ԱՀՄԱՏԻԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանը, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։ Իրանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Ահմատիան մէկտեղուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

Ահմատիան Երեւանի մէջ Գրիգորեանի հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ունին ամուր հիմքեր եւ որեւէ բան չի կրնար խանգարել զանոնք։ Բացի Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան հեռանկարներէն, անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին Ալի Էքպէր Ահմատիան նշեց, որ Իրան կ՚աջակցի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացման՝ անոր մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն հիման վրայ։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Թեհրան դէմ է տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։ Փաշինեան-Ահմատիան զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցաւ Հիւսիս-Հարաւ ցամաքուղիի կառուցման ուղղութեամբ Իրանի հետ համագործակցութեան զարգացումը։ Կողմերը վստահութիւն յայտնեցին, թէ այս մայրուղիի կառուցումը նոր ազդակ կը հաղորդէ նաեւ երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան եւ բեռնափոխադրումներու ծաւալներու բարձրացման։

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2025