ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայ արդի նկարչութեան վառ ներկայացուցիչներէն Երուանդ Քոչարի գործունէութեան Փարիզի եւ Երեւանի ստեղծագործական հանգրուաններու նմոյշները ամփոփուեցան ցուցահանդէսի մը մէջ։ «Երուանդ Քոչար. սերունդներու երկխօսութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի մասնակցութեամբ։ Գեղարուեստասէրները այս առթիւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ տեսան մեծ արուեստագէտին գեղանկարները, քանդակները, տարածական նկարչութեան օրինակները եւ կրաֆիքի աշխատանքները։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան այս առթիւ տեղեկացուց, թէ ձեռնարկը կազմակերպուած է Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանին հետ համագործակցաբար։ «Շատ սիրելով ու գնահատելով Երուանդ Քոչարի արուեստը՝ պատուաբեր կը համարեմ այս ցուցահանդէսը։ Ներկայացուած են իր Երեւանի եւ Փարիզի շրջանի գործերը։ Նման ցուցահանդէս մը կազմակերպելու փափաքը շատ մեծ էր», յայտնեց Արմէն Ծատուրեան բացման հաւաքոյթին ընթացքին։
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան նշեց, թէ Երուանդ Քոչար տակաւին նոր մուտք կը գործէր արուեստի ասպարէզէն ներս, երբ իր ցուցահանդէսը բացուած էր Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ։ «Ան շատ բան փոխեց իմ մտածելակերպիս մէջ։ Աչքիս առջեւ է նոյնիսկ, թէ ո՛ր նկարը ո՛ւր կախուած էր։ Մեր հայ կերպարուեստի փառահեղ ստեղծագործողներէն մին է ան, ինչքան ալ խօսինք, գովաբանենք, քիչ կ՚ըլլայ», նշեց Աղամեան։
Իր կարգին, Յասմիկ Պօղոսեանն ալ ընդգծեց, որ Երուանդ Քոչար անսպառ է որպէս արուեստագէտ։ «Միայն այս երկու սրահներուն մէջ որքան միտք ու մօտեցում կայ։ Եթէ անդրադառնանք Հայաստանի մէջ քանի մը տարի առաջ կազմակերպուած իր գերիրապաշտ գործերու ցուցահանդէսին, ուր առանձին հատուածներով ներկայացուած էին հայ նկարիչները, վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ անոնք առաջնային դիրքերու վրայ էին եւ իրենց շարքերուն մէջ էր՝ Երուանդ Քոչարը։ Ան մեծ էր ո«չ միայն իր հանճարով, նաեւ՝ իր փիլիսոփայութեամբ, մտաւորականի կեցուածքով, իր ստեղծած միջավայրով», ըսաւ նախարար Յասմիկ Պօղսեան։
Քոչարի Փարիզի ստեղծագործութեան տարիներէն (1923-1936) այս ցուցահանդէսին ներառնուած են շարք մը յատկանշական գործեր։ Փարիզի մէջ Քոչարին լայն համբաւ ապահոված էին իր տարածական նկարչութեան նմոյշները, որոնց մէջ ան փորձած էր նկարչութիւնը դնել ոչ միայն տարածական, այլ նաեւ ժամանակային չափման մէջ՝ առաջարկելով քանդակագործութեան, գունանկարի համադրման, ներդաշնակ համադրութեան սեփական տարբերակը։
Երեւանի ստեղծագործական տարիներու (1936-1979) գործերուն մէջ յատկանշական են Սասունցի Դաւիթի նկարազարդումները։ Անցեալի հերոսականութեան նկատմամբ իր վերաբերմունքի արտայայտութեամբ ստեղծուած այս նկարազարդումները դարձած են հայկական նկարչութեան հիանալի նմոյշներ։ Անոնք ոչ միայն հայ գրքային արուեստի ստեղծագործութիւններ կը համարուին, այլ կրաֆիքի գլուխ գործոցներ, որոնք կը ներկայացնեն ինքնուրոյն արժէք։
Ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նաեւ ստեղծագործութիւններ, որոնք ձօնուած են հայոց շարք մը մեծերուն. օրինակ՝ Սայաթ Նովա, Տիգրան Մեծ, Վարդան Մամիկոնեան, Դերենիկ Տէմիրճեան, Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան։
Երուանդ Քոչարի գործերուն ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 10-ը։