ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական եկեղեցին դարձաւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Սկիւտարի անցեալի հովիւներէն Տ. Բարսեղ Ա. Քհնյ. Վանլեան, որ ներկայիս արտասահման հաստատուած ըլլալով հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագին ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գրիգոր Մէշալէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Քեսկինեան եւ այլ դպիրներ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները հետեւեցան Պայծառ Սոլաքի կողմէ ներկայացուած թաղային խորհուրդի գործունէութեան տեղեկագրին։
Իր խօսքին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ բարձր գնահատեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, որ լուրջ ջանքեր կը գործադրէ Սկիւտարի բարձունքին մեր աւանդութիւնները կենսունակ պահելու առաջադրութեամբ։ Ընդհանուր Փոխանորդը շեշտեց, թէ թաղային խորհուրդը միշտ պատրաստակամ է իր հնարաւորութիւնները լիուլի սպաս դնելու մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին տեսակէտէ դրական նպատակներու ի նպաստ։
Խաչվերացի տաղաւարին օրը տեղեկացուեցաւ, որ յառաջիկայ շրջանին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին պիտի ենթարկուի հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքի մը, որ պիտի տեւէ քիչ մը երկար։ Արդարեւ, վերջին շրջաններուն եկեղեցւոյ շէնքի պարագային յառաջացած են արտաքին եւ ներքին բաժիններու ֆիզիքական հարցեր, որոնց կապակցութեամբ Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան կողմէ մասնագէտներ, մանաւանդ ճարտարագէտներ կատարած են քննութիւններ։ Արդիւնքը եղած է այն, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պարագային անհրաժեշտ է հիմնական վերանորոգութեան աշխատանք մը իրականացնել, ներառեալ ամբողջ տանիքի վերանորոգութիւնը։ Այս ծրագիրը պիտի նմանի Օրթագիւղի եկեղեցւոյ պարագային կեանքի կոչուածին, այսինքն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ միայն չորս պատերը պիտի պահպանուին ու մնացեալ ամէն ինչ պիտի վերակառուցուի, հիմքերը պիտի ամրապնդուին եւայլն։ Համապատասխան նախագիծը արդէն վաւերացուելու վրայ է եւ անոր հաստատումէն վերջ, կարճ ժամանակի ընթացքին շինարարութեան աշխատանքները պիտի սկսին։ Թաղային խորհուրդի կանխատեսումներով՝ շուրջ երկու տարուան աշխատանք մը կը նախատեսուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար։
Երէկուան Խաչվերացի տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան աղօթքով եւ բոլորը հրաժեշտ առնելէ առաջ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութեան զգացումները արտայայտեցին ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին ի նպաստ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024