ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. 15 ԶՈՀ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ներկայ տարեմուտին պատահեցաւ ծանրակշիռ դէպք մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Նիւ Օրլիընզի մէջ տարեմուտի գիշերը, Պուրպոնի պողոտային վրայ Ամանորը տօնախմբող բազմութեան վրայ փոքր բեռնատար մը յարձակեցաւ։ Վարորդը բազմութեան վրայ քշեց եւ այս սարսափելի պատահարին հետեւանքով 15 հոգի զոհուեցաւ։ Վիրաւորեալներու թիւն ալ կը կազմէ 35։

Լուիզիանայի նահանգի կառավարիչ Ճէֆ Լենտրի արտակարգ իրավիճակ հռչակեց։

FBI տեղեկացուց, որ սա ահաբեկչական դէպք մըն էր եւ այժմ հետաքննութիւն կը կատարուի յարձակողի յարաբերութիւններուն շուրջ։ Յարձակումը գործուած է ԱՄՆ-ի քաղաքացի 42-ամեայ Շեմսետտին Ճապպարի կողմէ։ FBI կը կասկածի, որ ան կրնայ յարաբերութեան մէջ ըլլալ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) հետ։ Ճապպար աւելի առաջ աշխատած է ԱՄՆ-ի բանակին մէջ։

Միւս կողմէ, Թուրքիա պախարակեց ԱՄՆ-ի մէջ պատահած այս յարձակումը։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2025