ՅԱՆՈՒՆ ԵՒ ԸՆԴԴԷՄ…

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ համատարած լճացումը կը շարունակուի։ Ամանորեայ «մեծ թմբիր»ը, որ տակաւին պիտի շարունակուի մինչեւ յունուար ամսուան կէսերը, պայմանաւորուած է անցեալէն մեզի հասած սովորութիւններով։ Այլ խօսքով՝ երկարատեւ տօն, որուն կը յաջորդեն սաստիկ ձմրան օրերը, երբ քաղաքը ընդհանրապէս կա՛մ կը քնանայ կամ ալ կը փայփայէ արեւոտ օրերու հասնելու երազանքը։ Ճիշդ է, որ 2020 թուականի պատերազմէն ետք Հայաստանը եւ յատկապէս՝ Երեւանը յատկապէս ապրեցան թէժ պահեր եւ իշխանփոխութեան իղձով փողոց իջած ընդդիմութիւնը կերպով մը վառ պահեց իր օրակարգը։ Քաղաքը եռաց, եղան բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններ, ցոյցեր, անհնազանդութեան տարբեր տեսակի արարքներ։ Բայց, միեւնոյնն է, մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակը ընդդիմութիւնը չկարողացաւ հասնիլ իր մեծ նպատակին։ Ստեղծուեցաւ անել վիճակ մը, որու լուծման համար իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ երկրի առաջին դէմքը՝ Նիկոլ Փաշինեան 2021 թուականին կարողացաւ հիմնական քաղաքական ուժերուն ներկայացնել ամուլ վիճակէն դուրս գալու իր դեղատոմսը։ Ընդդիմութիւնը եւ յատկապէս՝ նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի թեւն ու անոր շուրջ բոլորուած ուժերը կոյր հաւատքով մը ընդունեցին Փաշինեանի առաջարկը։ Անոնք կարծեցին, թէ այդ կերպով պիտի հասնէին իշխանափոխութեան նպատակին, ուստի մասնակցեցան ընտրութիւններուն։

Այստեղ մեղադրանքի խօսք չկայ ընդդիմութեան համար, որովհետեւ մեծ հաշուով ընտրութիւնները ամենէն «ապահով» առիթը կրնային ըլլալ, որպէսզի Հայաստանը նախ դուրս գար պարտութեան բերած ընկճուածութենէն ու երկրորդ՝ ընդդիմութիւնը կը կարծէր, թէ ժողովրդավարական այդ գործընթացով պիտի կարողանար իրողապէս շարժել ու ոտքի հանել երկրի հասարակութեան լայն հատուածները։ Սակայն, եկուր տես, որ այդպէս չեղաւ ու իշխանութիւնը (որ թէեւ աւելի նուազ քուէ ստացաւ՝ նախորդ ընտրութեան բաղդատմամբ) կերպով մը վերարտադրուեցաւ՝ իր կողքին ունենալով նոր տեսակի ընդդիմութիւն մը, որուն գլխաւոր մականը կը յայտնուէր Ռոպերթ Քոչարեանի ձեռքին։ Քոչարեան իր կողքին կ՚ունենար նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ անցեալին որոշ ժամանակ նախկին նախագահներէն Սերժ Սարգսեանին ալ հաւատարիմ եղած էր։ Ի հարկէ, ընդդիմադիր ուժերուն միացաւ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ ունիմ» խմբակցութիւնը, որ ցայսօր կը շարունակէ ներկայութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս՝ բաւական տկարացած վիճակով։

Այս բոլորը արձանագրելէ անդին, հարկ է մատնացոյց ընել այն մեծ սխալը, որ գործած է ու դեռ ալ կը շարունակէ գործել Քոչարեանի թեւը, որ կը խօսի կեցուածքի երկդիմութեան մը, երկակի ընկալումներու մասին։ Խօսքը կը վերաբերի ընտրութեան երթալու, ընտրութիւններու արդիւնքը ընդունելու, խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ եւ աթոռներ ունենալու եւ միւս կողմէ ալ պարտութիւնը չընդունելու, անոր հետ չհամակերպուելու, նաեւ որպէս յաղթանակած կողմ հանրութեան ներկայանալու ու հանրութեան մէջ այդ մօտեցումներով վարմունք դրսեւորելու։ Բաց աստի, այս երեւոյթներուն ու մօտեցումներուն մէջ ամենէն խոցելին եղաւ երկակի ձեւաչափերով խաղին մէջ ըլլալու ճարպիկ, անարդիւնաւէտ եւ նոյնիսկ վնասակար քայլերն ու շարժուձեւերը, որոնք դեռ պիտի շարունակուին՝ մինչեւ գալիք ընտրութիւններու փուլը։ Քոչարեան եւ իր համախոհները ընդունեցին խորհրդարանին մաս կազմել, սակայն, միաժամանակ փափաքեցան փողոցը իրենց ձեռքին մէջ պահել։ Այսինքն, առաւօտուն խորհրդարանի նիստերուն մասնակցիլ ու կէսօրէ ետք բողոքի ցոյցեր եւ հաւաքներ կառավարել։ Անոնք վստահաբար մտածեցին, թէ այդ կերպով կարելի պիտի ըլլար խաղալ երկու թելի վրայ եւ դուրսի շարժումները, բողոքի գործողութիւնները եւ հաւաքները մեծ ներուժ պիտի տրամադրէին խորհրդարանի մէջ եփուելիք կամ պատրաստուելիք ապուրներուն։ Բայց, փափաքը ուրիշ, իսկ իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ, որովհետեւ այդ շրջափուլի աւարտին բոլորը (հաւանաբար ընդդիմութենէն բացի) եկաւ այն եզրակացութեան, թէ իշխանութիւնը տապալելու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողման։ Այստեղ, անշուշտ, կայ շատ կարեւոր դրոյթ մը, որ կը խօսի Հայաստանի հասարակութեան ներքին տինամիզմին մասին, որ մեծ հաշուով չի զատորոշուիր ուրիշ հասարակութիւններու ներքին ընկալումներէն։ Խօսքը քաղաքական պայքարի առանցքներուն մէջ տարուած «յանուն եւ ընդդէմ» ձեւաչափի մասին է, որ կը համարուի մղիչ ուժը Հայաստանի քաղաքական-ընտրական համակարգին։ Այլ խօսքով, եթէ արտաքին հիմնարար ազդակներ չկան, ապա Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսը կ՚ընտրէ, ընտրութեան մը կ՚երթայ ո՛չ թէ «յանուն»ի մը, այլ «ընդդէմ»ի մը։ Ու հետեւաբար, հայաստանցիներու մեծ տոկոսը չընտրեց Նիկոլ Փաշինեանը կամ անոր առաջնորդած քաղաքական ուժը, այլ դէմ քուէարկեց Ռոպերթ Քոչարեանին ու անոր շուրջ բոլորուած ուժերուն եւ անուններուն… Արդիւնքը, ուրեմն, ո՛չ թէ յանուն Նիկոլ Փաշինեանի եղաւ, այլ ըննդէմ Ռոպերթ Քոչարեանի։ Ու այստեղ, այս նուրբ հակասական պատկերին մէջ, Հայաստանի քաղաքացին դարձեալ երկրորդ դիրքի մը նետեց պետութեան եւ պետականութեան ընկալումը եւ երբեք մտքին ծայրով անգամ չըսաւ, որ «Փաշինեան ի վերջոյ պատերազմի մէջ պարտուած ղեկավար մըն է ու պէտք է ժամ առաջ հեռանայ իշխանութենէն»։

Անհոգ էր կերպով մը Հայաստանի շարքային քաղաքացին եւ միւս կողմէ ալ կը հաւատար ու դեռ ալ կը հաւատայ, թէ իր այդ վարքով կամ «ընդդէմ եւ ոչ յանուն» մօտեցումով իր ատելութեան եւ թոյնի վերածուած վրէժը պիտի լուծէ՝ մա՛նաւանդ Քոչարեանէն։ Ուշագրաւ է, անշուշտ, որ այդ «յանուն եւ ընդդէմ» խաղին մէջ ամէն ինչ, ամէն մանրամասնութիւն անձնաւորուած է եւ հիմնուած՝ ո՛չ թէ մարդուս արժանիքներուն կամ ըրած-չըրած քայլերուն, այլ ատելութեան վրայ։ Ի վերջոյ, այստեղ աշխատող զէնքը առողջ դատողութիւնը չէ կամ ստեղծուած իրավիճակին սատարած կամ նպաստած կողմին վիճակած պատասխանատուութեան բաժինը, այլ անհատը, անձը, անոր անցեալի սխալները եւ կարծրատիպերու այն մեծ պարկը, որ նետուած է անոր ուսերուն։ Սա, ի հարկէ, կը բխի օրուայ իշխանութիւններուն շահերէն, որովհետեւ նոյն այդ իշխանութիւնները կարողացան ո՛չ միայն լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի լայն հասարակութեան մտածելակերպը կամ երկրի նախկին իշխանաւորներուն դէմ ատելութիւնը, այլ ամէն ինչ ըրին, որպէսզի գետնի վրայ իրենց թիւ մէկ մրցակիցը հանդիսանայ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Թերեւս շատեր այդ մէկը համարեցին ծուղակ մը, որուն ճամբով ալ Փաշինեան պահեց իշխանութիւնը՝ հակառակ անոր, որ եղան ու դեռ ալ յաճախ կը հնչեն կարգ մը վարկածներ, ըստ որոնց՝ այսօրուայ ըննդիմութիւնը կը շարունակէ մնալ Փաշինեանի իշխանութեան թիւ մէկ խթանն ու յենարանը։ Աւարտին, հաշուի առնելով այսօրուան դրութիւնը՝ յստակ է, անշուշտ, որ յառաջիկայ փուլին եւս Փաշինեան պիտի կարողանայ դարձեալ յաղթանակ տանիլ, եթէ Քոչարեանն ու իր համախոհները շարունակեն խաղադաշտին վրայ մնալ։ Անոնք դարձեալ կրնան պարտուիլ ու ապագայ պարտութիւնը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ, ի հարկէ, եթէ արտաքին խաղին լաւ տիրապետող Փաշինեանի դէմ չվառուի կարմիր լոյս մը, որ կրնայ ամբողջութեամբ փոխել Հայաստանի քաղաքական պատկերը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2025