ՀԱՒԱՏԱ՛ ՀՐԱՇՔԻՆ…

Ձիւնագեղը փոքրիկ գիւղ մըն էր, որ իր առատ ձիւնին եւ անկէ ստեղծուած գեղեցիկ տեսարաններուն համար կոչուած էր Ձիւնագեղ։ Տարին վեց-եօթ ամիս ձիւնով ծածկուած էր, հեքիաթ ըլլար կարծես…

Նոր տարուան ու Սուրբ Ծնունդի օրերուն, գիւղը ամբողջութեամբ կը զարդարուէր շքեղութեամբ եւ Կաղանդի խաղեր կը կազմակերպուէին։

Փոքրիկ Նանարն ալ այդ գիւղի բնակիչ էր։ Ծնողքը խաղալիքի խանութ մը ունէր եւ ան դպրոցէն ետք շատ կը սիրէր նստիլ խանութը, որ իրենց փողոց նայող սենեակներէն մէկն էր. կը խօսէր պուպրիկներուն ու արջուկներուն հետ, անոնց տեղերը կը փոխէր ու կ՚օգնէր մօրը։

Սակայն այս տարի խաղալիքները իրենց հմայքը կորսնցուցած էին։ Իր բոլոր ընկեր-ընկերուհիները քոյր-եղբայր ունէին, իսկ ինք առանձին էր, անշարժ պուպրիկները, արջուկներն ու շունիկները ձանձրացուցիչ էին այլեւս, միայն ինք կը խօսէր անոնց հետ եւ անոնք զինք անպատասխան կը ձգէին։ Այնպիսի խանութ մըն ալ չկար, որ քոյր-եղբայր ծախէին… Շատ մտածեց, ինչ կ՚ըլլար գոնէ շունիկ մը ունենար… Ինչպէ՞ս ընէր, որ այս խաղալիք շունիկներէն մէկը իրական դառնար… Չէ՞ որ Ծնունդին հրաշքներ կը պատահին… Դեռ ժամանակ կայ մինչեւ Ծնունդ, ես ամէն օր կ՚աղօթեմ այդ հրաշքին համար, մտածեց ան։

Իր դրացի ընկերուհիին՝ Դալարին պատմեց իր փափաքը, ընկերուհին տխուր նայեցաւ.

-Նանար, իսկ ես կը փափաքիմ, որ հայրիկս հոս ըլլայ Ծնունդին, մայրս կ՚ըսէ, որ այս տարի ձիւնը շատ նստեր է եւ ճամբայ չկայ քաղաքէն գիւղ հասնելու։

-Բայց դուն քոյր ու եղբայր ունիս…

-Այո՛, բայց անոնք ալ կ՚ուզեն, որ հայրիկը հոս ըլլայ եւ Ծնունդը միասին տօնենք, մայրս կ՚ըսէ, որ Ծնունդը այն տօնն է, որ բոլոր ընտանիքը պէտք է միասին ըլլայ։

Երբ Նանարին մայրը, ըստ սովորութեան, Ծնունդի առիթով ընդհանուր մաքրութեան սկսաւ, դարակներէն իջեցուց խաղալիքները փոշին մաքրելու, սնտուկներէն հանեց Ծնունդի վերաբերեալ խաղալիքները, զարդարանքները՝ խանութին աւելի տօնական տեսք մը տալու համար։

Նանարին ամենաերջանիկ օրերն էին անոնք, դպրոցէն հեւ ի հեւ տուն կու գար մօրը օգնելու համար… Շատ կը սիրէր Յիսուս Մանուկին մսուրը զարդարել, ծննդեան երգերով կը լեցուէր այդ փոքրիկ խանութը, որ երկու օր կը փակէին զարդարելու համար։ Սակայն այս տարի նոյնը չէր…

Նանարին հասակը նախորդ տարուընէ աւելի երկարած էր եւ պահարանի մը ամենավերին դարակին վրայ նշմարեց փոշիներու մէջ մնացած ապակեայ փոքրիկ գնդակ մը։

-Ի՞նչ պիտի ընես այդ գնդակը, ըսաւ մայրը, տարիներ առաջ դեռ դուն ալ չէիր ծնած մէկը բերաւ, որ ծախենք, այդպէս ալ հոն մնացեր ու մոռցուեր է։

Նանարը ձայն չհանեց, բայց, հետաքրքրութիւնը կ՚եռար իր մէջ, աւելին՝ փոշիներու տակ մնացած այդ փոքրիկ գնդակը, մագնիսի նման կը քաշէր զինք, նորութիւն մըն էր։ Չէ՛, անպայման պիտի իջեցնէր այնտեղէն… Բայց ինչպէ՞ս։

Ծնունդէն քանի մը օր առաջ վերջապէս առիթը գտաւ, բարձրացաւ սանդուխին վրայ եւ զգուշութեամբ առաւ փոքրիկ գնդակը ու գնաց իր սենեակը։

Մաքրեց անոր փոշին… Ո՜հ, այդ ի՜նչ գեղեցիկ էր, կարծես իրենց գիւղը պզտիկցած ու մտած էր այդ գնդակին մէջ… Եղեւնիներով շրջապատուած ձիւներու մէջ պարզ խրճիթ մը… Սակայն աւելի հետաքրքրականը այն էր, որ ապակիին վրայ ոսկեգոյն տառերով գրուած էր «Կաղանդ պապուկին տունը»…

-Կաղանդ պապուկին տո՞ւնը…

Նանարը շարժեց գունդը, փափուկ ձիւն տեղաց, ամէն բան իրական էր կարծես եւ…

Բացուեցաւ խրճիթին դուռը ու փոքրիկ մարդ մը դուրս եկաւ, այտերը կարմիր, մօրուքը երկար եւ բարի, բարի ժպիտով…

-Շնորհակալ եմ փոքրիկ աղջիկ, որ արթնցուցիր…

Նանարը քայլ մը ետ գնաց։

-Մի՛ վախնար, ես Նիկողայոսն եմ… Ըսէ՛, ի՞նչ կը փափաքիս եւ ես պիտի կատարեմ այն… Դուն կը հաւատա՞ս ծննդեան հրաշքին։

Նանարը գոցեց աչքերը. շունիկ մըն էր իր փափաքը, բայց այս վայրկեանին այդ փափաքը շատ անհրապուրիչ երեւաց… Յիշեց Դալարին փափաքը, որ շատ աւելի մեծ էր՝ քան իրենը։ Դալարը ո՛չ միայն իր դրացուհին էր, այլ մտերիմ ընկերուհին, որուն հետ ամէն օր դպրոց կ՚երթար ու կը խաղար եւ կրնար պատահիլ, որ Դալարին հայրիկը չկարենայ ներկայ ըլլալ Ծնունդը ընտանիքին հետ տօնելու։

-Ես, ես բան չեմ ուզեր… Ես ամէն բան ունիմ, բայց կ՚ուզեմ, որ Դալարը ուրախ ըլլայ, ճամբաները գոց են եւ շոգեկառքը թերեւս չկարենայ մեր գիւղ հասնիլ Ծնունդին…. Ես կ՚ուզեմ, որ իր հայրիկը հրաշքով մը գայ…

Բարի ժպիտով, կարմիր այտերով եւ երկար սպիտակ մօրուքով ծերուկը ժպտաց.

-Բարի աղջիկ, դուն սիրտդ լայն բացած ես Մանուկ Յիսուսին համար։ Տար ինծի ձեր Կաղանդի ծառին քով, աննշմար անկիւն մը դիր եւ ամենակարեւորը՝ հաւատա՛ հրաշքին։

Ծննդեան գիշերը, եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլոր գիւղը հաւաքուած էր հրապարակ՝ Կաղանդի ծառին շուրջ, շարականներ, ծննդեան երգեր կ՚երգէին, փոքրիկները կը պարէին։ Ո՛վ, ի՛նչ ունէր տունը՝ պտուղ, անուշեղէն կը հրամցնէին իրարու, երջանկութիւն կը կաթէր բոլորին դէմքերէն։ Ձիւնը հանդարտ կ՚իջնէր երկինքէն, հրաշալի գեղեցկութեամբ մը կը շողար հրապարակը։ Բոլորը, բոլորը ուրախ էին։

Սահնակ մը կեցաւ հրապարակէն ոչ-հեռու եւ բոլորը դարձան այդ կողմ, մարդ մը մաղուող ձիւնին տակ դանդաղ կը յառաջանար դէպի հրապարակ։ Դալարը, որ Նանարին հետ կը պարէր՝ պոռաց յանկարծ.

-Հայրիկս է… հայրիկս է…

Ու վազեց փաթթուեցաւ հօրը։ Ուրախութեան ճիչերը աւելի բարձրացան, Ծնունդ էր եւ սա Ծնունդի հրաշքն էր… Երբ անկարելիութիւնը կարելիութիւն կը դառնայ։

Յաջորդ առտու շունիկի մը ձայնէն արթնցաւ Նանարը, Դալարը իրենց տան դրան առջեւ կեցած էր շունիկ մը գրկած։

-Նանար, այս շունիկը քեզի պիտի նուիրեմ, իմ փափաքս կատարուեցաւ, թող քուկդ ալ կատարուի։ Հայրս երկար կը սպասէ շոգեկառքին, որ այդպէս ալ չի յայտնուիր, բարի ծերուկ մը երկար սպիտակ մօրուքով, կարմիր այտերով ու բարի աչքերով հայրս կը հրաւիրէ իր սահնակով հասցնելու գիւղ։ Կը մերժէ հօրս հրաւէրը մեր հետ անցընելու Ծնունդը, «Շատ սպասողներ ունիմ», կ՚ըսէ։ Այս սպիտակ շունիկն ալ սահնակին վրայ է եղեր, հօրս կու տայ՝ ըսելով, որ շատ ցուրտ է, աւելի լաւ է հետդ առնես։ Երբ տուն գացինք, հայրս բաճկոնին գրպանէն հանեց այս փոքրիկ սիրունիկ շունիկը եւ որոշեցինք քեզի նուիրել…

Նանարը առաւ շունիկը Դալարին ձեռքէն ու վազեց Կաղանդի ծառին քով, ուր, ըստ բարի ծերուկի փափաքին, տեղաւորած էր գնդակը, բայց… գնդակը չկար։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Իսրայէլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024