ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Քրիստոնեաները մկրտուած են «Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։ Անոնք նախապէս «Կը հաւատամ» կը պատասխանեն այն երրեակ հարցաքննութեան, որ իրենցմէ կը խնդրէ դաւանիլ Հայրը, Որդին եւ Հոգին. «բոլոր քրիստոնեաներուն հաւատքը կը հիմնուի Երրորդութեան վրայ». ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Կեսար Առլեցի։
Ամենասուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքին եւ կեանքին կեդրոնական խորհուրդն է։ Ան խորհուրդն է նոյնինքն Աստուծոյ։ Ան է միւս բոլոր խորհուրդներուն հաւատքի աղբիւրը, լո՛յսը, որ կը լուսաւորէ զանոնք։ Ան ամենահիմնական եւ էական ուսուցումն է հաւատքի ճշմարտութիւններուն նուիրակարգին։ Փրկութեան ամբողջ պատմութիւնը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ պատմութիւնը այն ուղիին եւ միջոցներուն՝ որոնցմով ճշմարիտ եւ միակ Աստուածը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, կը յայտնէ ինքզինք, կը հաշտուի մարդոց հետ եւ Իրեն կը միացնէ այն մարդիկը՝ որոնք կը հեռանան մեղքէն։ Արդարեւ, Ամենասուրբ Երրորդութիւնը հաւատքին մէկ խորհուրդն է բառին սեղմ իմաստով, մէկը՝ Աստուծոյ մէջ թաքնուած խորհուրդներէն՝ զորս անկարելի է ճանչնալ, եթէ անոնք չեն յայտնուած ի վերուստ։ Անշուշտ, Աստուած իր երրորդութենական էութենէն հետքեր թողուցած է իր արարչագործութեան, ինչպէս նաեւ իր Յայտնութեան մէջ՝ Հին կտակարանին ամբողջ ընթացքին։ Սակայն իր ներհուն Էութիւնը իբրեւ Սուրբ Երրորդութիւն՝ անմատչելի խորհուրդ մը կը մնայ թէ՛ մարդու մտքին, թէ՛ Իսրայէլի հաւատքին համար, նախքան Աստուծոյ Որդիին Մարդեղութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին առաքումը։
Արդ տեսնենք, թէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի ի՛նչ կ՚ըսէ Ամենասուրբ Երրորդութեան մասին, իր «Ոսկեփորիկ»ի մէջ։
«Որովհետեւ ճշմարի՛տ է Սուրբ Երրորդութիւնը.- Աստուած հոգի է եւ անոր երկրպագողները հարկ է, որ հոգիով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագեն. (ՅՈՎՀ. Դ 24)։ Բովանդակ Աստուածաշունչ սուրբ գիրքը եւ հոգելից վարդապետները կը սորվեցնեն եւ կը դաւանեն աստուածային անեղ էութիւնը՝ երեք անձերով եւ մէկ բնութեամբ։ Այս պատճառով նաեւ մեզ հարկ է անոր երկրպագել եւ պաշտել, որովհետեւ ով որ կարիք ունի աչքի, հարկ է, որ հաւատայ զանազան գոյներ տեսնողերուն, ինչպէս նաեւ՝ խուլը պարտաւոր է հաւատալ, թէ կան ախորժալուր ձայնեղանակներ։
«Եւ այս այսպէս է երկու պատճառով։
«Նախ՝ թէպէտ մարդ մէկ զգայնութիւն չունի, բայց ունի չորս զգայնութիւն՝ որով կը հմտանայ զգալի իրերու ընկալման մէջ։
«Երկրորդ՝ բազում են անոնք, որ կը վկայեն, թէ իրենց բոլոր զգայութիւնները կատարեալ են։ Ուրեմն՝ անոնք, որ չունին սրատես աչք, պէտք է հաւատան տեսնողներուն։ Նոյնպէս մենք, որ կուրացած ենք մեղքով, պարտաւոր ենք հաւատալ սուրբ առաքեալներուն, մարգարէներուն եւ աստուածաբան վարդապետներուն, որովհետեւ անոնք հոգեւոր տեսանողներ են…
«Ինչպէս Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ.- Ամենայն ինչ, որ լսեցի իմ Հօրմէս, ձեզ հաղորդեցի, եւ դուք վկայեցիք իմ մասին. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15), եւ դարձեալ, Նիկոդէմոս Յիսուսի կ՚ըսէ.- Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասնզի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ՚ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ. (ՅՈՎՀ. Գ 2)։ Այս բոլորը կ՚ակնարկեն Սուրբ Երրորդութիւնը անով, որ Աստուած կ՚անուանուի Հայր Աստուած, եկածին՝ Որդի, գործակից՝ Սուրբ Հոգիին։ Եւ դարձեալ Սուրբ Երրորդութիւնը հիմնուած է այն խօսքով, որ կ՚ըսէ.- Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մարդ մը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել։ Մարմինէն ծնածը մարմին է եւ Հոգիէն ծնածը հոգի է. (ՅՈՎՀ. Գ 5-6)։ Եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.- Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէ՛ք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։
«Հին կտակարանի մէջ Եսայի կ՚ըսէ. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր զօրութիւններու» (ԵՍ. Զ 3), երեք անգամ Սուրբ ըսելով կ՚ակնարկէ երեք անձերու եւ մէկ անգամ Տէր ըսելով՝ բնութիւնը։ Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ.- Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է, այդ պատճառով իսկ օծեց զիս. (ԵՍ. ԿԱ 1)։ Եւ Իսրայէլին կ՚ըսէ.- Ես եւ իմ Հոգին, եւ իմ խօսքը քու մէջ է. (ԵՍ. ԾԹ 21)։
«Եսայի մարգարէէն բերուած վկայութիւնները թուով տասնմէկ են։
«Ինչպէս բոլոր էութիւններու համար ընդհանուր է մէկ նախասկզբնական էութիւնը, այնպէս ալ բոլոր շարժումներու համար ընդհանուր է, մէկ է նախասկզբնական շարժումը։ Եւ քանզի շարժումը ծնունդ է, այդ պատճառով Աստուած, որ ամբողջապէս նախասկզբնական էութիւն է, երկու ծնունդ ունի՝ մէկը բանական, որ իմացութիւնն է, եւ միւսը՝ կամաւորական, որ Իր կամենալն է։ Եւ այսպէս՝ Որդին Հօր իմաստութիւնն է եւ Սուրբ Հոգին՝ անոր կամքը։
«Ամէն ինչ, որ ունի կարգ, հա՛րկ է որ ըլլայ առաջին, միջին եւ վերջին։ Կարգ ունի նաեւ Աստուած, ինչպէս կ՚ըսէ Արիստոտելը, Աստուած ունի բոլոր կարգերը, որոնք պաշտելի են ԵՐԵՔ թուով…»։
Ջանացինք համառօտ ներկայացնել Ս. Երրորդութիւնը՝ Սուրբ Տաթեւացիի խօսքերով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 12, 2025, Իսթանպուլ