ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏՔԹ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Շաբաթավերջին նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ, հանգուցեալի ընտանեկան դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի։
Հոգելոյս բժիշկին կորուստը համայնքային շրջանակներուն խոր յուզում պատճառած էր՝ հաշուի առնելով անոր տարիներու վաստակն ու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ մասնաւորապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Նոյն տրամադրութեան ի շարունակութիւն լուսահոգի բժիշկի շիրմին շուրջ համախմբուած էին հոծ թիւով ազգականներ եւ բարեկամներ, որոնք անոր հարազատներուն միացան՝ աղօթելով յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն եւ շիրմի օրհնութենէն վերջ, հրաժեշտի պահուն բոլորը անգամ մըն ալ իրենց վերջին յարգանքը արտայայտեցին եւ բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին հանգուցեալի դստեր՝ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանին եւ որդւոյն՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արան-Լենա Ենիեորկան ամոլին եւ թոռնուհիին՝ Լուսինին։