ՆՈՐ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Եւրոպացի պաշտօնատարի շփումներու ընթացքին տրուած պատգամներէն կը հետեւցուի, որ նոր ձգտումներու շրջան մը կը սկսի Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ։ Բացի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, Մակտալենա Կրոնօ տեսակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կրոնոյի շփումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումները։ Փաշինեան եւ Կրոնօ արժեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը, նաեւ կանգ առին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին վրայ։ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստան պատրաստ է ԵՄ-ի հետ այնքան մօտ ըլլալ՝ որքան ԵՄ հնարաւոր կը համարէ։ Իր կարգին, Մակտալենա Կրոնօ կարեւորեց Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան հետեւողական ընդլայնումը՝ ներառեալ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացումն ու բարեփոխումներու յառաջ մղումը։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ նշեց, որ Հայաստանէ ներս սկսած ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացին վերաբերեալ որոշումը համահունչ է Հայաստանի քաղաքացիներու ձգտումներուն։

Միւս կողմէ, այս շրջանին օրակարգի վրայ է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգումը։ Ծանօթ է, որ այս առաքելութեան ներկայութիւնը թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի վերապահութեան ու հակազդեցութեան պատճառ կը դառնայ։

Բաց աստի, Մոսկուա արձագանգեց նաեւ Երեւանի կողմէ ԵՄ-ի անդամակցելու ուղղեալ գործընթացի մը սկիզբ դրուելուն։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնեց, որ իր երկիրը Հայաստանի այս քայլը կը դիտարկէ՝ որպէս Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն ելքի սկիզբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025