ՆՈՐ ՄԸ՝ ԱՌԱՆՑ ՈՐ ՀԻՆԸ ՀԻՆՑԱԾ ԸԼԼԱՐ

Թռաւ-գնաց տարի մը եւս. Ամանոր է դարձեալ…

Մեր ժամանակներու կշռոյթով դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ տարիներու անցնելուն մասին։ Իւրաքանչիւր ն՛որ տարի սկսած է արագութեան նո՛ր նշաձող մը սահմանել։ Յարափոփոխ դարաշրջանը կու գայ հրահրել վազք մը, որ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական հարթութեան վրայ կը մաշեցնէ խորքային գիտակցութիւնը, առ հասարակ խորքայնութիւնը։

Արդի աշխարհին մէջ անկարելի է որեւէ բան մարսել կամ իւրացնել։ Հազիւ թէ կը ներկայանայ առաջին շփման կամ ծանօթութեան հնարաւորութիւնը, արդէն վրայ կը հասնի նոր մը, յետոյ աւելի նոր մը եւ այսպէս շարունակ։ Ամէն ինչ անցեալ կը դառնայ՝ առանց որպէս այդպիսին հիննալու։ Ներկան կարծես չգոյացած ըլլար. միշտ կը զոհուի այդ վազքին։

Այժմ անկարելի է միանշանակ կողմնորոշուիլ, թէ մարդկութիւնը ուղղուած է ապագայի՞ կամ միայն անցեալ կը կուտակէ թափով։ Պարզ է, որ անցեալի ու ապագայի խաչաձեւման կէտին վրայ է ներկան։ Այդ խաչմերուկին վրայ յստակ դիրքաւորուելու համար անհրաժեշտ նախապայման չէ՞ գիտակցութիւնը։

Ուրեմն, Նոր տարին թող դուռ բանայ գիտակցութեան թէ՛ նորին եւ թէ հինին համար, համընդգրկուն իմաստով։

Բոլորին շնորհաւոր Ամանոր 2025, բարին ընդ մեզ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024