ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԴ ՄԵԶ Է

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք Աստուածայայտնութեան մեծ տաղաւարի տօնակատարութեան։ Հակառակ անոր, որ աշխարհի մարդկութիւնը ներկայ պայմաններու մէջ կը շարունակէ ապրիլ, մատնուած՝ ռազմական մթնոլորտի թոհուբոհին պատճառած ժխտականութեան յառաջացուցած անորոշութեան վիճակի մը մէջ, Աստուածորդւոյն յայտնութեան աւետիսը անգամ մը եւս կը փոխանցուի, ծածանումովը Խաղաղութեան Իշխանի դրօշին, որուն վրայ ոսկեայ տառերռվ անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնայ սրտապնդիչ բառ մը. «Էմմանուէլ», որ կը թարգմանուի «Աստուած մեզի հետ»։ (Մատթէոս, 1.23)։ Այս բառերով յայտնուած հրեշտակաւանդ պատգամը իրականացումն էր Եսայի Մարգարէի մարգարէութեան, որ Քրիստոսի ծնունդէն դարեր առաջ մարգարէացած էր, երբ կը մխիթարէր Աքազ թագաւորը. «Տէրը ինք նշան պիտի տայ ձեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ» (Եսայի, 7.14)։

Էմմանուէլ. Աստուած մեզի հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ ժամագրքին մէջ կը գտնուի «Շնորհեա մեզ Տէր» երգը, որ կ՚երգուի Խաղաղականի Ժամերգութեան ընթացքին, յատկապէս Մեծ պահոց շրջանին։ Ոմանց համար գուցէ տարօրինակ թուի Աստուածայայտնութեան տաղաւարին յիշել այս երգը։ Սակայն երբ նկատի ունենանք երգին բառերը՝ կը նշմարենք, թէ անոնց մէջ կը լսուի նոյն յանկերգը. «Զի Աստուած ընդ մեզ է»։ Այս բառերը կը ներկայանան հաւատացեալները սրտապնդող իրենց զօրութեամբը, մանաւանդ այն աւետիսով, որ կը յուսադրէր, թէ նեղութեան եւ տառապանքի պահերուն հակառակորդներ պիտի մատնուին անզօրութեան եւ ի վերջոյ պարտութեան։ Իրենց չար խորհուրդները, ծրագիրները, առաջադրութիւնները պիտի չիրականանան։ Հաւատացեալ սրտերէն բղխած աղօթքի համազօր բառերը կը յայտարարեն կատարեալ վստահութիւն առ Աստուած։

Աստուած կշտամբեց մեր նախածնողքը, որոնք շարականի բառերով «խաբմամբ պատրանօք փայտին ծառոյն գիտութեան, օձաջամբ պատրանօքն ճաշակեալ ի պտղոյն» մատնուեցան մեղաւոր վիճակի։ Աստուած սաստիկ յանդիմանութեամբ զիրենք արտաքսեց Եդեմական պարտէզէն եւ յայտարարեց, թէ այլեւս զանոնք կը սպասէր մահը։ Միթէ Աստուած լքե՞ց մեղքով ինկած մեր նախածնողքը եւ անոնց պատճառաւ մեղքով արատաւորուած բնութեան տէր մարդկութիւնը։ Մահուան անէծքին ենթարկուած մարդկութիւնը ի սկզբանէ հաղորդ դարձաւ տրուած աւետիսի մը, որ ուղղուած էր օձին եւ ծանօթ՝ նախաաւետարան կոչումով. «Եւ քու ու կնոջ մէջտեղ, եւ քու սերունդիդ ու անոր սերունդին միջեւ թշնամութիւն պիտի դնեմ, ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ, եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց, 3.15)։

Աստուած Իր պատկերին նմանութեամբը կատարեալ ստեղծած մարդը չլքեց, հակառակ անոր, որ սրբասէր կեանք վարելու կոչուած նախաստեղծ մարդուն կեանքը եղծանուած էր մեղքի ներմուծմամբ։ Սուրբ Գիրքը համակ վկայութիւն է Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան ծրագրին քայլ առ քայլ յառաջացման։ Այդ քայլերը ի վերջոյ հասան այն հանգրուանին, ուր Աստուած մարդոց հետ եղաւ, յանձն առաւ անոնց մէջ բնակիլ։ Անսկիզբ եւ անվախճան Աստուած, որուն «կարողութիւնը անքննելի է եւ փառքը՝ անըմբռնելի, ողորմութիւնը՝ անսահման եւ գթութիւնը՝ անբաւ» (Պատարագամատոյց) մտաւ պատմութեան սահմաններուն մէջ, երբ Իր արարչագործ Խօսքը երկնային փառքէն մերկանալով մարմին առաւ ու աշխարհ եկաւ ծայր աստիճան համեստ ու խոնարհ պայմաններու մէջ։

Էմմանուէլ. Աստուած մեզի հետ։ Տիեզերքի պատմութեան այս եզակի յայտնութիւնը սկիզբ առաւ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքին մէջ, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը իր ողջոյնով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր յայտնեց, թէ «Տէրը Իր հետ է» (Ղուկաս 1.28)։ Սուրբ Կոյսը թօթափեց իր վրայէն խռովքի զգացումը, արիութեամբ ընդառաջեց եւ հրեշտակապետի տուած աւետիսը ընկալեց, արտասանելով մեծ «Եղիցի»ն. «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես, քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի» (Ղուկաս, 1.38)։

Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը կը սկսի ժամամուտով, որ կը ցոլացնէ մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի յայտնութիւնը, երբ կը նկարագրէ նորածին մանուկը եւ զայն ծնող Սուրբ Կոյսի մօրենական խանդաղատանքը. «Աստուածածին անհարսնացեալ, անսկիզբ Խօսքը յղացար եւ անիմանալի Աստուածը ծնար. անպարագրելին գիրկդ առիր…»։ Շարականի բառերով «Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ. ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ յայրին բազմեցաւ»։

Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչը Աստուծոյ կենդանարար եւ արարչագործ Խօսքին մարմին առած ըլլալը կը ներկայացնէ ըսելով. «Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհաննէս, 1.14)։

Աստուած Եդեմական պարտէզին մէջ ներկայ էր նախածնողաց կեանքերէն ներս։ Ներկայ էր եւ աչալուրջ հսկողը անոնց իւրաքանչիւր քայլափոխին։ Աստուածորդին իր յայտնութեամբ այս անգամ աշխարհ եկաւ ուղղակի մարդկութեան հետ ըլլալու, այս անգամ օժտուած՝ չարութեան արմատը չորցնելու առաքելութեամբ եւ յաղթելու անոր, որ «այս աշխարհի իշխանն էր», նաեւ ցոյց տալով, թէ «ան իշխանութիւն չունէր Իր վրայ» (Յովհաննէս, 14.30)։

Երբ կը հաւատանք, թէ մարդեղութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին յայտնութեան շնորհիւ Աստուած մարմին առնելով աշխարհ եկաւ, կը յիշենք նաեւ Աստուծոյ մարդոց հետ ըլլալու այլ մէկ օրինակը, որ է Իսրայէլի ժողովուրդին Եգիպտոսէ դուրս ելլելու դէպքը։ Ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցաւ Աստուածային հրաշքի շնորհիւ։ Բաց աստի, Աստուած ցերեկ եւ գիշեր անոնց առաջնորդն էր։ Ցերեկուան ժամերուն ամպի սիւնով որպէսզի ճամբայ ցոյց տար, իսկ գիշերները հրեղէն սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար (Ելից, 13.21-22)։ Իսրայէլի ժողովուրդը Աստուծոյ շնորհիւ անապատի մէջ խմելիք ջուր ունեցաւ, իսկ որպէս ճաշակելիք՝ լորամարգիներ եւ մանանայ (Ելից, 16.11-15։ 17.6)։ Աստուած իր նախախնամութեամբ անտէր չթողուց ժողովուրդը, հակառակ անոր որ հեղհեղուկ նկարագրի ցայտուն օրինակները յայտնուած էին անոնց կեանքէն ներս եւ յետագային ալ՝ շարունակուած։ Որովհետեւ Աստուած լսած էր անոնց հառաչանքն ու աղաղակը եւ յիշած՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ ըրած ուխտը։ Աստուած սիրեց մարդը եւ այդ սէրը յայտնեց զայն փրկելու համար մեղքի արատէն եւ սրբելու։ Աստուած սէր է եւ իր գերագոյն սէրը յայտնեց իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով, որպէս «Լոյս յայտնութիւն հեթանոսաց եւ փառք՝ Իսրայէլի ժողովուրդին» (Ղուկաս, 2.32)։

Որքան քաղցր է հաւատալ, թէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր պահուն ունինք ապաւէն մը ապահով, ամրակուռ եւ անսասան ու մանաւանդ յաւիտենական։ Այս հաւատքը կը մարմնաւորուի «Աստուած մեզի հետ» բառերով։ Ի զուր չէ որ մեր ընտանիքներու մեծերը երբ տունէն դուրս կու գանք, մեզ կը ճամբեն «Աստուած հետդ ըլլայ» ըսելով։ Սա ինքնին մաղթանք է, օրհնութիւն է եւ առ Աստուած աղօթք, քանի որ նաեւ ինքն իր մէջ Աստուծոյ պահապան զօրութեան նկատմամբ վստահութեան զգացումը կը ներկայացնէ։

Աստուած մեզի հետ. Էմմանուէլ։ Այս բառերը իրենց զօրաւոր իմաստով կը հրաւիրեն բոլորս, որպէսզի ըստ առաքելական պատուէրին «լծակից չըլլանք անհաւատներուն, քանի որ կապ չունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, համեմատութիւն չկայ խաւարի եւ լոյսի եւ կամ միաբանութիւն՝ Քրիստոսի եւ Բելիարի՝ սատանայի միջեւ» (Բ. Կորնթացիս, 6.14-16)։ Առաքեալը կը յիշեցնէ նաեւ Աստուծոյ խոստումը, թէ «Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակի եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլայ» (Ելից, 19.45)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ նոյնիմաստ խոստումի մը մասին կը խօսի. «Իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ, ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի. Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի աստուած ըլլամ, եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։ Ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացւոց երկրէն հանեցի, որպէսզի անոնց ծառայ չըլլաք. Ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի, եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի» (Ղեւտացիս, 26.11-13)։

Քրիստոս յայտնուեցաւ, որպէսզի «կեանք ունենանք եւ աւելի եւս ունենանք» (Յովհաննէս, 10.10)։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ հաւատքի զօրութիւնը, որպէսզի չհեռանանք իրմէ եւ հետեւելով Պետրոս առաքեալի խօսքին վստահաբար հարցնենք մենք մեզի. «Որո՞ւն պիտի երթանք։ Քրիստոս յաւիտենական կեանքի խօսքերը ունի» եւ բոլորով սրտիւ խոստովանինք ըսելով. «մենք հաւատացած ենք, թէ Քրիստոս Որդին է Աստուծոյ» (Յովհաննէս, 6.69-70)

Ընդ մեզ է Աստուած եւ մենք կ՚ուրախանանք, որ այս շնորհքը ընծայուած է մեզի։ Եթէ մենք մեզ առանձին կը զգանք, Աստուած մեզի կ՚ըլլայ ընկեր եւ բարեկամ։ Աստուած հիւանդաց համար բժիշկ է, կորուսելոյն՝ առաջնորդ, ցաւատանջին՝ մխիթարիչ, տկարին՝ զօրութիւն եւ մեղաւորին՝ Փրկիչ։

Երանի է մեզի, որ ունինք այս բարիքները վայելելու առիթը, շնորհուած՝ համայն աշխարհին, պայմանաւ որ ամուր կերպով փարինք Քրիստոսին, մարմնացեալ Աստուծոյ Խօսքին եւ հաւատքով յոյսով եւ սիրով զինուած, մեր կեանքի բոլոր օրերուն խոստովանինք միշտ, թէ «Ընդ մեզ է Աստուած»։

Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութինն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գնալը կղզի

Շաբաթ, Յունուար 4, 2025