ՄԱՆՈՒԿ-ՊԱՏԱՆԻՆ ԵՒ ՍԵՌԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Անգիտակցաբար կատարուած կատակները, չմտածուած հայհոյանքները եւ շարք մը անզգուշութիւններ պատճառ կը դառնան, որ մանուկին մօտ աւելիով զարգանան սեռական հետաքրքրութիւնները. այսօր պատանին թէ՛ իր ընտանեկան շրջանակին մէջ եւ թէ համացանցի վրայ կամայ թէ ակամայ ականջալուր կը դառնայ ամէն տեսակ հայհոյութեանց, ինչ որ կը «զարգացնէ» անոր երեւակայութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ շատ մը հարցադրումներու:

Այս բոլորը մանուկ-պատանիին մօտ կը ստեղծեն մի քանի տարբեր հոգեբանական բախումներ։ Առաջին հերթին անոնք կը սկսին «ամօթ»ի զգացում մը զգալ իրարո՚ հանդէպ. աղջիկներ տղաներէն, իսկ տղաներ աղջիկներէն որոշ վերապահութիւն մը կ՚ունենան (անշուշտ բոլոր մանուկ-պատանիներուն մօտ չէ, որ կը տեսնուի այդ մէկը, որովհետեւ ընտանեկան մթնոլորտն ու դաստիարակութեան ձեւը մեծ ազդեցութիւն ունի). եթէ տան մէջ ընտանիքը պահպանողական ըլլալով աւելի փակ միջավայր ստեղծած է պատանիին համար, մանաւանդ սեռական հարցերու շուրջ համոզած են, որ ամէն բան «ամօթ» է, ապա այդ պատանին բնականաբար պիտի զգայ ու ապրի այդ հեռաւորութիւնը, մինչ սեռականութիւնը շատ աւելի պարզի ու թեթեւի առած ընտանիքի զաւակներուն մօտ՝ մանաւանդ անոնց, որոնք ամէն տեսակ հայհոյանքի ու սեռական գրգիռներու տակ հասակ կ՚առնեն, ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլան: Աւելի փակ ու ամօթի զգացումով հասակ առած մանուկները հակառակ սեռի հետ շփում ունենալու ժամանակ իրենց մէջ կ՚ունենան վախ. վախ պիտակաւորման հանդէպ, վախ ծաղրանքի առարկայ դառնալու, որովհետեւ իրենց համար հակառակ սեռը կը շարունակէ մնալ չլուծուած հանելուկ մը եւ իր անգիտութիւնը ինքնաբերաբար զինք հեռու կը պահէ հասակակիցներէ: Այս բոլորն են պատճառը, որ կը տեսնենք, թէ ինչպէս նոյն դասարանին մէջ տղայ մը շատ աւելի համարձակ յարաբերութիւն կ՚ունենայ հակառակ սեռին հետ, քան ուրիշը:

Յստակ է, որ պատանեկութեան ունեցած այդ անյարմարութիւնը երիտասարդութեան եւս իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ. սեռային դաստիարակութենէ հեռու ապրած մանուկը իր երիտասարդութեան տարիքին ալ հակառակ սեռին հետ շփում ունենալու լուրջ խնդիր պիտի ունենայ (թէեւ որոշ տարիքի մը այդ մէկը փոփոխութիւն պիտի կրէ). այս է պատճառը, որ կը կարեւորենք սեռական դաստիարակութիւնը, որ իրականութեան մէջ երկքուի կը բաժնուի. սեռական դաստիարակութեան ճամբով պատանին նախ կը ճանչնայ ինքն իր անձը, իր հետ կատարուող փոփոխութիւններն ու կենսաբանական օրէնքները, ապա երկրորդ մասով հակառակ սեռը աւելիով կը սկսի ճանչնալ եւ առողջ դաստիարակութիւնն է, որ անոնց մէջ կը ստեղծէ փոխադարձ յարգանքի ըմբռնում: Սեռական դաստիարակութիւնը կ՚օգնէ, որ շատ մը սահմաններ ամօթ նկատուելու փոխարէն ունենան իրենց տրամաբանական պատասխանները: Այդ պատասխանները կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ սեռական դաստիարակութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մանուկ պատանին ունենայ շատ մը հարցերու ճշգրիտ պատասխանները. այդ մէկը առիթ կու տայ մանուկ պատանիին, որպէսզի բաց եւ ազատ քննարկումներ ունենայ. մենք ալ կը հասկնանք, որ մեր Միջին Արեւելքի տրամաբանութեամբ կարելի բան չէ նստիլ եւ մանուկ պատանիին սեռական կեանքին մասին խօսիլ, սակայն, ներկայ աշխարհը կը պարտադրէ այդ մէկը, որովհետեւ եթէ այսօր մենք ճիշդը չյաջողինք փոխանցել, սխալը շատ դիւրաւ տեղ պիտի գրաւէ անոնց ուղեղներուն մէջ. նման հարցերու շուրջ խօսիլը տեղ մը ամօթ նկատելու փոխարէն պէտք է նկատել ծնողք-զաւակ յարաբերութեան կարեւոր մէկ մասը: Շատ մը բաներու մասին տեղեկացուած ըլլալը մանուկ-պատանին հեռու պիտի պահէ շատ մը սխալ ընտրութիւններէ։ Մեծահասակ մը եւ կամ նոյնիսկ հասակակից մը պիտի չյաջողի զինք խաբել թիւր տեղեկութիւններով՝ որոշ նպատակներ իրագործելու համար, որովհետեւ սեռական դաստիարակութիւնը առողջ ընտրութիւններ կատարելու ռազմավարութիւն մը կը ստեղծէ:

Սեռական դաստիարակութիւնը մանուկ պատանիին մօտ կ՚արթնցնէ գիտակցութիւնը եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան աւելիով հասկնայ հոգեկան եւ մարմնական փոփոխութիւնները, որոնք իր մէջ կը կատարուին կամաց կամաց: Սեռական դաստիարակութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մանուկ-պատանիին մէջէն վերցուին շատ մը վախեր. օրինակ՝ իգական սեռի պարագային դաշտանը որոշ վախ մը կրնայ յառաջացնել՝ մանաւանդ անոնց մօտ, որոնք լաւապէս տեղեակ չեն կենսաբանական փոփոխութիւններուն եւ դժբախտաբար այս մէկը շատ մը կորուստներով սորվեցաւ այս աշխարհը. այսօր լրատուական դաշտը լեցուն է դաշտանի պատճառով ինքնասպան եղող պատանիներու հաղորդագրութիւններով: Սեռական կեանքը մարդու կեանքին մէջ կարեւոր մաս մը կը գրաւէ եւ անոր արժէքը դաստիարակութիւնն է, որ կու տայ. այդ փոխանցուած արժէքն է, որ պիտի ճշդէ այդ մանուկ պատանիին ապագայ սեռական կեանքն ու յարաբերութիւնները։ Դաստիարակութիւնն է, որ պիտի ճշդէ անոր արժէքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդու համար այդ մէկը տարբեր հասկացողութիւն, տարբեր արժէք ու նպատակ ունի:

Սեռական դաստիարակութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ գիտենք անոր բացակայութեան բերած աղէտները, ինչ որ մեր յաջորդ յօդուածին նիւթը պիտի ըլլայ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար շատ մը մշակոյթներ պատանի տարիքէն կը պսակեն իրենց աղջիկ զաւակները:

Պատասխան. Շատ մը մշակոյթներու մէջ իրենց աղջիկ զաւակները փոքր տարիքէն ամուսնացնելը պայմանաւորուած է ընկերային եւ տնտեսական տարբեր գործօններու վրայ: Աւանդաբար, փոքր տարիքի ամուսնութիւնները անցեալին կը նկատուէին որպէս դաշինք ու համաձայնութիւն, պահպանելու ընտանիքին պատիւը եւ այդ մէկը կը դիտուէր որպէս նիւթական կայունութեան միջոց: Նահապետական օրերուն աղջիկներուն փոքր տարիքէն ամուսնանալը նպատակ ունէր հսկելու անոնց բարոյականութեան՝ նկատի ունենալով, որ ընտանիքին հեղինակութեան համար շատ կարեւոր էր այդ մէկը: Այս պատճառ մըն էր աղքատութիւնը յաղթահարելու. շատ մը ընտանիքներ կ՚ուզէին իրենց զաւակները փոքր տարիքով ամուսնացնել նիւթապէս ապահով անձերու հետ՝ ապահովելու համար իրենց զաւակներուն հանգիստը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024