ՏԷՎԷՃԵԱՆԻ ՈՒՐՈՅՆ ԽՕՍՔԸ

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ դէ­պի Եւ­րո­պա գաղ­թա­կա­նաց հոս­քին մա­սին։ Ան­ցեա­լի մէջ նա­խա­րա­րի պաշ­տօն ալ վա­րած Տէ­վէ­ճեան Գեր­մա­նիոյ դիր­քո­րոշ­ման անդ­րա­դառ­նա­լով ը­սաւ. «Ա­ռին մեր հրեա­նե­րը ու մե­զի տուին ա­րաբ­նե­րը»։

Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն նա­ցի­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցած Վի­շիի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ֆրան­սա­յի հրեա­նե­րը յանձ­նած էր Գեր­մա­նիոյ։ Այդ ե­ղե­լու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով Տէ­վէ­ճեան մեկ­նա­բա­նած է Գեր­մա­նիոյ մօ­տե­ցու­մը այժ­մու գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին շուրջ, քա­նի որ այդ մէ­կը կը պար­տադ­րուի Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րուն։

Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ ալ ար­ձա­գանգ գտած են Տէ­վէ­ճեա­նի խօս­քե­րը, ո­րոնց մէջ ան ը­սած է, թէ եր­գի­ծա­կան ե­րան­գով իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը նեն­գա­փո­խուած են։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015