ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն զգալի յառաջընթաց ապրեցան, երէկ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեցին։ Այսպէս, Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Ուաշինկթընի մէջ։
Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան ստորագրումը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութեան մը պայմաններուն ներքեւ։ Այս առթիւ Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ իր երկիրը կ՚աշխատի Հայաստանի հետ՝ ամրապնդելու ջանքերը ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։ «Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողով մը, ինչ որ կ՚ենթադրէ ընդլայնել համագործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներէն ներս», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ԱՄՆ-էն մաքսային եւ սահմանային պարեկային խումբ մը պիտի ուղարկուի Հայաստան՝ աշխատելու համար սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի ջանքերուն համար՝ ուղղեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ամբողջականութեան եւ Հայաստանի անկախութեան աջակցելու համար։ «Երեւան յանձնառու է խաղաղութեան օրակարգին եւ անոր իրագործման, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ՝ այս ընդհանուր նպատակին հասնելու համար», ըսաւ ան։ Ուաշինկթընի մէջ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան կը գնահատէ ԱՄՆ-ի հաստատուն աջակցութիւնը իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան պատրաստակամ է աշխատելու ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմին հետ։
Ինչ կը վերաբերի կանոնագրին, ապա Միրզոյեան նշեց, որ այդ մէկը կ՚ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ. օրինակ՝ տնտեսութիւն եւ ուժանիւթի կապերու ամրապնդում, հաղորդակցութիւններ, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութեան խորացում, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանում, նորարարութիւններու եւ բարձր փորձագիտութիւններու զարգացում, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու ընդլայնում։ «Մենք նաեւ կը սկսինք բանակցութիւններ ԱՄՆ-ի հետ միջուկային համագործակցութեան համաձայնագրի շուրջ։ Սա յայտնի է՝ որպէս «123-րդ համաձայնագիր»։ Ան կ՚ընձեռէ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման հարցին մէջ համագործակցութեան շրջանակ եւ կը նշանաւորէ մեր յանձնառութիւնը միջուկային ուժանիւթի խաղաղ զարգացման՝ ապահովութեան, անվտանգութեան եւ չտարածման ամենաբարձր չափանիշներով», ընդգծեց Միրզոյեան։
Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ մատնանշեց, որ համաշխարհային անվտանգութեան նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեան ոգիով Հայաստան մտադիր է միանալ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ «Մենք կը հաւատանք, որ համատեղ գործողութիւնները էական նշանակութիւն ունին այս սպառնալիքի հասցէագրման գործին մէջ», ըսան ան։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի վերոյիշեալ հաղորդումներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս հրապարակեց ԱՄՆ-ի հետ ստորագրուած ռազմական գործընկերութեան վերաբերեալ կանոնադրութեան թեքստը։ Հինգ բաժինէ կը բաղկանայ այս կանոնադրութիւնը։ Բացի նախաբանէն, այդ հինգ բաժինները խորագրուած են ըստ հետեւեալի.
Գործընկերութեան սկզբունքները (1), տնտեսական, առեւտրային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի համագործակցութիւն (2), պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն (3), ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան եւ ներառման ամրապնդում (4) եւ մարդկային կապերու եւ մշակութային փոխանակումներու խթանում (5)։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքի այս իրադարձութիւնները Մոսկուայի ուշադրութենէն ալ չսպրդեցան։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է յարաբերութիւններ զարգացնելը ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ։ Ըստ Լաւրովի՝ էական չէ, թէ ով եւ ինչ ստորագրած է եւ ինչպէս կը կոչուի փաստաթուղթը։ «Էականը այն է, թէ ինչ կը բխի այդ մէկէն։ Մենք ալ կ՚օգտագործենք «ռազմավարական գործընկերութիւն» եզրոյթը արեւմտեան երկիրներու հետ շարք մը համաձայնագրերու մէջ, սակայն, այդ համաձայնագրերը երբեք այս կամ այն մասնակիցէ չեն պահանջած գործել երրորդ երկրի մը դէմ», ըսաւ ան։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ փուլին անդրադառնալով՝ Լաւրով ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի այսօրուայ յարաբերութիւններուն, ապա պաշտօնական մակարդակով անոնք հասարակ ու դիւրին չեն»։ Լաւրով աւելցուց, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամը, ինչ որ անհամատեղելի է Եւրոմիութեան անդամակցութեան հետ։
Բաց աստի, Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ Արարատ Միրզոյեան հրաւիրուած է Ռուսաստան եւ իր այցելութիւնը տեղի կրնայ ունենալ մօտակայ ժամանակներուն։
Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է։