«ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՔԻՒՐՏԵՐԸ»
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հետաքրքրական գիրք մը. «Օսմանեան կայսրութեան ուշ շրջանին հայերն ու քիւրտերը»։
Իւմիտ Քուրտի եւ Արա Սարաֆեանի կողմէ կազմուած է այս գիրքը՝ Չաղտաշ Սիւմէրի անգլերէն-թրքերէն թարգմանութեամբ։
Գիրքը, ըստ էութեան, կը բովանդակէ հինգ յօդուած, որոնք 2017 թուականի սեպտեմբերին Գալիֆորնիոյ մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ժամանակ ներկայացուած են՝ որպէս զեկուցում։ «Հայերը, յոյները եւ քիւրտերը. ժողովուրդներու Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը» խորագրեալ այդ խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի եւ Ֆրեզնոյի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնին կողմէ։
Պատմական կարեւոր ծալքերով եւ հետաքրքրական երեսակներով այս գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Յովհաննէս Քըլըչտաղի կողմէ, կողքի ձեւաւորման հեղինակն է Մելիաս Արսէնեան։