեալ ոտքի հանելու, տնտեսութիւնը աճեցնելու, ներքին խնդիրները եւ լարումը փարատելու եւ ի վերջոյ հարեւան երկիրներուն հետ բանակցելու ու լեզու գտնելու համար։

Անշուշտ, Էսատի վարչակարգի տապալման հիմնական գործօններէն է Իսրայէլի անհանգստութիւնը, որովհետեւ անցնող առնուազն աւելի քան քսան տարիներուն, Պեշար Էսատ ու զինք շրջապատած վարչախումբի ամբողջ անձնակազմը շատ ցած գիներ գանձելով ապահովեցին Իրանի զէնք-զինամթերքի հոսքը՝ դէպի Լիբանան։ Այդպէսով, շիի «Հիզպուլլահ»ը դարձաւ կարեւոր դերակատար մը ու կերպով մըն ալ կատարեց Իրանի թելադրանքները՝ նախ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին, ապա Սուրիոյ, Եմէնի ու նոյնիսկ Իրաքի մէջ։

Այսօր արդէն կը նկատենք, որ Իսրայէլի համար «Հիզպուլլահ»ի առաջուան վտանգը արդէն վերացած է, նաեւ փակուած կը համարուին Թեհրանէն մինչեւ Պէյրութի հարաւային շրջանները զէնք փոխադրելու համար օգտագործուած ցամաքային ճանապարհները, ռազմավարական արժէքով ծրագիր-հետագիծը։

Իսկ թէ ի՛նչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, դեռ վաղ է ըսել, որովհետեւ, ո՛չ միայն աղօտ է ընդհանուր պատկերը, այլ կան մի քանի հիմնական խնդիրներ, որոնք շատ արագ լուծումներ պէտք է ստանան։

Տարբեր հարթակներու վրայ վերլուծողներ, գրողներ, տեսակէտ արտայայտողներ կը խօսին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Այսպէս, կը կատարուին ախտաճանաչումներ, բայց բոլորի լեզուին տակը կը շարունակէ յամենալ մէկ ու յստակ մտավախութիւն մը, թէ Սուրիան պիտի կարենայ ունենա՞լ կեդրոնաձիգ կառավարութիւն մը, որպէսզի նախ երկիրը դուրս հանէ այս բարդ փուլէն ու միացնէ այն շրջանները, ուր կան տիւրզիներ, քիւրտեր, որոնք փորձած են ժամանակաւոր ինքնավարութեան մը հասնիլ։ Այդ նոր կառավարութիւնը պիտի կարենայ բուժել այն վէրքերը, որոնք ի յայտ եկան յատկապէս վերջին տարիներուն՝ Հալէպի, Թարթուսի կամ Պանիասի պարագային եւ ի վերջոյ արդար մօտեցումներ պիտի ունենա՞յ՝ կապուած մեծամասնութեամբ ալեւի բնակչութեամբ Լաթաքիային, Քըրտահային եւ այդ շրջաններու միւս բնակիչներուն։ Անոնք Սուրիոյ սիւննի մեծամասնութեան համար կը համարուէին թշնամի քաղաքներ, զանազան պատճառներով...։

Այս բարդ եւ բազմերես խնդիրներուն մէջ դարձեալ հայութեան մտասեւեռումը կ՚երթայ դէպի հայաշատ կամ նուազ հայաբնակ քաղաքներու վիճակն ու ճակատագիրը։ Սա կերպով մըն ալ այդ ափերուն գոյութենական խնդիր կը համարուի։ Ի վերջոյ հայեր պիտի ուզե՞ն իրենց կեանքը շարունակել Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ կամ Քեսապի մէջ։ Կամ անոնք ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին տակ պիտի կարողանա՞ն լեզու գտնել նոր հասնող, նոր տեղաւորուող ու աճելու ճանապարհ բռնող թարմ իշխանութիւններուն հետ։ Հարցումին պատասխանը դեռ եւս անյստակ է, բայց, կան դրական նշոյլներ, որոնք կը ներկայացնեն նոր իրականութեան առաջին ծիլերը, որոնք մեծ հաշուով դրական են, բայց կարեւորը այս բոլորին մէջ այն է, որ մօտաւոր ապագային ցնցիչ դէպքեր կամ անսպասելի իրադարձութիւններ տեղի չունենան՝ առանց այդ ալ բաւական վիրաւոր ու յոգնատանջ Սուրիոյ մէջ։

Հայութիւնը բոլորուած է իր հոգեւոր առաջնորդներուն շուրջ։ Ի տարբերութիւն արեւմտեան երկիրներու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոքրամասնութեան կարգավիճակով համայնքներու պարագային կը շարունակեն մեծ արժէք եւ կարեւոր ներկայութիւն հանդիսանալ կրօնական համայնքներու, յարանուանութիւններու առաջնորդները։ Ճիշդ է, որ Սուրիան արիւնաքամ ըրած պատերազմի զանազան փուլերուն այդ առաջնորդներէն ոմանք զոհուեցան կամ առեւանգուեցան, բայց, այսօր եւս անոնք հոգեւոր առաջնորդ ըլլալու առընթեր, ունին նաեւ համայնքի ներկայացուցիչ ըլլալու հանգամանք։ Ի հարկէ, այս մօտեցումը կու գայ նախ եւ առաջ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներէն, երբ հոգեւոր առաջնորդները նաեւ ազգապետ էին։ Այլ խօսք, որ շատ յաճախ հայութեան որոշ տոկոսը պատմութեան ընթացքին հեղինակազրկած է հոգեւոր իշխանութիւնը։

Ուրախառիթ է, որ նոյնը տեղի չունեցաւ Սուրիոյ պարագային։ Շնորհիւ իրենց իմաստուն քայլերուն հոգեւոր առաջնորդները յաջողեցան ստեղծել կրօնական-համայնքային հարթակ մը ու իրենց բոլորանուէր ճիգերը ներդրին յանուն համայնքի անվտանգութեան։ Այսօր, երբ նոր փուլ մը կը բացուի Սուրիոյ մէջ, նկատելի է, անշուշտ, որ հայութեան անունով կը խօսին երեք հոգեւոր առաջնորդներ՝ Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական։ Ի հարկէ, այլ անուններ ալ կան, բայց, յիշեալները եղան առաջինները, որոնք արագօրէն խօսակցութեան մէջ մտան նոր իշխանութիւններուն հետ եւ այսօր ալ կը փորձեն ո՛չ միայն հասկնալ Սուրիոյ գործընթացներուն բնոյթը, այլեւ աւելի անդին երթալով՝ կը ջանան պարտն ու պատշաճը ընել յանուն համայնքի զաւակներու բարօրութեան։ Բնական է, անշուշտ, որ սոյն առաջնորդներէն բացի կան նաեւ այլ նուիրեալներ, որոնց ջանքերը նուազ արժէք չեն ներկայացներ։

Շատ առինքնող են այս օրինակներն ու անունները, որոնց շնորհիւ ապահովաբար Սուրիոյ հայութիւնը կարողանայ հատել բոլոր դժուարութիւնները եւ անցնիլ կամուրջի դէպի միւս ափը։ Միութիւններուն կը մնայ լսել ու գործակցիլ առաջնորդներուն հետ, որպէսզի անոնց անունը բարձր պահուի եւ երաշխաւորուի համայնքներու անվտանգութիւնը։ Ի վերջոյ, Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն համար անչափ կարեւոր պիտի ըլլայ պահել ու պահպանել քրիստոնեայ կամ այլ փոքրամասնութիւններու ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ։ Համայնքները՝ հայութիւնը, ասորիները, յոյները, քաղդէացիները, մարոնիները, տիւրզիները, ալեւիներն ու թիւրքմենները Սուրիոյ բուն հարստութիւններն են, անշուշտ, երկրէն ներս մեծամասնութեան տէր սիւննիներու կողքին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024