ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս, Գալիֆորնիոյ մէջ ծագած հրդեհները կը շարունակեն միջազգային անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին արձագանգեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ համերաշխութիւն յայտնեց Գալիֆորնիա նահանգի անտառային հրդեհներէն տուժածներուն՝ ներառեալ տեղւոյն բնակիչ ամերիկահայերուն։

«Մեր միտքերը Գալիֆորնիայի բնակիչներու հետ են, երբ անոնք կը բախուին աւերիչ անտառային հրդեհներու։ Հայաստան կը յայտնէ համերաշխութիւնը տուժածներուն՝ ներառեալ Լոս Անճելըսի եւ ամբողջ Գալիֆորնիայի կենսունակ մեր համայնքին։ Հոգիով ձեզի հետ ենք եւ ուժ կը մաղթենք այս ողբերգական պահուն», նշած է վարչապետը։

Հարկ է յիշեցնել, որ հրդեհի հետեւանքով այրած էր Սահակ-Մեսրոպ հայկական դպրոցը, որու շուրջ երկու հարիւր աշակերտները յառաջիկայ շրջանին պիտի յաճախեն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնը, որպէսզի ընդհատուի իրենց ուսումը։

Լոս Անճելըսի եւ շրջակայքին, ըստ այժմու տուեալներուն, 25 հոգիի կեանք խլած են անտառային հրդեհները՝ թէեւ չի բացառուիր, որ զոհերու թիւը ըլլայ աւելի բարձր։ CNN-ի հաղորդումներով, հրդեհը պատճառ դարձած է աւելի քան 250 միլիառ ամերիկեան տոլարի վնասի։ Աւելի քան 155 քառակուսի քիլօմեթր տարածքի մը վրայ զբացուած է հրդեհին ազդեցութիւնը։ Տարհանուած է շրջանի աւելի քան 92 հազար բնակիչ։

Իր կարգին, հայաշատ Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլէն Ասատրեան բնակիչներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի հնազանդին անվտանգութեան կանոններուն։ Ան առկայ արտակարգ իրավիճակին վերաբերեալ հրապարակեց մանրամասնութիւններ՝ շեշտելով, նոր եղանակային ծայրայեղ պայմանները բարդացուցած են ու կը բարդացնեն ամէն ինչ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2025