ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԼՈՒՐՋ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐՈՂԱՆԱՅ ՍՏԱՆԱԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ

Ամերիկեան «Stratfor» յայտնի վերլուծական կեդրոնի մասնագէտները կը նախատեսեն, որ այս տարի պիտի ձախողին Հայաստանի փորձերը, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու հետամուտ են։ Ներկայ տարուայ հիմնական աշխարհաքաղաքական կանխատեսումներուն վերաբերեալ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբին համար առաջնահերթ կը համարուին Ատրպէյճանի հետ սերտ կապերը՝ որպէս տեղական հակակշիռ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի տարածաշրջանային ազդեցութեան։

Փորձագէտները համոզուած են, թէ 2025 թուականին Հարաւային Կովկասը պիտի շարունակէ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան թատերաբեմ հանդիսանալ։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն ալ պիտի շարունակեն արտաքին աջակցութիւն որոնել՝ հաշտութեան ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար։

Նոյն կանխատեսումներու ծիրէն ներս, ԱՄՆ-ի փոխարէն Հայաստան հիմնական շեշտը պիտի դնէ Ֆրանսայի հետ ռազմական համագործակցութեան վրայ, նաեւ պիտի փորձէ առեւտրաշրջանառութիւնը մեծցնել Եւրոմիութեան հետ։

Արեւմուտքի հետ քաղաքական ու պաշտպանական կապերը Հայաստան պիտի ջանայ հակադրել Ատրպէյճանի՝ մագլցումի ուղղեալ քայլերուն եւ այսպէսով զսպել անոր պահանջները՝ նախ եւ առաջ իր տարածքի հարաւէն տարանցիկ ճանապարհ կամ միջանցք ստանալու պահանջին դիմադրելու համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025