ԿԵՆԱՑ ՈՒՂՒՈՅ ԹԱՓՕՐԸ
Ամըստամէ, կենաց ուղւոյ վրայէն սլացող թափօր մը կ՚առնէ նոր սկիզբ ամէն տարեգլուխին։ Քայլ առ քայլ, այս ուղիէն նոր ճիւղ մը կը ծլի եւ իմ խոկումներս խոյանքներ կը կատարեն դէպի այդ նոր ճիւղաւորումները՝ քիչ մը անցեալապաշտ, քիչ մը ապագայապաշտ նայուածքներով, բայց, ընդմիշտ նոր ի նորոյ արժէքներ փնտռելով։
Ի՞նչ է կեանքը եւ ինչո՞ւ փարած կը մնանք իրեն։ «Կու գանք մութ անդունդէ մը. կը յանգինք մութ անդունդի մը մէջ. լուսաւոր միջոցը կը կոչենք կեանք»։ Քազանծաքիս կը մեկնաբանէ միջանդունդային միջավայրերը եւ նոյն մարդերգակ հեղինակը «զօրպա»ի մը պէս մարդուն բերնէն մեզի կը յիշեցնէ, թէ կեանքի մէջ պէտք է դիմենք արկածախնդրութիւններու, որոնք անդունդները կը լեցնեն՝ հասնելու համար երջանկութեան, որ յաճախ պիտի գտնենք պարզութեան պլլուած։
Այսինքն, արկածախնդիր պէտք է ըլլալ։ «Le sentiment de l'aventure serait, tout simplement, celui de l'irréversibilité du temps.» (Արկածախնդրութեան զգացումը, պարզապէս, լոկ, այդ ժամանակի անդառնալիութեան զգացումն է)։ Այս տողին մէջ Սարթր կ՚ակնարկէ ժամանակի սլացումին, որուն մէջ ամէն մէկ վայրկեան պէտք է արժեւորել, նոյնիսկ եթէ դատապարտուած ենք գոյապաշտական սրտխառնոցի մը, զգալի՝ մասնաւորապէս մենութեան եւ անձկութեան պահերուն։ Բայց, ո՛չ Սարթրը, Քամիւն է, որ կը յիշեցնէ, թէ որքան անհեթեթ է կեանքի ճանապարհը, պէտք է ապրիլ ամենայն բարօրութեամբ՝ առանց ենթարկուելու սրտխառնոցի։ Արժեւորել արկածախնդրութիւններով՝ դատարկութիւնը լեցնելու համար։
Դատարկութիւն մը՝ լի փուճ խրախճանքով եւ ծանծաղ արժէքներով։ Խրախճանք՝ պիտանի, բայց, առժամեայ պահեր կեանքի մը սահմանում տալու համար։ Քանի՞ ժամ կը նստինք պաստառներու առջեւ գտնելու համար վայր մը։ Եւ յաճախ տիսքօթէքներու ընդհանրապէս մութին մէջ կը զգամ ողջ ու առողջ, միայն լոյսի աղբիւրը նատրիոն լուսագունդն է, որուն տակ կէսգիշերուան համբոյրիս կը սպասեմ մէկ՝ անկիւնի մը մէջ թաղուած։ Բայց, գիտեմ՝ օր մը պիտի գայ, երբ հոգս պիտի չըլլայ այս մէկը, գոնէ նիւթապաշտ աշխարհին մէջ։ Ուարհոլ կը պարզէ կացութիւնը. «Look, nothing is exciting, nothing is sexy, nothing is not embarrassing. The only time I ever want to be something is outside a party so I can get in.» (Նայէ՛, ոչինչ գրգռիչ, ոչինչ սեքսի, ոչինչ ոչ-խայտառակեցնող է։ Միակ անգամը, որ ես այնքան այսինչ մը ըլլալ կ՚ուզէի փարթիի մը ընթացքին, որպէսզի կարենամ ներս մտնել)։ Ուրիշ տեղ մը կը խոստովանի իր միւս նախասիրութիւնը՝ տունը նստիլ միսմինակ հեռատեսիլին առջեւ։ Թեթեւահունչ խրատներով մեզ կը զգուշացնէ, որ երբեմն լուրջի պէտք չէ առնել կեանքի որոշ դրուագները։ Որքան որ դատարկութիւնն ալ կարեւոր է՝ զայն գոհացնենք չափաւոր ձեւով եւ գիտակցութեամբ։
Վերադառնալով ճանապարհ բառին…
Notre vie est un voyage
Dans l'Hiver et dans la Nuit
Nous cherchons notre passage
Dans le Ciel où rien ne luit.
Կեանքը ճանապարհ մըն է
Ձմրան մէջ եւ գիշերուան մէջ
Մենք կը փնտռենք մեր անցքը
Երկինքին մէջ, ուր ոչինչ չփայլի։
Սելին այս մէջբերումով կը բնաբանէ «Ճամբորդութիւն գիշերէն անդին» գլուխ գործոցը։ Բայց ինչպէ՞ս փնտռել երկինքի մէջ։ Ըլլայի այլ տեսակի էակ մը… թռչուն մը ըլլայի եւ ինչպէս կը գրէ սուֆի բանաստեղծ Աթթար՝ «Բանն Թռչնոց»ի մէջ, եօթն ձորերու վեհանձական ճանապարհի մէջէն անցնէի իմ քոյր եւ եղբայր թռչուններուն հետ, որպէսզի հասնէի ճշմարտութիւն։ Ճշմարտութեան ուղին բռնէի։
Ահա՛, մտորումներու շարան մը, շարունակելի գալիք տարի։
Շատ տարիներու։
ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ
ԱՄՆ
Հարթակ
- 02/05/2025