ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻՆ ՄԱՀԸ

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը կը սգայ խախամապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւայի տխուր կորուստը։ 85-ամեայ հոգեւոր առաջնորդին մահը երէկ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս կապակցութեամբ փոխանցեց իր վշտակցութիւնները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ցաւակցական մը ուղարկեց րաբունապետարան։

Երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ հրեայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդն էր Ռաւ Իսհաք Հալեւա, որ տասնամեակներու ծառայութեան տեւողութեան ճանցչուած էր՝ որպէս համեստ ու ժողովրդական մարդ։ Ան Հանրապետական շրջանի երրորդ խախամապետն էր։

Ռաւ Իսհաք Հալեւա 1940 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Պէյօղլուի հրէից լիսէն աւարտելէ վերջ, բարձրագոյն ուսման համար մեկնած էր Երուսաղէմ, ուր աւարտած էր «Փորատ Եոսէֆ» աստուածաբանական ակադեմիան։ 1961-ին վերադարձած էր Թուրքիա՝ սկսելով զանազան դիրքերու վրայ կրօնական ծառայութիւնը հրեայ համայնքին համար։ Պէյօղլուի հրէից լիսէին մէջ դասաւանդած էր կրօնագիտութիւն։ «Մարմարա» եւ «Սաքարիա» համալսարաններու աստուածաբանական ֆաքիւլթէներուն մէջ մագիստրոսի ուսանողներուն համար դասաւանդած էր եբրայերէն եւ հրէական կրօնի մշակոյթ։

2002 թուականին ընտրուած էր խախամապետ՝ յաջորդելով Ռաւ Տաւիտ Ասէոյին։ Եօթ տարին անգամ մը կատարուած ընտրութիւններով վերընտրուած էր։

Եբրայերէնի եւ արամերէնի առընթեր գիտէր անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն։ Կը տիրապետէր նաեւ լատինոյի, որ Թուրքիոյ հրեաներու աւանդական լեզուն է։

Բացի իր գլխաւորած համայնքի կրօնական կարիքներուն ծառայելէ, ան միշտ հետամուտ եղած էր հանդուրժողութեան, խաղաղութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան։

Յառաջիկայ օրերուն յուղարկաւորուելէ վերջ, Ռաւ Իսհաք Հալեւայի մարմինը պիտի ամփոփուի Ուլուսի հրէից գերեզմանատան մէջ։

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հալեւայի մահուան առթիւ խախամապետարան ուղարկած ցաւակցականին մէջ յատկապէս վերյիշեց հանգուցեալի շինիչ երկխօսութիւնը, Պատրիարքական Աթոռին հետ մշակած ջերմ յարաբերութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւորապէս մատնանշեց մանկավարժական գետնի վրայ հանգուցեալին տարած աշխատանքը։ Հուսկ, ան թրքահայութեան անունով բաժնեց հրեայ համայնքի սուգը եւ յայտնեց ցաւակցութիւններ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2025