ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ
Համամարդկային հիմնահարցի վերածուած գաղթը 2025 թուականի տարեմուտի դրութեամբ կը շարունակէ միջազգային օրակարգը առաջնահերթօրէն զբաղեցնել, հաւանական նորութիւններով ու յաւելեալ ծալքերով հանդերձ։ Երկրագունդի զանազան գօտիներու անկայունութեամբ պայմանաւորուած անվտանգութեան մարտահրաւէրները եւ կլիմայի փոփոխութեան խնդիրները կը հրահրեն գաղթի հոսանքները։ Ըստ մասնագիտական կանխատեսումներու՝ որեւէ տուեալ գոյութիւն չունի, թէ ապագային մարդոց գաղթելու ձգտումը պիտի նուազի։ Երբ աշխարհի վրայ ամէն տարի գաղթի հոսանքը թափ կը ստանայ, միջազգային լրատուամիջոցները կը ջանան պատասխան որոնել, թէ 2025 թուականին այս առումով ինչպիսի՞ իրավիճակ մը պիտի ստեղծուի աշխարհի վրայ։
Վերջին տասն տարիներուն նոր պատնէշներ ստեղծուած են անոնց առջեւ, որոնք գաղթել կը փափաքին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատեր կառուցելու խօսոյթը օգտագործած էր՝ իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին։ Թրամփ այժմ երկրորդ պաշտօնամուտի սեմին կը գտնուի եւ իր դիրքորոշման կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Բաց աստի, քովիտի համավարակէն վերջ բազմաթիւ երկիրներ տեղափոխութեան սահմանափակումներ հաստատեցին։ BREXIT-ի հետեւանքով ալ Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ ազատօրէն գաղթելու հնարաւորութիւնը վերացած է։
ԱՄՆ 1970-ական թուականներէն ի վեր աշխարհի վրայ կը հանդիսանայ այն երկիրը, որ գաղթականներու թիւ մէկ հասցէն է։ ԱՄՆ-է վերջ, աշխարհի վրայ ամենաշատ գաղթ ընդունող երկիրներն են՝ Գերմանիան, Սէուտական Արաբիան, Ռուսաստանը, Անգլիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Այս աղիւսակի առաջին երկու երկիրներուն՝ ԱՄՆ-ի եւ Գերմանիոյ մէջ այս տարի իշխանութեան փոփոխութիւն կը նախատեսուի։ Մասնագէտներ ներկայիս կը ջանան հասկնալ, թէ այս փոփոխութիւնը 2025-ին ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել համաշխարհային գաղթի ալիքին վրայ։
Պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին ճամբորդութիւններու արգելքներ հաստատած, օրինական գաղթը սահմանափակած եւ արտաքսման գործարկները աւելցուցած Տանըլտ Թրամփ այժմ կը խոստանայ զանգուածային արտաքսումներ՝ իր երկրորդ պաշտօնավարման ժամկէտին ընդառաջ։ Իր փոխ-նախագահի թեկնածուն՝ Վենս դիտել տուած է, որ սա կրնայ սկսիլ՝ տարեկան մէկ միլիոն հոգիով։ Սա այժմու քանակութեան տասնապատիկին կը համապատասխանէ եւ այս պատճառով մասնագէտներ կը կասկածին իրատեսութենէն։
BBC-ի հաղորդումներով՝ Գերմանիոյ Արտաքին քաղաքականութիւններու խորհուրդի Գաղթի կեդրոնէն Վիքթորիա Ռիեթիկ կը մատնանշէ, որ անկանոն գաղթի դժուարացումը դարձած է կուսակցութիւններու նախընտրական քարոզարշաւներու տարրերէն մին։ «Կասկած չկայ՝ այս քաղաքական կլիման ընտրութիւններէն վերջ աւելի խիստ գաղթի քաղաքականութիւններու դուռ պիտի բանայ», կ՚ըսէ ան։
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի Միջազգային գաղթի կազմակերպութեան Գաղթի ուսումնասիրութիւններու եւ հրապարակումներու բաժանմունքի նախագահ Մարի Մաքոլիֆն ալ նոյն կապակցութեամբ BBC-ին յայտնած է հետեւեալը. «Ուսումնասիրած ենք վերջին 25 տարուան Մարդկային զարգացման ցուցակի տուեալները։ Նկատելի է՝ զարգացող երկիրներէ մարդոց գաղթը հետզհետէ կը դժուարանայ դէպի այն երկիրները, ուր միջին, բարձր կամ շատ բարձր մակարդակով մարդկային զարգացում կ՚արձանագրուի։ Սա շատ ակնյայտ հակում մըն է։ Միջազգային գաղթի մեծամասնութիւնը հարուստ երկիրներու միջեւ կ՚իրականանայ»։