«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կը շարունակէ տարեմուտի դրութեամբ եւս տեղ զբաղեցնել տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացաւ զանազան մասնագէտներու կարծիքներուն, ըստ որոնց՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը թէեւ լաւ նախաձեռնութիւն մըն է իր էութեամբ, սակայն, իրագործման ճանապարհին կան լուրջ խոչընդոտներ։ Արդարեւ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հայաստանէն միջանցք կը պահանջեն՝ իրենց պայմաններով, Ռուսաստանն ալ, իր կարգին, կը փափաքի վերահսկողութիւն հաստատել այդ հատուածին վրայ։ Այս բոլորը Հայաստանի շահերէն չեն բխիր։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւան աշխուժօրէն պէտք է աշխատի դաշնակիցներու հետ՝ իր անվտանգութեան մակարդակը աւելի բարձրացնելու համար։
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամենաթէժ կէտերէն մին։ Թէեւ այս պահուն աշխոյժ ռազմական գործողութիւններ չեն ընթանար, բայց, զգալի է, որ այնտեղ կը հատուին շարք մը յառաջատար ուժերու շահերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքը։ Ուստի, այս համատեսքով պայմանաւորուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի կենսունակութեան հարցը։ Հայաստանի թիւ մէկ խնդիրն է ռազմական հաւասարակշռութեան վերականգնումը, որովհետեւ միայն այդ պարագային Պաքու պիտի չափաւորէ իր յայտարարութիւնները։
Ի լրումն այս բոլորին, մեկնաբանները ներկայ պահու դրութեամբ կայուն խաղաղութիւնը հեռաւոր հեռանկար կը համարեն։ Տեսանելի ապագային արդէն կարեւոր պիտի ըլլայ պահպանել ներկայ իրավիճակը՝ բռնութիւններու ցած մակարդակը։
Այս համայնապատկերին վրայ լուրջ հարցական մըն է նաեւ Ուաշինկթընի նոր վարչախումբի հաւանական դիրքորոշումը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ ինչպէ՞ս պիտի վերաբերուի Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Իր վարչախումբը պիտի շարունակէ՞ ներգրաւուածութեան բարձր մակարդակը այս տարածաշրջանին նկատմամբ, ինչ որ վերջին չորս տարիներուն՝ նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարման շրջանին դիտարկուեցաւ։ Արդեօք Թրամփի օրով պետական քարտուղարութիւնը պիտի շարունակէ՞ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։ Արդեօք Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդականն ալ պիտի փորձէ՞ նպաստել Երեւան-Պաքու երկխօսութեան, թէ ոչ միայն չէզոք պիտի վարուի։
Հայաստանի կառավարութեան քայլերն ալ հետամուտ են ինքնիշխանութեան վերահաստատման՝ դիտորդական առաքելութիւններէ սկսեալ, մինչեւ զէնքի գնումները։