ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԻՂՁԵՐ

Դամասկոսի համար սկսած բաւական խորքային պայքարը կը շարունակուի։ Բաւական ալ լուռ կ՚ընթանայ այդ պայքարը՝ մանաւանդ, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները ցարդ յստակ որոշում մը չունին, թէ ո՞վ պիտի լսեն, որո՞ւ տուրք պիտի կան, որո՞ւ պիտի վստահին ու ամենակարեւորը՝ ո՞ր կողմ քաղաքական կամքին «պիտի ենթարկուին»։ Մէկ բան յստակ է արդէն. Սուրիոյ մէջ նախկին դերակատարները չկան ու այնտեղ միակ տուժողները չեն Էսատներու իշխանակարգը, «Պաաս» կուսակցութիւնը կամ ալեւի համայնքը։ Ռուսաստանն ալ տուժած է՝ իր նոր-հին շահերով եւ ի մասնաւորի՝ Իրանն ալ կորուստներ ունեցած է եւ դեռ ալ կրնայ ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով։

Ի դէպ, ուշագրաւ էր Յոյն Ուղղափառ Եոհաննա Ժ. Պատրիարքին օրեր առաջ Դամասկոսի մէջ տուած պատգամը։ Բացի շարք մը կարեւոր կէտերու ակնարկելէ, ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ նոր իշխանութեան գլխաւոր դէմքին՝ Ահմէտ էլ Շարային, այս վերջինը հրաւիրեց պատրիարքարան՝ միասնաբար քննարկելու համար երկրի ընդհանուր իրավիճակը։ Պատրիարքը վերջին օրերուն բաւական խիզախ կեցուածքներով հանդէս կու գայ։ Չես գիտեր՝ ո՞ւր էին անոր կեցուածքները անցնեալ տասն տարիներուն… Ան շատ սուր ոճով մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ բոլոր իշխանութիւնները (ի դէպ մէկ իշխանութիւն ունեցած է Սուրիան) այցելած են իրենց ու միասին «խորհրդակցած» երկրի ապագային, ծրագիրներուն եւ համագործակցութեան մասին։ Ի դէպ, այս յայտարարութիւնները կը հնչէին այն պահուն, երբ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս՝ Դամասկոսի քրիստոնեայ ղեկավարներուն մօտ մտահոգութիւններ յառաջացան, որովհետեւ երկրի քաղաքական-անվտանգային մարմինները որոշած էին կրթական համակարգի մէջ իսլամը աւելի մեծ շեշտերով ներկայացնելու փորձ մը ընել՝ շերիաթի հիման վրայ։ Սա, ի հարկէ, անսպասելի համարուած էր ոչ-իսլամ, քրիստոնեայ կամ այլադաւաններու կողմէ, որոնք Էսատի անկումէն անմիջապէս ետք ողջունած էին նոր իշխանութիւնը եւ յայտնած, որ իրենք երկրի անբաժանելի տարրերն էին։ Իրադարձութիւններու շարադրութենէն անդին, կեցուած-քի պարագային պատկերը կը շարունակէ մնալ պղտոր։

Եթէ քրիստոնէական թեզը հաշուի առնուի կամ պաշտպանուի, ապա հարց կը ծագի, թէ արդեօք Սուրիան բռնե՞ց ամբողջականօրէն իսլամացման ճանապարհը՝ հետեւելով Եգիպտոսի Իսլամական եղբայրներու օրինակին։  Այս պարագային այժմու իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ Էլ Շարան ու իր համախոհները կամաց-կամաց լուսանցքային ուժեր պիտի դառնան ու կորսնցնեն Արեւմուտքի կողմէ իրենց՝ ցարդ խօսքով ցուցաբերուած նեցուկը…

Միւս վարկածը, որ ձեռնտու է իշխանութիւններուն… Արդեօք այս բոլորը ժամանակի ընթացքին լուծելի՞ հարցեր են՝ այն իմաստով, որ Էլ Շարա կրօնական գործօնով կը փորձէ իր դիրքերը աւելիով ամրապնդել ու տեղ տալ համաիսլամական գաղափարներու եւ այս մօտեցումը ամրացնել կարգ մը քայլերով, որոնք խորթ համարուեցան ո՛չ միայն երկրի ոչ-իսլամներուն, այլեւ ազգայնականներուն համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ Սուրիոյ բանակի տարբեր բաժանմունքներու համար Էլ Շարա պետ կարգեց հինգէ աւելի հրամանատարներ, որոնք սուրիացի չեն, իսլամ են, իրեն ուղեկցած են Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան։

Այս բոլորը սպասելի են, որովհետեւ Սուրիա կը բոլորէ անցումային փուլ մը, որ ամենակարեւորն է երկրի արդի պատմութեան մէջ։ Փոխուած է ամբողջ համակարգ մը, տուն գացած է իր հօր քաղաքական աւանդը եւ նոյնիսկ բարոյական ու նիւթական դրամագլուխը ջուրը թափած մարդ մը, որ սիրած եւ իրեն համար վայելուչ համարած է բռնատէրի արիւնոտ պատմուճանը կամ զգես-տը։ Ու այս ընթացքին շատ աւելի դէպքեր կրնան պատահիլ, որովհետեւ Էլ Շարա կարողացաւ իշխանափոխութիւն կատարել՝ յենուելով քաղաքական իսլամի վրայ եւ հաւատալով անոր դրոյթներուն։ Ինքն ալ արմատներով ու էութեամբ կու գար այդ ջուրերէն։ Շատ շատերու նման ան ալ գործած էր մեծ ու փոքր սխալներ, սակայն, անկախ անոնցմէ՝ հիմա արդէն կը ներկայանայ նոր հագուստով մը ու ամենակարեւորը՝ այլեւս սխալելու տեղ չունի։

Այս մթնոլորտին մէջ Դամասկոս այցելեցին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները, որոնք նախ ընդունուեցան Էլ Շարայի կողմէ, ապա այցելութիւն մըն ալ տուին Եոհաննա Ժ. Պատրիարքին։ Կարգ մը վերլուծաբաններ յատկանշական համարեցին, որ Եւրոպական Միութեան յառաջատար այս երկու երկիրներու նախարարներու այցը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Սուրիոյ քրիստոնեաներու պարագային մտավախութիւններուն արձագանգը հասած էր մինչեւ Պրիւքսէլ։ Եւ, անշուշտ, յառաջիկայ օրերուն պարզ պիտի դառնայ, թէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պիտի անսա՞ն այդ մտահոգ ձայներուն, բարեփոխումներ պիտի ընե՞ն կամ ոչ։

Հարցերուն հարցը, ի վերջոյ, կը մնալ նոյնը. Սուրիա՝ որպէս երկիր ու պետութիւն, ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ։ Վստահաբար, այս հարցումին պատասխանը նոյնիսկ իշխանութիւնը շատ լաւ չի գիտեր, որովհետեւ ամէն ծրագիր յղի պիտի ըլլայ նոր դէպքերու, որոնք կրնան կա՛մ բուժել կամ ալ աւելիով տապալել՝ երբեմնի այդ հարուստ ներկայացող ու իր հեզ ու աշխատասէր քաղաքացիներուն բարօր կեանք մը նուիրած, սակայն, բազում առումներով խոցելի ու դատապարտելի իշխանութիւններ ունեցած երկիրը։

Կարեւորը հիմա հինը չփնտռելն է։ Սա Սուրիոյ բոլոր հայրենասէրներուն համար էական եւ մնայուն մեծ իղձ մըն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025