«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»Ը ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ Շիրակի մարզէն ներս նախատեսուած «Չոր նաւահանգիստ» ծրագիրը կրնայ դառնալ տարածաշրջանային բեռնափոխադրութեան լրջագոյն հանգոյց մը։ Հարկ է նշել, որ «Չոր նաւահանգիստ»ը արդիւնաբերական գօտիի ստեղծման ծրագիր մըն է, կատարուած են թեքնիքատնտեսական ուսումնասիրութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Գէորգ Պապոյեան տարուայ ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը միայն գաղափարախօսութեան չի վերաբերիր, այլ յստակ ծրագիր մըն է, որ կ՚ենթադրէ առաջին հերթին Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհի ամբողջական կառուցումն ու գործարկումը։ Նախագիծը նաեւ կ՚ենթադրէ երկաթուղային ցանցի առաջնահերթօրէն զարգացումը։
Նախարարը համոզուած է, թէ ամէն ինչ իրագործելի է եւ թեքնիքատնտեսական հետազօտութեամբ յայտնի է, որ յստակ ինչ գործողութիւններու կարիք կայ։
Անդրադառնալով վիճակագրական տուեալներու՝ Պապոյեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացած է եւ պետութեան նպատակն է այս տարի ունենալ 5,5 տոկոս տնտեսական աճ։ Յամենայնդէպս, եթէ Ամուլսարի հանքը չաշխատի, ապա աճը աւելի քիչ կ՚ըլլայ։