ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն այցելութիւններ տալ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները յունաց պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցան միաբան հայրերու կողմէ, որոնք ջերմօրէն ողջունեցին զիրենք՝ բարեմաղթութիւններով հանդերձ։ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Ս. Գէորգ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը առաջնորդուեցան Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի պաշտօնական ընդունարանը։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրաբար ողջագուրուեցան ու բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յանուն կրօնական ժողովի, հոգեւորականաց դասու եւ թրքահայ համայնքին շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը եւ իր ողջոյններն ու օրհնութիւնները յղեց յոյն համայնքին։
Յաջորդած զրոյցի ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց օրակարգային հարցերուն եւ համաքրիստոնէական մարտահրաւէրներու շուրջ։ Այս տարի պիտի նշուի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովի գումարման 1700-ամեակը եւ այս յոբելեանին առթիւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք կը պատրաստուի հիւրընկալել քրիստոնեայ աշխարհէն բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ։